Հայրենի Կեանք
Էջմիածինի, Մասիսի Եւ Աշտարակի Մէջ
Սուրիահայերուն Համար Շէնքեր Պիտի Կառուցուին
«Սուրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան մէջ ներկայ դրութեամբ արձանագրուած է 3445 սուրիահայ: Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին կեդրոնի նախագահ Լենա Հալաջեան նշած է, որ տակաւին կան նոյնքան սուրիահայեր ալ, որոնք չեն արձանագրուած, քանի որ անոնց ընկերային կացութիւնը ընդունելի է, օգնութեան կարիք չունին: «Մօտ 400 սուրիահայ վարորդական վկայական է ստացել: 778 ընտանիքի բնակարանի վարձեր փոխհատուցուել են», աւելցուցած է ան:
Հալաջեանը նշած է, որ արդէն որոշակիօրէն լուծուած է նաեւ բնակարանաշինութեան խնդիրը: «Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարութեամբ Էջմիածնում, Մասիսում եւ Աշտարակում տարածքներ են տրամադրուել շէնքեր կառուցելու համար: Էջմիածնում արդէն կան շէնքերի հիմքերը», դիտել տուած է ան:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի նախագահին համաձայն, սուրիահայութիւնը կը շարունակէ մտահոգուիլ աշխատանքի հարցով: «Այդ խնդիրն արդէն ինչ-որ չափով լուծուել է. կենտրոնի ջանքերով աշխատանքի է ընդունուել 97 սուրիահայ», յայտնած է Հալաջեան:
«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշեան դիտել տուած է, որ իր գործունէութեան վեց ամիսներուն ընթացքին կեդրոնը հայրենադարձներուն աջակցած է համարկման առնչուած հարցերուն գծով:
«Մեր գործունէութեան այս ամիսների ընթացքում 300 հոգի է դիմել մեզ, որոնցից 82 տոկոսը որոշել են հաստատուել Հայաստանում: Նրանցից 75 տոկոսը աշխատանք է փնտռում, 8 տոկոսն էլ ուզում է գործ սկսել Հայաստանում», նշած է ան: Ներկայացնելով յառաջիկայ ծրագիրները` Մարաշեանը յայտնած է, որ պիտի կազմակերպուին ռուսերէնի եւ արեւելահայերէնի դասընթացքներ` մատչելի գիներով: Մայիսին ալ հանդիպում պիտի կայանայ սուրիահայ կարողականութիւն ունեցող գործարարներուն եւ Հայաստանի մէջ առեւտուրի ոլորտին մէջ յաջողութեան հասած հայրենադարձներուն միջեւ:
Հանդիպումին ընթացքին հարց բարձրացուած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացին մասին: Հայաստանի փոխոստիկանապետ Արթուր Օսիկեանը տեղեկացուցած է, որ սփիւռքահայերէն անձնագիր ստանալու համար մեծագոյն դիմումը ներկայացուցած են սուրիահայերը: «Անցեալ տարի 5000, այս տարի արդէն 1320 մարդ քաղաքացիութիւն է ստացել: Մենք հնարաւորինս արագ ենք սպասարկում սուրիահայերին», նշած է ան:
Մահացած Է Գրող, Հրապարակախօս
Մարգօ Ղուկասեանը
86 տարեկանին մահացած է գրող, հրապարակախօս Մարգօ Ղուկասեանը: Ան ծնած է Գիւմրի, 1950-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Այնուհետեւ երկար տարիներ աշխատած է «Պիոներ կանչ» թերթին եւ «Գարուն» ամսագիրին մէջ:
Հրապարակուած է Մարգօ Ղուկասեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածուն:
Մարգօ Ղուկասեանը 13 գիրքի, տասնեակ մը ակնարկներու, յուշագրութիւններու եւ շուրջ 400 հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է: Անոր վերջին գիրքը կը կոչուի «Անվերնագիր…1915թ.», որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ականտեսներու յիշողութիւնները:
Արամ Խաչատրեանի Յուշարձանի Բացում
Ժողովրդական նշանաւոր արուեստագէտ Արամ Խաչատրեանի 100-ամեակին առիթով Արաբկիրի վարչական շրջանի Խաչատրեան-Փափազեան փողոցներու հատման յարակից հատուածին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն երաժշտահանի կիսանդրիին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Քանդակագործ Գէորգ Գէորգեանի հեղինակած յուշարձանը տեղադրուած է բարեկարգուած, կանաչապատ տարածքին մէջ, ուր կան նաեւ նստարաններ` այցելուներուն համար: Հայաստանի երաժիշտներու միութեան նախագահ Ռոբերտ Ամիրխանեան շեշտը դրած է յուշարձանի տեղադրման կարեւորութեան վրայ` սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ` մշակութային մեծ ժառանգութեան տէր արուեստագէտները մեծարելու եւ արժեւորելու նպատակով: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` մայրաքաղաքին մէջ Արամ Խաչատրեանի յուշարձան մը եւս տեղադրելու նախաձեռնութեան համար:
Արտագաղթի Թիւերը Ահաւոր
Տարողութեան Հասած Են
Արտագաղթի թիւերը հետզհետէ ահաւոր տարողութիւններու կը հասնին: Միայն այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն Հայաստանէն արտագաղթած է 35 հազար 500 հոգի: Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է «Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2013թ. յունուար-մարտ ամիսներին» զեկուցումը, ըստ որուն, Հայաստանէն հեռացած է 259 հազար 210 եւ վերադարձած` 223 հազար 710 Հայաստանի քաղաքացի:
Նշենք, որ այս տարուան առաջին եռամսեակի ցուցանիշները մօտ 10 հազարով գերազանցած են նախորդ տարուան տուեալները. 2012-ի առաջին եռամսեակին Հայաստանէն հեռացած ու երկիր ժամանած Հայաստանի քաղաքացիներու թիւերուն տարբերութիւնը -25 հազար 394 մարդ էր: «Նիուզ» կը գրէ, թէ ասիկա ո՛չ միայն ընկերային–տնտեսական ծանր կացութեան հետեւանք է, այլ նաեւ` կեղծուած նախագահական ընտրութիւններուն, որոնց պատճառով քաղաքացիները մեծ յուսախաբութիւն կ՛ապրին:
Կայ նաեւ այլ յատկանշական հանգամանք մը. թէեւ ապրիլ ամիսը աւարտեցաւ, սակայն Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը չհրապարակեց Հայաստան ժամանած ու անկէ մեկնածներուն թիւը, մինչդեռ նախապէս այդ տուեալները կը հրապարակուէին իւրաքանչիւր ամսուան կիսուն:
Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Մէջ Մասնակցած Է
Թիւ 3 Դպրոցի Վերանորոգուած Շէնքի Բացման
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 մայիսին մասնակցած է մայրաքաղաքի թիւ 3 ռուսական թեքումով միջնակարգ դպրոցի վերանորոգուած շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նման կրթական օճախի առկայութիւնը` զայն նկատելով մշակոյթներու երկխօսութեան եւ ներթափանցման կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկը:
Երկրին ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է ռուսաստանաբնակ բարերարներ Սերգէյ ու Նիկոլա Սարկիսովներուն եւ Ռուբէն Վարդանեանին` Արցախի կրթական ոլորտին աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ նման նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու համար, աւելցնելով, որ ատիկա հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորման օրինակներէն է:
Նոյն օրը նախագահը բարերարներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի մանկական ստեղծագործական կեդրոն, ծանօթացած է աշխատանքային պայմաններուն եւ դիտած է հաստատութեան սաներուն պատրաստած տօնական ներկայացումը:
Ձեռնարկներուն մասնակցած են նաեւ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ, հիւրեր` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
«Ցեղասպանագիտութիւն» Մագիստրոսական
Ծրագիրը Պիտի Սկսի Գործադրուիլ
Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ) Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմայի (ԳԱԱ) ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցաբար յայտարարեց «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրին մեկնարկը:
Հայոց ցեղասպանութեան գծով օրէ օր աւելցող մարտահրաւէրներուն առկայութեամբ աւելի զգալի կը դառնայ այս նիւթին լաւապէս տիրապետող, բանիմաց հայ մասնագէտներու պահանջը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ` հայ կրթօճախներուն համար այս խնդիրը աւելի քան կարեւոր է:
Ուստի ԵՊՀ-ի եւ Հայաստանի ԳԱԱ ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ պիտի իրականացուի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը:
Մագիստրոսական ծրագիրը պիտի գործադրուի ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ծիրին մէջ: Մագիստրոսական ուսումնառութեան ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան պատմագիտական, ընկերահոգեբանական, միջազգային իրաւունքի, միջազգային յարաբերութիւններու, մշակութաբանութեան, լեզուագիտական ոլորտներու պարունակին մաս կազմող հիմնախնդիրները:
Ծրագիրը պիտի ներկայացնեն եւ դասաւանդեն մասնագէտներ, առիթ պիտի ստեղծուի նաեւ արտերկրէն հրաւիրուած դասախօսներ ներգրաւելու ուսումնական գործընթացին մէջ:
Մայիսին արդէն իսկ կը սկսի մագիստրոսի բաժինի ընդունելութիւնը, որուն կրնան մասնակցիլ ոչ միայն պետական համալսարանի, այլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր համալսարաններու ընկերային գիտութիւններու ճիւղերու հետեւող շրջանաւարտներ:
Արեգ–Սահակ Տաղլեան` Երրորդ Դափնեկիր
10-19 ապրիլ 2013-ին Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւԿոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղի կազմակերպած երաժիշտ-կատարողներու եւ երիտասարդ յօրինողներու «Վերածնունդ» միջազգային հինգերորդ մրցոյթ-փառատօնը, որ նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանին, եւ որ կը վայելէր Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանին բարձր հովանաւորութիւնը: Մրցոյթին, որուն հովանաւորն էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 երկիրներէ 2400 երաժիշտներ: Մրցոյթին դատական կազմը կը բաղկանար միջազգային ճանաչում ունեցող երաժիշտներէ: Դաշնամուրի բաժնի դատական կազմն էր` Արմէն Բաբախանեան, Մարինէ Խաչատրեան, Սերգէյ Մուսայէլեան, Միխայիլ Արքատիեւ, Եուրա Մարքուլիս, Վալերիան Շիուքաշվիլի, Անտրա Վիքսնէ եւ Վիքթոր Կոլտպըրկ: Դաշնամուրի բաժնի 19-22 տարիքային չորրորդ խմբաւորումի մասնակիցներէն էր տասնիննամեայ լիբանանահայ երիտասարդ Արեգ-Սահակ Տաղլեանը, որ ստացաւ դափնեկիր երրորդ մրցանակը: Ան միակն էր, որ ներկայացուց Լիբանանը: Արեգը Լիբանանի պետական երաժշտանոցի լիսանսի առաջին տարուան ուսանող է: Ան կ՛աշակերտէ վաստակաւոր դաշնակահար եւ ուսուցիչ Անժելա Յարութիւնեան- Խտըշեանին: Արեգը հանդէս եկաւ հետեւեալ չորս երաժշտական կտորներով` Պախ` Փրելիւտ եւ Ֆիւկ, թիւ 16, գիրք 1 (սոլ մինոր), Պեթհովեն` սոնաթա, թիւ 18, առաջին շարժում(մի Պեմոլ մաժոր), Շուման` «Փափիոն» (op. 2), Էդուարդ Աբրահամեան` Փրելիւտ թիւ 19:
«Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթը նախաքայլն էր կատարող դաշնակահար Արեգ Տաղլեանին համար: Ան ապագային իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տակաւին բազմաթիւ միջազգային այլ մրցոյթներու, եւ յոյսով ենք, որ զինք ապագային կը տեսնենք միջազգային բեմերու վրայ: Բարի երթ Արեգին երաժշտական աշխարհէն ներս:

