Հին Եւ Նոր Ծէսով Օր Մը 24 Ապրիլ 2013

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այս առաւօտ, հակառակ նախորդ օրերու կճող ցուրտին, արեւը իր թեւերը տարածեց Էլմհըրստ քաղաքի այրածի գոյնով աղիւսէ մէկը միւսին նմանող հսկայ եւ լայնանիստ շէնքերուն վրայ: Առանձին քաղաք մը, որ մաս կը կազմէ երկիր-ոստան Նիւ Եորքի անծայր եւ անսկիզբ տարածութեան:

Այդ բազմահազար բնակարաններու մէջ կեանքը սկսա՞ծ է, չէ՞ սկսած, յայտնի չէ, քանի որ հսկայ շէնքերը կը թաքցնեն մարդիկը: Անոնք ի՞նչ գիտեն, թէ այսօր հայեր «կայսրութիւն նահանգ»-ի (ինքնաշարժներու համարներու ցուցանակին վրայ հազարներով կը կրկնուի այդ յիշեցումը)  հեռուէն ու մօտէն պիտի համախմբուին եւ պիտի կրկնեն ծէս մը, զոր կը կատարէին հաւ եւ հանի, հայր եւ մայր, այսօր` թոռներ, հոս եւ այլուր, հոն, ուր հայրենահանուածներ կան:

Հայկական թերթերը, թղթակցութիւններով եւ լուսանկարներով, կը շարունակեն արձագանգել տարբեր երկինքներու տակ կրկնուող ծէսին, որ ակնթարթ մը կը զարմացնէ մեծ պողոտաներու վրայ իրենց կողքով օրուան աշխատանքին արտօրալով գացողները, դժգոհութիւն պատճառելով ինքնաշարժի վարորդներուն, երբ կը խցանուին ճամբաները: Գիտնալով հանդերձ, որ ծէսի յաջորդ օրը պիտի ըլլայ յար եւ նման նախորդ օրերուն, որ այդ ծէսն ալ իր նախորդներուն նման պիտի ընկղմի անտարբերութեան ծովուն մէջ` առանց ալեկոծում ստեղծելու, հայեր պիտի խմբուին, պիտի քալեն` պաստառներ շալկած, պիտի պոռան:

Օտար թերթերուն մէջ պիտի փնտռենք տողեր, որոնք պիտի յիշեցնեն, թէ ինչո՛ւ հայերը կը քալեն, կը պոռան: Այդ թերթերուն մէջ գրուածը, եթէ գրուի, անկախ որակէն, իրաւազրկուածի հպարտութիւնը կը շոյէ պահ մը, ինքնահաստատում մը, որ շուտով կը խամրի, քանի որ օտարի հողին վրայ ինքնահաստատումը պղպջակի տեւողութիւն ունի միայն: Այդ ծէսերը ես տեսած եմ` Հալէպ, Պէյրութ, Փարիզ, Մարսէյ, Սիտնի, Մելպուռն, Նիւ Եորք, Երեւան, ուրիշ մեծ ու պզտիկ քաղաքներ, ուր հայեր կան: Կը բազմապատկուին քաղաքները եւ տարիները, դէմքերը կը փոխուին: Ժամանակը կանգ առած է, ձայնապնակը խանգարուած է եւ  լսուածը ինքզինք կը կրկնէ:

Քիչ ետք տարբեր ուղղութիւններով գացող գետնուղիներէն մէկը պիտի կլլէ մեզ եւ պիտի տանի դէպի եկեղեցի: Երբ լոյսը տեսնենք, պիտի ընկճուինք մեզ ճզմող երքնաքերներու շուքին տակ, որոնց կողքով երբ քալենք, մարդիկ պիտի խորհին, որ գրասենեակներէ արձակուած պաշտօնեաներ խումբով կ’աճապարեն տուն հասնիլ: Այդ փողոցներուն մէջ հազարը քանի մը հազարը, աննշանութիւն են, մասնակիցներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն, ոչ` ենթադրեալ ուրիշներու:

Պէտք է երթալ եւ մասնակցիլ` յիշելու համար, երբ մարդիկ տրամադիր չեն ո՛չ լսելու եւ ո՛չ ալ յիշելու խոստումներու եւ արդարութեան ձայնը:

Քիչ ետք գետնուղիի դղրդոցին մէջ մտածել անգամ կարելի պիտի չըլլայ: Եթէ իրապէս մտածենք, թէ ինչո՞ւ կ’երթանք, ո՞ւր հասնելու համար: Պէտք է երթալ, եթէ չենք զարմացներ եւ չենք անհանգստացներ մեր շրջապատը, գէթ անհանգստացնենք բոլոր անոնք, որոնք չեն անհանգստանար, չեն անհանգստացներ, կը թաղուին յիշողութեան կորուստի ախտին մէջ, կամ «կեանքի մէջ յաջողութեան» որպէս ապացոյց` կը մերժեն այլեւս ամբոխային համարուող ծէսերը:

Ինչպէս ամէն տարի, «ամերիկահայեր»-ը կը սպասեն երկրի նախագահի յայտարարութիւնը: Ներկայացուցիչներու տան անդամ մը, Քալիֆոռնիայէն, քանի մը օր առաջ նամակով մը պահանջած էր, որ նախագահը յարգէ իր «2008-ի խոստում»-ը: Տարի մը ետք ալ նոյն սպասումը պիտի կրկնուի: Պիտի կրկնուի, նոյնիսկ երբ նախագահը փոխուի: Ի՜նչ չյարգուած խոստումներ կան: Մէկ աւելի մէկ պակաս… Հայկական հարցը չի լուծուիր:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի գացինք: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ «Ապրիլ 24»-ի նուիրուած յատուկ խորանին առջեւ: Ապա` հոգեճաշ: Եկեղեցիի դարպասին առջեւ կազմուեցաւ թափօրը: Դրօշակներ, ցուցանակներ: Մայթերուն վրայէն քալեցինք: Շուրջ հարիւր յիսուն հոգի: Միա՛յն այդքան: ՄԱԿ-ի շէնքին հանդիպակաց մայթին վրայ խմբուեցանք եւ աւելի քան մէկ ժամ անգլերէն կարգախօսներ կրկնեցինք: Շէնքին առջեւ դրօշակներ կային, անոնց շարքին` մեր Եռագոյնը: Ոչ ոք մեզմով հետաքրքրուեցաւ, ոչ իսկ թաղային թերթի մը թղթակիցը: Բարեբախտաբար հեռատեսիլի հայկական ժամի լրագրողը հոն էր, եւ զանգուածային կերպով բացակաները, քանի մը օր ետք, պզտիկ պատուհանին առջեւ նստած, տեղեակ պիտի ըլլան… առանց անհանգստանալու: Երգեցինք աղօթք, յեղափոխական երգեր հնչեցուցինք: Խօսք առնողներ ալ եղան, հայերէն եւ անգլերէն:

Ինչ որ ալ ըլլան արդարացումները`, դեռ շարունակուող կողմնապաշտական վերաբերումներու յամառութեան կամ աշխատանքի օր ըլլալու պատճառաբանութիւններ, իրարու յաջորդող լայն փողոցներու լայն մայթերուն վրայ, երկնաքերներու շուքին քալող հարիւր կամ երկու հարիւր անձերը չեն նկատուիր: Ցոյցը ցուցական պիտի ըլլլայ:

Բարեբախտաբար կային բուռ մը երիտասարդներ, որոնք յայտարարեցին, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի շարունակեն պայքարը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան համար: Հայերէն եւ անգլերէն խօսքեր ալ արտասանուեցան: ՄԱԿ-ի լայնանիստ եւ բազմայարկ շէնքը հոն էր, իր անտարբերութեան եւ լռութեան մէջ, խուլ` հայերու աղմուկին դիմաց:

Ներկաները ներկայ էին: Ինչպէս խօսիլ բացականերուն, որպէսզի ներկայ ըլլան, եւ պահ մը զգանք եւ զգացնենք, որ կանք, չենք մոռցած, հաւաքական կամք ունինք, եւ մարդիկ չըսեն, որ բուռ մը մարդիկ անցեալի կարօտախտէ կը տառապին եւ անտեղի կերպով ցաւ կը քրքրեն:

Ապրիլ 25-ը արդէն ընթացիկ օր է նաեւ երէկուան հայերուն համար: Վաճառատուներու դռները բաց են: Մարդիկ փողոցներուն մէջ են, առաւօտեան սուրճի բաժակները բռնած, նախաճաշը շարունակելով, կը քալեն:

Համացանցով հայկական թերթերը կարդացի: Մեր զոյգ կաթողիկոսները որպէս բռնագրաւուած եկեղեցիներուն եւ վանքերուն իրաւատէր-պահանջատէր կը ներկայանան: Իսկ ես ինչպէ՞ս իրաւատէր պիտի ներկայանամ երկու մեծ հայրերուս տուներուն եւ պարտէզներուն, զոր 1961-ի մայիսի օր մը տեսած էի, եւ` անզօրութեան զգացումով լացած… Ո՞վ զբաղած է եւ պիտի զբաղի անզօր հայրենահանուածի լացով եւ տխրութեամբ:

Ծէսը կը շարունակուի ներքին սպառման համար: Ո՞վ եւ որո՞նք ՄԱԿ-ի պատերէն ներս պիտի տանին իրաւատէրերուն պահանջը եւ զայն վերածեն գործադրելի-գործադրուող որոշման:

Յուզիչ էր տեսնել, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու դրօշներու շարքին… մեր ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ծածանէր:

Ան պիտի ծածանի՞ օր մը Կարսի, Արտահանի, Վանի, Մուշի, Սասունի, խլուած հայաշխարհի վրայ:

Պէտք է տոկալ, տեւել եւ հաւատալ:

ԵՐԱԶ-ը եղած է եւ է՛ նախաշեմը իրականութեան …

Բարօրութիւններէ եւ քսակներէ անդին…, բջիջներէ անդին, այդ ԵՐԱԶ-ը պէտք է փոխանցել:

 

25 ապրիլ 2013, Էլմհըրստ, Նիւ Եորք

 

Share this Article
CATEGORIES