Պըրրի Ընդունեց Մաթար Եպիսկոպոսը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերը:
Հանդիպումէն ետք Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահին մօտ գործուղուած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Մաթար եպիսկոպոս հաստատեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու կարեւորութիւնը:
«Կարելի չէ Լիբանանի գերագոյն շահերը վտանգել, այլ անհրաժեշտ է յանգիլ համախոհական ընտրական օրէնքի մը: Այս առիթով յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատին համախոհական օրէնք մը մշակելու ուղղութեամբ», ըսաւ Մաթար եպիսկոպոս` շեշտելով, որ այս պահանջը Լիբանանին պահանջն է եւ երբ երկիրը կը պահանջէ, ապա բոլորս պէտք է փութանք իրականացնելու անոր պահանջը:
Կը նախատեսուէր, որ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երեկոյեան հանդիպում մը ունենար նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:


