Ընկերվարական Ոսպնեակ. Արեւմտեան Մամուլին Ձախող «Առաքելութիւնը»

Խ. Խ.

Նորօրեայ քաղաքական պատմութեան մէջ, արեւմտեան քարոզչական գերհզօր մեքենան, մարմնաւորուած համաշխարհային համբաւ վայելող բանաւոր եւ գրաւոր մամլոյ աղբիւրներով, դժուար թէ աւելի անճարակ եղած ըլլար, որքան` Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզի մահուան առիթով: Արդարեւ, «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Թայմ»-ը, «Նիուզուիք»-ը, «Տի Իքոնոմիսթ»-ը, ի շարս այլոց, իրենց համապատասխան անդրադարձներուն մէջ տեղ տուին այնպիսի տեսակէտներու, որոնց գռեհիկ ոճն ու խայտաբղետ բովանդակութիւնը դիւրութեամբ մատնեց անոնց էապէս շահախնդիր մօտեցումները:

Յիշեալ անճարակութեան առաջին նախանշանները սկսան արտացոլալ ըմբոստ ղեկավարի մահուան առաջին ժամերէն իսկ, երբ արեւմտեան աշխարհասփիւռ մամուլը սկսաւ «գնահատել» քաղաքական այս շարժառիթը` յետադարձ ակնարկ նետելով Չաւեզի այնքան բեղուն քաղաքական կեանքին վրայ: Միեւնոյն այդ մամուլը, որ քաղաքական իրականութիւններ «զտելու», կաղապարելու, համեմելու եւ վերընձիւղելու արուեստը տարիներու ընթացքին կատարելագործած է, լուրջ դժուարութիւն կ՛ունենար մրոտելու ձախակողմեան առաջնորդին դիմագիծը: Պատկերասփիւռային սփռումներու թէ գրաւոր ներկայացումներու ընդմէջէն  հնչած կարծիքները իր մասին այնքան մը լեցուն էին ինքնահակասութիւններով ու տատամսոտ հաստատումներով, որ նոյնիսկ անտարբեր ընթերցողի մը համար փոխանցուած պատգամը կը թուէր կեղծ ու կասկածելի: Այսպէս, տեղ մը Չաւեզ կ՛որակուէր բռնակալ, այլ տեղ մը կը նշուէր իբրեւ ժողովուրդին ընտրեալը: Լրագրող մը զայն  կ՛առանձնացնէր իբրեւ ինքնակեդրոն առաջնորդի, ուրիշ մը` իբրեւ պարզ ժողովուրդին մօտիկ անձնաւորութեան: Յօդուած մը իր յառաջաբանին մէջ պղտոր վերագրում մը կ՛ընէր անոր փտածութեան, վերջաբանին մէջ կը հաստատէր, թէ անոր օրօք երկրի հարստութեան համապատասխան բաշխումով աղքատութեան համեմատութիւնը զգալապէս նուազեցաւ: Պահ մը կը հանդիսանար Վենեզուելան պառակտող գործօն, պահ մը` հարաւամերիկեան երկիրները միացնող ուժ: Աւելի ուշ, երբ կը սպառէին քաղաքական բնոյթի ցեխարձակումները, վրայ կը հասնէին զուտ փողոցային, տղայական անհիմն պիտակումները` կեղծաւոր, շատախօս, կատակերգակ, խամաճիկ,նենգ…

Խառնափնդոր այս ներկայացումներուն ընդմէջէն, միայն լուրջ ճիգ թափելէ ետք կարելի կ՛ըլլար լոյսին բերել Չաւեզի հասցէին ուղղուած միայն երեք երերուն «ամբաստանութիւններ», որոնք առաւել կամ պակաս չափով իբրեւ հասարակ յայտարար կ՛օգտագործուէին միեւնոյն քաղաքական արեւելման հետեւող այս աղբիւրներուն կողմէ.

– Վենեզուելայի ներքաղաքական կեանքի պառակտում
– Ամբողջատիրական ղեկավարութիւն
– Փտածութիւն

Ամբաստանութիւններէն առաջինը կ՛ամբաստանէր, թէ Չաւեզ երկիրին իշխեց զայն պառակտելով եւ բաժնելով երկու հակամարտող խումբերու: Անկախ այն իրականութենէն, որ Չաւեզի նախագահութենէն առաջ Վենեզուելայի ներքաղաքական խճանկարը շատ հեռու կը մնար միագոյն ըլլալէ, կրկնակի անգամ օգտագործուած այս «դատապարտման» էական յանցանքը անծանօթ կը մնայ ամէնուրեք: Որեւէ տեղ մատնանշում չկար, թէ ինչպէ՛ս ներքաղաքական հակամարտութիւնը, որ Արեւմուտքին փայփայած ժողովրդավարութեան դրսեւորումներու հիմնասիւներէն մէկն է, սեւ կէտերէն մին կը հանդիսանար Չաւեզի կենսագրութեան: Չկար բացատրութիւն, թէ անիկա ինչպէ՛ս կը տարբերէր Միացեալ Նահանգներու երկկուսակցական «հակամարտող» ներքաղաքական կեանքէն:

Չաւեզի գլխաւորած ղեկավարական համակարգի կեդրոնացուածութեան եւ «ամբողջատիրական» ուղղուածութեան մասին հոսած մելանը թերեւս առիւծի բաժինը խլէր իր հասցէին ուղղուած հարուածներուն մէջ: Հոս որոշ կէտեր իրենց տրամաբանական եզրերը կը յաջողէին գտնել, այսուհանդերձ համեմատական հայեացք մը սահմանամերձ թէ հեռաւոր երկիրներու վրայ, բաւարար պիտի ըլլայ յայտնաբերելու, թէ Չաւեզի օրօք Վենեզուելան աւելի ժողովրդավար կառավարման համակարգ ունեցած է, քան շատ մը այլ երկիրներ, որոնց շարքին` միեւնոյն Արեւմուտքի քաղաքական հովանաւորութիւնը վայելող պետութիւններ: Այս իմաստով, վերջին 14 տարուան ընթացքին ժողովրդային քուէարկութեամբ օրինականացուած նախագահական չորս նստաշրջանները, հանրաքուէներու միջոցով սահմանադրական բարեփոխումները, ներքաղաքական բազմակուսակցութիւնը, ընդդիմադիր մամլոյ աղբիւրներու գոյութիւնը անհերքելի ժողովրդավարական վարկ կ՛ապահովեն անոր:

Վերջապէս, փտածութեան գծով Չաւեզին ուղղուած վարանոտ վերագրումներուն չընկերացան ո՛չ օրինակներ, ո՛չ յաւելեալ տեղեկութիւն, հետեւաբար անոնք մնացին պատահական փուճ խօսակցութեան սահմաններուն մէջ:

Եզրակացնելով: Չաւեզի մահուան յաջորդող արեւմտեան մամուլի մակերեսային, ինքնահակասող ու խառնաշփոթ գրոհները` հեղինակազրկելու համար հանգուցեալ ղեկավարը, ոչ ոք հեղինակազրկեցին, քան` իրենք զիրենք: «Թայմ» եւ «Տի Իքոնոմիսթ» պարբերաթերթերը այս առթիւ իրենց մատուցած յօդուածները հերթաբար խորագրեցին «Յեղափոխութեան վերջը» եւ «Հիւկօ Չաւեզի փտած աւանդը»: Թերեւս յիշեալ պարբերաթերթերը իրենց յաջորդական թիւերով պէտք է անդրադառնան լրագրողական բարոյականութեան վերջի եւ իրենց թողած փտած աւանդին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES