50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1963)

Տ. Խորէն Արք. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Հանդիսաւոր Եւ Վեհաշուք Մթնոլորտի Մը Մէջ
Պատգամաւորները Միաձայնութեամբ Ընտրեցին
Կիլիկեան Աթոռի Գահակալը

Նորընտիր Կաթողիկոսը Ողջոյնի Իր Առաջին Խօսքը
Ուղղեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին

Կիրակի, 5 մայիս 1963, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ, փառաշուք օր մը անցուց եւ Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը պատմական անմոռանալի թուական մը արձանագրեց:

Հաւատացեալ ժողովուրդը, խուռներամ  բազմութեամբ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ արդէն լեցուցած էր վանքը իր շրջափակով:

Ս. պատարագը, հոգեզմայլ երգեցողութեամբ, բարձրախօսներով լսելի կը դառնար չորս կողմերէն:

Պատարագիչն էր Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը ոչ մէկ անգամ այսքան չէր փառաւորուած հոգեւորականներու պատկառելի ներկայութեամբ: Արդարեւ, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու աբեղաներու եւ քահանաներու բազմաշարք ներկայութիւնը առաւել շքեղութեամբ մը կը փառաւորէր Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղապահ Խորէն արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, մեծաշուք թափօր մը, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու, սարկաւագներու, դպրեվանքի սաներու եւ պատգամաւորներու, ուղղուեցաւ դէպի երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի թարմ հողակոյտը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յուզիչ արարողութիւն: Ամերիկահայ պատգամաւորներուն կողմէ ծաղկեխաչ մը զետեղուեցաւ:

Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը պարպուեցաւ եւ դռները փակուեցան:

Վեհարանի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուն էր Լիբանանէն եւ հեռաւոր Ամերիկայէն, Պարսկաստանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն ու Սուրիայէն եկած պատգամաւորներով ու հիւրերով:

Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտ մը կը տիրէր:

Կեդրոնական յանձնախումբը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները աւարտած էր ու հաւատացեալ բազմահազար ժողովուրդը դպրեվանքի շրջափակին մէջ անհամբեր կը սպասէր: Պատգամաւորական ժողովի գումարման պահն էր: Պիտի ընտրուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր գահակալը:

Պատգամաւորները, եկեղեցական դասը եւ տեղապահ սրբազանը, հաւատացեալներու երկարատեւ ծափերուն արժանանալով, վեհարանէն հանդիսաւոր թափօրով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կազմած երկշարք շղթային մէջէն մուտք գործեցին մայր տաճար:

Դռները փակուեցան եւ բացուեցաւ Պատգամաւորական ժողովը:

Տեղապահ սրբազանին աղօթքէն ետք պատգամաւորներու երիցագոյն անդամ Յակոբ Տէր Մելքոնեան ատենապետ եւ կրտսերագոյն անդամ մեթր Վարդգէս Շամլեան ատենադպիր` կազմեցին առժամեայ դիւանը` կատարելու համար պատգամաւորներու լիազօրագրերուն ստուգումը:

Պատգամաւորները, ըստ կարգի, նախ տեղապահ սրբազանը, ապա արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, վարդապետները, աբեղաները, քահանայ հայրերն ու պատգամաւորները Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Ամերիկայի, Թեհրանի, Իրանա-Հնդկաստանի, Ատրպատականի եւ Յունաստանի, իրենց լիազօրագրերը ներկայացնելով` ստորագրեցին դիւանի տոմարին մէջ:

91-ի վրայ 85 պատգամաւորներ ներկայ եղան: Վեց հոգի կը բացակայէին բանաւոր պատճառներով:

Ժողովի մնայուն դիւանի անդամ ընտրուեցան` ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան, Ա. ատենադպիր Վարդգէս Շամլեան եւ Բ. ատենադպիր Ալպերթ Պեռնարտի:

Առաջին քուէարկութեամբ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսական թեկնածու երեք եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը իր միաբանական ընդհանուր ժողովին մէջ ընտրած էր հնգանուն ցանկը թեկնածուներու: Իւրաքանչիւր պատգամաւոր, սակայն, ազատ էր 40 տարիքը լրացուցած, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատկանող ոեւէ եպիսկոպոս ընտրելու:

Իւրաքանչիւր պատգամաւոր իր եռանուն քուէն նետեց քուէատուփ:

Երկրորդ քուէարկութեամբ, վերոյիշեալ սրբազաններէն ան, որ առաւելագոյն քուէն պիտի ստանար, պիտի դառնար Կիլիկիոյ Աթոռին նոր գահակալը:

Պահը յուզիչ էր ու պատմական:

Գարեգին վրդ. Սարգիսեան բարձրախօսին առջեւ կը կարդար Խորէն արքեպիսկոպոս, Խորէն սրբազան, Խորէն Բարոյեան: Շատ չանցած` խանդավառ ծափերը այլեւս լսելի չէին դարձներ հայր սուրբին ձայնը: Բոլոր լոյսերը վառուեցան եւ մայր տաճարին զանգերը սկսան ուրախ ղօղանջել` աւետելով նոր գահակալին ընտրութիւնը: Սեւ քողը վերցուեցաւ կաթողիկոսական աթոռէն եւ դպրաց երգեցիկ խումբը սկսաւ «Ուրախ լեր Ս. եկեղեցի» շարականը երգել. բազմաթիւ աղաւնիներ արձակուեցան ի նշան ուրախութեան:

Քուէներու լրիւ ստուգումէն ետք, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Խորէն արք. Բարոյեան 85-ի վրայ 83 ձայնով ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս:

Նորընտիր հայրապետը, շուրջառազգեստ, իր աղօթքը ըրաւ Ս. սեղանի առաջ եւ խօսեցաւ յուզիչ ուղերձ մը:

Սուրբ տաճարին դռները բացուեցան եւ նորընտիր վեհափառը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Որ զխորհուրդ աստուածային» շարականով, հաւատացեալներու անդադրում ծափերով առաջնորդուեցաւ վեհարան:

Վեհարանի մուտքին օրհնեց ժողովուրդը: Վեհափառական գահը նստելէ առաջ, իր խօսքը պատգամաւորներուն եւ ներկաներուն ուղղելով, ըսաւ. «Թող Աստուած հովանի ըլլայ եւ զօրավիգ կանգնի մեզի, որպէսզի մեր ուժին ներած չափով ծառայենք: Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւններս եւ օրհնութիւններս կը յայտնեմ ձեզի:

«Մէկ խնդրանք ունիմ ձեզմէ, աղօթեցէք ինծի համար, որ Աստուած ինծի անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը տայ, որպէսզի այն վստահութիւնը, որ տուին ինծի ազգին պատգամաւորները, կարենամ ի կատար ածել, բոլորանուէր ճիգով եւ ամբողջական նուիրումով:

«Աստուած օրհնէ բոլորդ»:

Վեհափառը, հիւրասիրութիւնն ու աջահամբոյրը սկսելէ առաջ, ըսաւ.

«Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

«Երբ որ բացուին դռներն» երգը մեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգը դարձաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին փափաքով:

«Հողային Կիլիկեան չունինք, այլ ունինք հոգեւոր Կիլիկեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանն է: Ան դարձաւ մեր ժողովուրդին սիրոյն կեդրոնը: Միշտ մնաց շէն, պայծառ եւ վառ` շնորհիւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին նուիրատուութեան, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Կեցցէ՛ մեր հոգեւոր Կիլիկիան»:

Ընդհանուր ցնծութեան մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աջահամբոյր:

Այսօրուան լիբանանեան բոլոր թերթերը լայնօրէն կ՛անդրադառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան` հրատարակելով անոր նկարը եւ կենսագրականը:

Ընտրութենէն անմիջապէս ետք հեռագիրներ տրուեցան Ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն եւ թեմերու պետական իշխանութեանց:

Share this Article
CATEGORIES