Ապրիլեան Շաբաթ Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն վարժարանը կազմակերպեց «Ապրիլեան շաբաթ» մը, որուն ընթացքին վարժարանին աշակերտները զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ոգեկոչեցին ու խորացուցին Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնները:
Երկուշաբթի, 22 ապրիլին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու նկարչական գործերը ցուցադրուեցան վարժարանի գեղանկարչութեան ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանին հսկողութեամբ եւ բացատրութիւններով:
Երեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտուն աշակերտութիւնը լուռ, հայավայել գիտակցութեամբ ու կոմիտասեան «Տէր ողորմեա»-ով ծաղիկներ զետեղեց դպրոցին բակին մէջ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Այս առիթով, վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէն օրուան պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն, յորդորեց ըլլալ պահանջատէր , մնալ հաւատարիմ նահատակներու յիշատակին եւ անոնց սուրբ կտակին` մինչեւ ճանաչում եւ հատուցում:
Նոյն օրը երկրորդականի աշակերտները Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին շրջափակին մէջ միացան հայ վարժարաններու աշակերտական հաւաքին եւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն մատրան առջեւ զետեղեցին Հռիփսիմեանցի ծաղկեպսակը:
Հինգշաբթի, 25 ապրիլին, վարժարանին մատրան մէջ 9-12-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան սուրբ պատարագի հոգեպարար արարողութեան, որուն ընթացքին աղօթեցին նահատակներու հոգիներու հանգստեան համար:
Նոյն օրը, ժամը 12:00-ին ուսուցիչներու եւ մեծաթիւ ծնողներու ներկայութեամբ, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ աշակերտները համախմբուեցան ներկայացնելու գեղարուեստական ձեռնարկը:
Յայտագրի սկիզբը տեսերիզի ցուցադրութեան ընդմէջէն տիկին Մայտա Քելեշեան ներկայացուց Այնթուրայի հայ որբուկներուն մասին վաւերագրական տեսերիզ մը եւ յաւելեալ ճշմարտութիւններով հանդիսատեսին փոխանցեց Այնթուրայի եւ Ղազիրի որբանոցներուն մէջ հայ որբերուն ապրած անմարդկային ահաւոր տառապանքը:
Գեղարուեստական յայտագրով միջնակարգի եւ նախակրթարանի աշակերտները հանդէս գալով, խմբային արտասանութիւններով երգերով ու պարերով , նուագով ու կենդանի պատկերով իրենց իւրայատուկ ձեւով ոգեկոչեցին 98 տարիներ առաջ թուրքին անագորոյն արարքին զոհ գացած մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակը:
Ուրբաթ , 26 ապրիլին միջնակարգի 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ դասարանի աշակերտները առաջնորդութեամբ տնօրէնուհի քրոջ եւ Մայտա Քէլէշեանի, ուղղուեցան Այնթուրայի հայ որբուկներու գերեզմանները, տեղւոյն վրայ աշակերտներուն մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան: Աշակերտները բոլորուած գերեզմաններուն շուրջ` խունկ ծխեցին, մոմ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին աւելի քան 300 որբուկներու շիրիմներուն եւ ուխտեցին յաւերժացնել անոնց սուրբ յիշատակը` ներկայիս որպէս արժանաւոր հայ աշակերտ եւ ապագային որպէս ճշմարիտ պատուաբեր հայ երիտասարտներ,դառնալով իրաւատէր Հայ դատին` մինչեւ ամբողջական ճանաչումը եւ հատուցումը Հայոց ցեղասպանութեան:
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

