Նախարար Փանոս Մանճեանի Արտասանած Խօսքը Ժիպէյլի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Եւ Յուշարձանի Ու «Արմենիա» Փողոցի Բացման Առիթով
98 տարիներ անցան օսմանեան իշխանութեան կողմէ խաղաղասէր հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաւոր ցեղասպանութեան եւ ջարդերէն:
Ճիշդ է, որ ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը յիշենք այս ցեղասպանութիւնը, սակայն չենք մոռնար այն բոլոր ցեղասպանութիւնները, որոնք գործադրուեցան այն ժողովուրդին դէմ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբը, մանաւանդ Ատանայի կոտորածը, եւ այլ ջարդեր, որոնք գործադրուեցան ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ յոյներուն դէմ:
Օսմանեան կայսրութեան զանազան ղեկավարներու պատմութեան սեւ էջերը կ՛աւելնան իրենց թուրք թոռներուն եւ թուրք պետութեան ժամանակաշրջանին, որոնք չեն ճանչնար ցեղասպանութեան կամ ջարդերու որեւէ ձեւ, այլ կը շարունակեն պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրել, եւ բոլոր միջազգային ամպիոններէն հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին կը հակառակին:
Ճիշդ է, որ տղամարդոց մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ, կիները բռնաբարուեցան եւ երեխաները փախցուցին, իսկ ողջ մնացածները քշուեցան Շամի անապատին` Տէր Զօրի այրած հողերուն վրայ:
Ճիշդ է, որ դպրոցները քանդուեցան, եկեղեցիները սրբապղծուեցան եւ հրկիզուեցան:
Ճիշդ է, որ կալուածները եւ սրբատեղիները բռնագրաւուեցան, Ճիշդ է նաեւ որ օսմանեան թուրանական երազը չիրականացաւ: Օսմանեան երազը հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ բնաջնջելն էր եւ թողուլ միայն մէկ հայ, որպէսզի թանգարանը դրուի, սակայն մեր հոս ներկայութիւնը այս պահին եւ 4 օր առաջ հարիւր հազարաւոր հայերու մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման` Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ, ապացոյց է բռնակալ եւ ոխակալ օսմանեան ծրագիրի ձախողութեան:
Մենք որպէս հայ ժողովուրդ` ունինք այբուբեն եւ մշակոյթ, ունինք արուեստ, բանաստեղծութեան եւ գրականութեան գիրքեր, աւետարաններ եւ արժէքաւոր ձեռագրեր, ունինք թանգարանը դրուելիք հնութիւններ, սակայն օսմանցի թուրքը ունի միայն ժողովուրդներ սպաննելու, հալածանքի եւ տարագրելու մշակոյթ, ինչպէս` հայերը, ասորիները եւ նոյնիսկ արաբները ունին նաեւ համաշխարհային հին եւ նորագոյն քաղաքակրթութիւններէն գողցուած հնութիւններ, որոնք զետեղած են իրենց թանգարաններուն մէջ:
Ունինք Ուիլիըմ Սարոյեան եւ Շարլ Ազնաւուր:
Ունին Ապտիւլ Համիտ` Կարմիր սուլթանը:
Ունինք հարիւր հազարաւոր գիտնականներ, մտաւորականներ եւ գիւտարարներ:
Ունի ջարդարար Ճեմալ փաշա եւ իր թոռները` թուրք պետութեան մէջ:
Ես գրող կամ բանաստեղծ կամ ճառախօս չեմ, ես համեստ ընտանիքի զաւակ մըն եմ, ես Ալեքսանտրեթի մէջ Մուսա Լերան վրայ օսմանեան բռնութեան 40 օր դիմադրող մարդոց թոռնիկն եմ, որոնք թոյլ չտուին թուրքին որ մտնէ իրենց գիւղերը եւ սպանութիւն կատարէ, հակառակ որ 18 նահատակներ տուին:
Սակայն մեծ պետութիւններուն քաղաքականութիւնները եւ միջազգային հաշուարկները պնդեցին, որ այդ գիւղերուն բնակիչները 1939-ին անցնին դէպի անբերրի հողով Այնճար, ուր դիմադրեցին հիւանդութիւններու ու Բ. Համաշխարհային պատերազմի դժուարութիւններուն ու շինեցին օրինակելի գիւղ մը այս սիրելի հայրենիքին մէջ. հաւանաբար այդ պայքարող ոգին է, որ քաջալերեց ողորմած հայրս ֆրանսական բանակին միանալու եւ թուրքերու դաշնակից գիրմանացիներուն դէմ պայքարելու Լիպիոյ մէջ եւ ապա ծառայել լիբանանեան բանակին մէջ, եւ նաեւ զիս մղեց, որ 38 տարի ծառայեմ մեր սիրելի Լիբանանի հերոս բանակին մէջ, ինչպէս որ իմ համայնքէս շատերը քաջալերեց, որ մաս կազմեն աշխատանքային շինարար ասպարէզներուն:
Այսօր հոս դարաւոր պատմութիւն ունեցող Ժիպէյլի գեղեցիկ քաղաքի գիրկը գտնուիլը այս օրերուն կեանքի եւ ապրելու մշակոյթի ցուցանիշ է:
Ինչպէս նշեցինք, ջարդարար օսմանցին կը սպաննէր հայրերը, մայրերը եւ երեխաները կը փախցնէր, իսկ տարագրեալ որբերը կը փախցնէին տարբեր միջոցներով, ու անոնք հոս` այս քաղաքին մէջ ընդունեցին զանոնք ու հիմնուեցաւ որբանոց, դպրոց եւ եկեղեցի «Թռչնոց բոյն»-ը:
Լիբանանի եւ Ժիպէյլի մէջ մեր ժողովուրդը ձեռք երկարեց այդ տարագրուած երեխաները պահելու եւ այդ հիմնարկին անունը մեծ նշանակութիւն ունի երեխաներու անմեղութեան, որոնք կեանքի երգեր երգեցին, մինչեւ հասան ազատութեան ափ ու դարձան զօրաւոր տղամարդիկ ու հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ հերոսական էջեր գրեցին թուրք բռնակալի դէմ ու թրքացման քաղաքականութեան դէմ կեցան, ինչպէս` Հայաստանի մէջ Արարատ լեռը, իսկ Լիբանանի մէջ` Սաննին լեռը:
Շնորհակալութեան խօսքերը, զորս կ՛ուզեմ յղել այս առիթով կ՛երկարին Ցեղասպանութեան եւ ջարդերու օրերէն մինչեւ այս ժամը:
Օսմանցի համաթուրանականը մահուան կարաւանները կը քշէր դէպի Տէր Զօրի այրած աւազները, ուր արաբ ընտանիքներն ու ցեղապետները, ներող եղէք, որ ըսեմ` իսլամ արաբ ցեղախումբերը, ամենայն հպարտութեամբ կը փրկէին այդ ժողովուրդը օսմանցիին բռնութենէն, քանի որ բոլորը` իսլամ թէ քրիստոնեայ, կը տառապէին անարդար համաթուրանականութենէն: Շնորհակալութի՛ւն արաբ ցեղախումբերուն:
Շնորհակալութի՛ւն Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին, որ ընդունեց թիրախ դարձած իմ ժողովուրդի զաւակները. լիբանանցիները տուին բնակարան եւ աշխատանք, հակառակ որ իրենք ալ կը գտնուէին դժուար պայմաններու մէջ համաշխարհային պատերազմին պատճառով: Շնորհակալութիւն լիբանանցի ժողովուրդին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ժիպէյլի ժողովուրդին, որ ընդունեց որբերը մեր բոլորիս համար թանկարժէք այս դպրոցին մէջ: Շնորհակալութի՛ւն կը յայտնեմ նաեւ Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսին, քաղաքապետ Զիատ Հաուաթին եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին այս ձեռնարկը, եւ փողոցը անուանուեցաւ «Արմենիա»: Շնորհակալութի՛ւն ներկայութեան համար:
Աւարտին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն երկիրներու կառավարութիւներուն, մանաւանդ Լիբանանին, որոնք ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ կը պահանջեմ, որ չճանչցողներն ալ ճանչնան, որպէսզի չքաջալերեն ցեղասպանութիւն գործելը:
Խօսքս կ՛ուղղեմ օսմանեան պետութեան հետեւորդներուն եւ թոռներուն, այսինքն` թուրք պետութեան, ու կ՛ըսեմ. 98 տարիներ անցան ու չմոռցանք: 98 տարիներ անցան եւ մենք կը պայքարինք ու կը պահանջենք ցեղասպանութեան ճանաչումը, սակայն այսուհետեւ մենք պիտի չընդունինք միայն ճանաչումը, այլ նիւթական ու բարոյական եւ ամէն տեսակի հատուցում: Այն երազը, որ ունէին սպաննելու ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ պահել մէկ հայ, որ ժողովուրդներու թանգարանը դրուի, շրջուեցաւ իրենց դէմ, իրենց օսմանական ստրկութեան, ստորացման եւ բռնութեան:
Մենք ունինք երկու պետութիւն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, եւ միլիոնաւոր հայեր, որոնք կանգնեցան փիւնիկի նման եւ մաս կազմեցին իրենց ապրած երկիրներու զարգացման: Վաղը շատ մօտ է:
Ապրի՛ք, ապրի՛ Լիբանանը, ապրի՛ եւ բարգաւաճի հայ ժողովուրդը:

