Ռայի Պատրիարքը Շնորհակալութիւն Յայտնեց Պրազիլի` Լիբանանցիները Հիւրընկալելու Եւ Անոնց Յաջողութեան Նպաստելու Համար

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Պրազիլ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սաօ Փաուլոյի կառավարիչ Ժերալտօ Ալքմինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլի` լիբանանցիները հիւրընկալելուն եւ անոնց յաջողութեան նպաստելուն համար:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ պետութիւններուն օժանդակելու անոր, որպէսզի կարենայ տոկալ սուրիացի գաղթականներուն բեռին եւ դիմակայել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցիները խաղաղասէր են եւ ոչ պատերազմ բռնկեցնող ընկերութիւններ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան փոքր երկիր է, բայց անոր պատգամը մեծ է:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած ոճիրները մարդկութեան դէմ ոճիրներ են` ընդգծելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES