Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործերը անձամբ կատարելու եւ յաջողութեամբ աւարտելու գոհունակութիւնը պիտի ունենաք: Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի զարգանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր արտաքին տեսքը խնամելու ժամանակ տուէք, Ձեր ներկայանալիք վայրը կը պահանջէ վայելչութիւն: Նկատի առէք այս:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կերէք հաւասարակշռուած կերպով եւ յարգելով այլազան տեսականին ճաշերու: Կարեւոր է նաեւ ժումերու ժամանակը: Առողջութիւնը առաջնային նկատեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր նախաձեռնութիւնները պիտի յաջողին, հետեւաբար օրը պիտի ըլլայ իրաւամբ ուրախանալի: Պիտի մնաք անհոգ` այս իրագործման առիթով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ պէտք է գիտնաք չափաւորել աշխատելու եւ հանգիստի ժամերը, որպէսզի բնական վիճակ մը ունենաք` դիմագրաւելու օրուան հարցերը: Կանոնաւորութիւն կը թելադրուի ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պարբերաբար հանգիստի պահեր ստեղծելը պիտի օգնէ ձեր ուղեղին աշխուժութեան, լաւ մտածելու եւ ճիշդ որոշում տալու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պատրաստ պիտի ըլլաք անցնելու մէկ հանգրուանը ձեր կեանքին: Ձեր բախտին աստղերը պիտի օգնեն ձեզի` շրջանցելու այս հանգրուանը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր շրջապատին, ձեր ծանօթներուն հետ պիտի անցընէք օրը, որ պիտի ստեղծէ հաճելի տրամադրութիւն: Այս պարագային, սակայն, մի՛ մոռնաք, որ տունը սպասողներ ունիք: Մոռացկոտ մի՛ ըլլաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քունը կարեւոր է` առողջ մնալու: Մտածեցէք այս մասին եւ ջանացէք կանոնաւորել ձեր քունը` յարգելով քունի ժամերը: Այս կերպը պիտի փայլեցնէ ձեր գեղեցկութիւնը: Անքնութիւնը կը տգեղցնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բարեկամներուն եւ անոնց բարեկամներուն հետ պիտի ունենաք հանդիպում մը` հաճելի եւ շինիչ: Մնացէք անոնց ընկերակցութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցած-գացած հարցերու մասին մտածելով եւ անոնց մանրամասնութիւնները քննարկելով` ձեր հանգիստ օրը մի՛ խանգարէք: Նայեցէք, որ ձեր աշխատանքերը իրագործէք յաջողութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք տնային աշխատանքներ, որոնք կրնան յոգնեցնել ձեզ: Լաւ կ՛ընէք, եթէ այդ աշխատանքը նոյն օրը չկատարէք, որպէսզի չյոգնիք: Պարբերաբար հանգստացէք:

