50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 20 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԵՀԱՊԻ ԱՅՑԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՅՆ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐՈՎ
ՊԻՏԻ ՈՂՋՈՒՆԷ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Վաղը, կիրակի, 21 մայիս, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապ պաշտօնապէս պիտի այցելէ Անթիլիաս եւ ներկայ պիտի գտնուի Հոգեգալստեան պատարագին:
Նախագահական այս այցելութիւնը գործնապէս յարգանքի արտայայտութիւն մըն է` հանդէպ կիլիկեան թեմերու հայութեան հոգեւոր պետին` վեհափառ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի անձին: Սակայն, իրողապէս, այդ յարգանքը ուղղուած է- ընդհանրականօրէն, կիլիկեան թեմերու Հայ. առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին:
Ողջունելով եւ մեծարելով այս սիրելի հայրենիքին առաջին քաղաքացին` Կիլիկեան Աթոռին մէջ, վեհափառ հայրապետը եւ հոգեւոր թէ աշխարհիկ հանդիսութեանց մասնակից հայ ժողովուրդը խորհրդանշաբար արտայայտած պիտի ըլլան բովանդակ հայութեան երախտագիտական զգացումները` հանդէպ լիբանանցի ժողովուրդին եւ լիբանանեան կառավարութեան: Ու կը հաւատանք, թէ ընծայուած մեծարանքն ու յարգանքը վայել պիտի ըլլան մեր ժողովուրդի հաւատարմութեան, քաղաքացիական խոր գիտակցութեան եւ սիրոյ զգացումներուն:
Անթիլիասի տաճարը, շրջափակն ու մերձակայ ճամբաները վստահօրէն նեղ պիտի գան` պարփակելու համար ժողովրդային այն հսկայ զանգուածները, որոնք այլ առիթներով ալ խմբուած են հոն, բացառապէս հոգեխռով այդ մթնոլորտին մէջ: Մինչեւ ծովափ տարածուող ալեծուփ այդ բազմութիւնը ապահովաբար ամբողջական եւ ստոյգ գաղափար մը պիտի կարենայ տալ օրուան հիւրին, մեր ժողովուրդի միահամուռ եւ անբաժանելի կամքին, ու հաւատքին մասին` դէպի հոգեւոր իր կեդրոնը:
Մենք հպարտառիթ դէպք նկատած էինք իր առաջին այցը` Կիլիկեան Աթոռ: Հպարտ ենք եւ այսօր, եւ վստահ, որ այս ասպնջական երկրին սիրելի նախագահը ուրախ եւ հպարտ պիտի զգայ ինքզինք` կիլիկեան թեմերու հայութեան արժանաւոր այդ ներկայացուցիչներուն մօտ անգամ մը եւս հաստատելով անխախտ հաւատքի, հայրենակցական եւ քաղաքացիական կենդանի ապրումներու, խանդավառութեան եւ սիրոյ, երախտագիտութեան անսահման գուրգուրանքի արտայայտութիւնները:
Վստահ ենք, որ լիբանանահայութիւնը ազգային թէ եկեղեցական կրկնակ տօնակատարութեան մը դրոշմը պիտի տայ Անթիլիասի Հոգեգալստեան պատարագին ու խորհրդանշական այդ օրուան զուգադիպող նախագահական այցելութեան:
Հոն պիտի ըլլանք բոլորս` հաւատացեալ ժողովուրդի եւ ազգային գիտակցութեան տէր հաւաքականութեան մը վայել կարգապահութեամբ, պատշաճ ու լուրջ կեցուածքով:
ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԶՄՄԱՌԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երեքշաբթի առաւօտ, ամսոյս 9:00-ին, Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ` այցելութիւն մը տուաւ Զմմառի դարաւոր վանքին:
Վանքի մուտքին, մեծաւոր գերյարգելի վարդապետը, շրջապատուած վանաբնակ վարդապետներով, բարեգալուստ մաղթեց վեհափառին, մինչ փոքրիկ ժառանգաւորները ծափերով կ՛ողջունէին զայն: Վեհափառին կ՛ընկերանար Բերիոյ թեմին առաջնորդը` Ղեւոնդ սրբազան:
Նորին վեհափառութիւնը առաջնորդուեցաւ Զմմառի Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, հոգեպարար կարճատեւ աղօթքէ մը ետք` Վանքին գեղածիծաղ դահլիճը:
Բարեգալուստի բաժակին յաջորդեց մտերմական խօսակցութիւն մը` համեմուած Գերմանիկի (Մարաշի) յուշերով:
Կէսօրին Ն. Ս. Օծութիւնը հրաւիրուեցաւ վանքին սեղանը պատուելու: Ճաշկերոյթը վանական հանդիսականութեամբ կատարուեցաւ. փոխադարձ բաժակաճառեր, զուարթաբանութիւններ ժպիտով օծեցին սեղանը:
Յետ ճաշին, վանքի դահլիճին մէջ, փոքրիկ ժառանգաւորները, ի պատիւ Ն. Ս. Օծութեան, երգեցին անմեղունակ ձայներով` «Քայլերգ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի», «Աղաչեա» եւ ազգային երգեր:
Ժառանգաւոր Վարուժան Տոլպագեան ի դիմաց ժառանգաւորներուն` բարեգալուստի, հրճուանքի եւ մաղթանքի ուղերձ մը կարդաց Ն. Ս. Օծութեան:
Նորին վեհափառութիւնը ուղերձին պատասխանեց գնահատանքի խօսքերով` հանդէպ Զմմառեան բազմարդիւն միաբաններուն, յորդորեց փոքրիկները կառչելու իրենց բարձր տեսլականին, ձգտելու ըլլալ լաւ մարդ, հարազատ հայ, ճշմարիտ քրիստոնեայ, եւ մաղթեց հասնիլ քահանայութեան սուրբ աստիճանին:
Ապա Ն. Ս. Օծութիւնը բարեհաճութիւնն ունեցաւ, իր բոլոր շքախումբով, նախ այցելելու Զմմառի որբանոց, որ արդիւնաւոր կերպով կը վարեն Անարատ յղութեան հայ մայրապետները: Հանդիպումը յուզումնալից եղաւ, Ն. Ս. Օծութեան խօսքը` հայրական, որբուհիներու ուրախութիւնը` մեծ:
Վերադարձին զանց չըրաւ նաեւ այցելելու Ժունիէի Զմմառի պատրիարքական դպրեվանքը:
Ժառանգաւորներուն համար օրը պատմական էր, իսկ ամէնուն համար`վերյիշումներով եւ իղձերով առլի:
Կ. ՇԵՐԱՄԵԱՆ
«Մասիս»
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ
Երէկ` ուրբաթ կէսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին, Լիբանանի ազգային երաժշտանոցին մէջ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ ի պատիւ աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի:
Ընդունելութեան ներկայ եղաւ նախկին կրթական նախարար Քամալ Ժոմպլաթ, որ այս առիթով խօսեցաւ գեղեցիկ ճառ մը` վեր հանելով երաժշտութեան դերը ժողովուրդներու իրերհասկացողութեան մարզին մէջ: Ճառախօսը դրուատեց նաեւ Արամ Խաչատուրեանի երգահանի արժանիքները:
Նախապէս մեծ երգահանին ներկայացուեցան լիբանանցի երգահանները եւ անոնց հեղինակութիւններէն նմուշներ նուագուեցան նուագախումբով կամ ձայնագիր մեքենայի վրայ:
Ի վերջոյ, երաժշտանոցի վերի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ քոքթէյլ մը` ի ներկայութեան բազմաթիւ երաժիշտներու եւ հրաւիրեալներու: