Վարդանեան Կոչ Կ՛ուղղէ Դաշնակցականի Արժանապատուութեամբ Երթալու Ընտրութեան

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Երեւանի աւագանիի ՀՅԴ համամասնական ցուցակի երկրորդ տեղը գրաւող Աղուան Վարդանեան ՀՅԴ-ի համակիրներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ իշխող կուսակցութիւնը քարոզարշաւ չէ կատարած, ձեւացուցած է, որ քարոզարշաւ կը կատարէ, փոխարէնը այս ընթացքին օգտագործած է պետական բոլոր միջոցները ժողովուրդին ձայնը ստանալու համար:

Ան նշեց, որ իշխանութիւնները տարբեր ձեւերով կը փորձեն ազդել իրենց յանձնախումբի անդամներուն վրայ: «Ատիկա իշխանութիւններուն ձեւն է, մեզի միայն կը մնայ ընտրատեղամասերուն մէջ ձեր քուէն պահել», ըսաւ Վարդանեան: Ան աւելցուց, որ որքան ալ դժուար ըլլայ, իրենք պէտք չէ ընկճուին, որովհետեւ ճնշումը դաշնակցականի համար չէ:

Ան համակիրներուն կոչ ուղղեց, յատկապէս` ընտրական յանձնախումբերու անդամներուն զգուշ ըլլալու, չվախնալու: «Մի՛ վախնաք բանէ մը, գիտցէք, որ որեւէ պահու Դաշնակցութիւնը ձեզի հետ է: Ես վստահ եմ, որ մեր հասարակութիւնը կը հասկնայ` ով ով է, եւ Դաշնակցութիւնը բոլորին համար անակնկալ շատ ձայն պիտի հաւաքէ: Գերագոյն մարմինի անունով կը յորդորենք, կը խնդրենք եւ կը պահանջենք` այս գործը կատարեցէք դաշնակցականի արժանապատուութեամբ: Յաջողութիւն բոլորիս եւ յաղթանակ»:

Share this Article
CATEGORIES