Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Վատիկան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս պապը մաղթեց, որ միջազգային ընտանիքը յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրէ` հոգալու համար Սուրիոյ դրացի երկիրները հասած սուրիացի միլիոնաւոր գաղթականներուն կարիքները` նկատի ունենալով, որ անոնք ծանր բեռ դարձած են այդ պետութիւններուն մարդկային իրավիճակին:
Վատիկան իր կատարած այցելութենէն ետք նախագահ Սլէյման անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա նախագահ Սլէյմանի եւ Ֆրանչիսկոս պապին միջեւ հանդիպումը կարեւոր նկատեց` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ տիրող քրիստոնէական կացութիւնն ու հետաքրքրութիւնները:


