Շաբաթ, 25 Մայիսին Ճատրակի Մրցաշարք` Հովանաւորութեամբ Մէյս Ժապալի Քաղաքապետին
Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին, «Մէյս Ժապալի ճատրակի միջազգային մրցաշարք» անուան տակ:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի:
7 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլորը անխտիր, այն պայմանով սակայն, որ անոնք նախօրօք իրենց անունները արձանագրած ըլլան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին` Շըհատէ Ապու Նըմրիին մօտ` հեռաձայնելով 03-955700 թիւին:
Բոլոր մասնակցողներուն փոխադրութիւնը ապահովուած է ձրիօրէն: Անոնք կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան Մէյս Ժապալի քաղաքապետութեան, իսկ մրցաշարքին մասնակցութիւնը ամբողջութեամբ անվճար է:
Մրցաշարքին յատկացուած ընդհանուր գումարն է 2000 ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ նիւթական պարգեւներ ստանալէ բացի, մրցանակակիրները պիտի ստանան նաեւ բաժակներ եւ մետալներ:

