«Եթէ Ոեւէ Մէկը Հրաժարի Յետընտրական Դաշինքէն` Քաղաքական Դիակ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան չցանկաց կանխատեսել, թէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ն քանի տոկոս ձայն կրնայ հաւաքել` նշելով, որ կանխատեսում ընելը անշնորհակալ գործ է:

Ռուստամեան կարեւոր եւ հիմնական խնդիր նկատեց այն կէտը, որ ոչ իշխանական ուժերը կրնան վերահսկել ընտրութիւնները, գոնէ տեղամասերուն մէջ փորձել ձայները պահել, ինչպէս նաեւ արձանագրել ընտրատեղամասերէն դուրս իշխանութեան կողմէ կիրարկուող յայտնի միջոցները: Ըստ Ռուստամեանի, եթէ կարելի ըլլայ լրջագոյնս վերահսկել ընտրութիւնները, իշխանութիւնները չեն կրնար մեծամասնութիւն ունենալ: Ընդդիմութիւնը չունի այն գործիքները, զորս իշխանութիւնները ունին, ուստի ընդդիմութիւնը պէտք է քաղաքական աշխուժութիւն ցուցաբերէ:

Նախընտրական դաշինքը չյաջողեցաւ, բայց հիմա ալ յետընտրական դաշինքի մասին ոչ իշխանական ուժերը կցկտուր յայտարարութիւններ կը կատարեն, բայց յստակ յայտարարութիւն չի հնչեր: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը վստահ է, որ կարելի է քաղաքապետը փոխել միայն ոչ իշխանական ուժերու յետընտրական դաշինքի միջոցով: «Անհրաժեշտ է ձայները պահել: Պէտք է ընտրողը իմանայ, որ ընդդիմութեան ձայն տալով, նպաստած է իշխանութիւններու փոփոխութեան: Եթէ մէկ անգամ հիասթափեցնենք մեր սխալ պահուածքով, շատ վատ պիտի ըլլայ: Դաշնակցութիւնը չէ մտած  այս պայքարին մէջ մէկ-երկու պաշտօն աւելի կամ պակաս ունենալու համար, պայքարի մէջ մտած ենք լուրջ ակնկալիքներով` փոխել քաղաքապետը եւ Երեւանով փոխել Հայաստանը: Կարեւոր չէ, որ ընդդիմադիր դաշտին մէջ ո՛վ որքան ձայն պիտի հաւաքէ, կարեւորը այն է, որ պիտի ըլլայ յետընտրական դաշինք ոչ իշխանական ուժերու միջեւ», յայտարարեց ան:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, որ արդեօք կարելի՞ է, որ յետընտրական դաշինքը ոչ իշխանական ուժերուն միջեւ տեղի չունենայ քաղաքապետի անձին շուրջ համաձայնութեան չգալու  պատճառով, Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը նախընտրական հանգրուանին ալ պատրաստ էր իր ձգտումները զերոյացնել. կ՛առաջարկէին, որ միասնական ցուցակը գլխաւորէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, բայց դարձեալ յաջողութիւն չարձանագրուեցաւ: Դաշնակցական պատգամաւորը վստահեցուց, որ եթէ որեւէ ոչ իշխանական ուժ հրաժարի յետընտրական դաշինքէն, յստակ կը դառնայ անոր աւարտը` քաղաքական դիակ կը դառնայ: Ան նշեց, որ բոլոր ոչ իշխանական ուժերուն հետ ալ Դաշնակցութիւնը բնականոն յարաբերութիւններու մէջ է:

Share this Article
CATEGORIES