Ընկերվարական Ոսպնեակ. Չաւեզի Աւանդը` Կրթութիւնը Եւ Գիտութիւնը Միջոց Զարգացման Ու Գերիշխանութեան

Լ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Կ՛ըսուի, որ մահամերձ Հիւկօ Չաւեզի վերջին խօսքը եղած է` «Չեմ ուզեր մահանալ, կը խնդրեմ, մի՛ ձգէք մահանամ»: Նկատի առնելով Չաւեզի զինուորական կենսագրութիւնը եւ քաղաքական ուղին` կարելի է հաստատել, որ այս խօսքերը կեանքէն աւելի նպատակի, առաքելութեան մը կառչած մարդու խօսքեր են: Չաւեզ փաստօրէն իր գործը կը նկատէր տակաւին անաւարտ: Վենեզուելա, սակայն, շնորհակալութիւն եւ վարձքդ կատար ըսելու բազմաթիւ պատճառներ ունի իր վաղամեռիկ նախագահին: Էջեր կարելի է լեցնել միայն թուելով ցանկը այն մարզերուն ու ծրագիրներուն, որոնց միջոցով Չաւեզ Վենեզուելան նոր-ազատական դեղատոմսերով գոյութիւն քարշ տուող երկիրէ մը վերածեց  ինքնիշխան, յուսալի ու միաժամանակ ընկերվարական ուղիի մը հիման վրայ զարգացող երկրի մը:

Չաւեզ երեւոյթին մօտէն հետեւած մտաւորականներ անոր տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն հասարակ յայտարարը կը նկատեն ազատութեան, հաւասարութեան, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներու քառեակը: Սկզբունքներ, որոնք, Չաւեզի համար խարսխուած էին պոլիվարեան արժէքներու վրայ, եւ որոնց վրայ Չաւեզ բարձրացուց «21-րդ դարու ընկերվարութեան» ի՛ր հասկացողութեան եւ համապատասխան գործունէութեան շէնքը:

Համակիրներու եւ քննադատներու համար հաւասարապէս յստակ է, որ Հիւկօ Չաւեզ իր նախագահութեան 14 տարիներուն ընթացքին ամբողջովին կերպարանափոխեց նաեւ Վենեզուելայի կրթական եւ գիտական ոլորտները:

Այսպէս, շնորհիւ Չաւեզի կիրարկած զարգացման ծրագիրներուն, այսօր Վենեզուելայի մէջ այլեւս գոյութիւն չունի անգրագիտութիւն: Հանրային  վարժարաններու ուսուցիչներուն ամսական թոշակը 700 առ հարիւրով աւելի է, քան` 1999-ի թոշակը (անկախ առողջապահական եւ փոխադրածախսի նպաստներէն, նախածննդեան եւ յետծննդեան հանգստեան շրջանի իրաւունքէն, եւ այլ կողմնակի օժանդակութիւններէ): Անվճար ուսումը սահմանադրութեամբ ամրագրուած եւ կիրարկուող մարդկային եւ ընկերային իրաւունք է: Նմանատիպ ծրագիրներ Չաւեզ կ՛իրականացնէր ընկերային արդարութեան, բարօրութեան, աղքատութեան յաղթահարման ու կրթութեան ուղղուած «Պոլիվարեան առաքելութիւններ» համապարփակ ծրագիրներու ծիրին մէջ: Իբրեւ այլընտրանք սեփական ու անմատչելի համալսարաններուն` Չաւեզ նաեւ հիմնեց շարք մը «պոլիվարեան» համալսարաններ, հասանելի` հասարակութեան բոլոր հատուածներուն:

Բնականաբար այսպիսի յանդուգն ծրագիրներ ամէն քայլափոխի կը բախէին դրամատիրական շրջանակներու եւ անոնց ազդեցութեան գօտիներուն մէջ թաւալող քաղաքական գործիչներու, լսատեսողական ոլորտի ներկայացուցիչներու, ակադեմականներու պարսաւանքին:

Յատկանշական էին գիտական մարզին մէջ Չաւեզի կատարած բարեփոխումները եւ վերոնշեալ շրջանակներու արձագանգը:

Չաւեզի 14-ամեայ իշխանութիւնը հիմնովին շրջեց գիտական բնագաւառին վիճակը Վենեզուելայի մէջ:  Երկրի գիտական մարզի զարգացման ուղղուած քայլերուն առաջինը կարելի է համարել գիտութեան նախարարութեան հիմնումը 1999-ին, Չաւեզի կազմած առաջին կառավարութեան ծիրէն ներս: Մարզին ուղղութիւն տալու վճռորոշ քայլը սակայն առնուեցաւ 2005-ին` «Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նոր արարութեան հիմնարար օրէնք»-ի որդեգրմամբ: Այս օրէնքը կը ճշդէր գիտական մարզի զարգացման նպատակները եւ սեփական մարզի դերը այդ ուղղութեամբ: Այսպէս, հանրային եւ սեփական` ոչպետական շահութաբեր ընկերութիւններ կը պարտաւորուէին ֆինանսաւորել գիտական հետազօտութիւններ` իրենց տարեկան եկամուտի 0.5-2 առ հարիւրի ծաւալով: Հարկատուն կարելիութիւն ունէր որոշել մուծուելիք այս տուրքին ուղղութիւնը` ֆինանսաւորել ներքին հետազօտութիւններ ու մարզումներ եւ կամ գումարները տրամադրել համալսարաններու, հանրային գիտական հիմնարկներու եւ կամ համապատասխան պետական գերատեսչութեան: Նշեալ ընկերութիւններուն մեծամասնութիւնը, սակայն, հաւատարիմ դրամատիրական իրենց բնազդին, օգտուելով օրէնքին ընծայած կարելիութենէն, վճարուելիք տուրքը մեծ մասամբ ուղղեցին ներքին ծրագիրներու: Այս մէկը ի վերջոյ հրաւիրեց իշխանութեան միջամտութիւնը, որ բարեփոխեց վերոնշեալ օրէնքը ու ստեղծեց պետական մարմին մը, որուն կը փոխանցուին նշեալ տուրքերը: Մարմինը իր կարգին կը յատկացնէ այդ գումարները ազգային առաջնահերթութիւն նկատուած մարզերու զարգացման միտող ծրագիրներու, յատկապէս ուժանիւթի, բնապահպանութեան, բնակարանաշինութեան, առողջապահութեան մարզերուն մէջ: Իշխանութեան այս միջամտութիւնը լրիւ համահունչ է ընկերվարական հիմնական սկզբունքներուն. պետութիւնը, յանձինս իշխանութեան, պարտի ի հարկին ուղղութիւն տալ ֆինանսատնտեսական կարեւոր գործառոյթներու, եւ յատկապէս պարտի բացառել երկրի պաշարներուն (մտաւոր, մարդկային, հումքային թէ այլ) հաշուոյն սեփական մարզի սանձարձակ ուռճացումը: Այսպիսով պետութիւնը ինք կը ստանձնէր գիտական եւ առեւտրական ոլորտներու յարաբերութիւններու կարգաւորման դերը, ինչ որ ինքնաբերաբար կը զսպէր առեւտրական շահակցական կեդրոններու հետեւողական նկրտումները: Չաւեզի այս քաղաքականութեան շնորհիւ գիտական զարգացման ուղղուած նիւթական գումարներու ծաւալը ներքին համախառն արտադրանքի 0.4 տոկոսէն բարձրացաւ պատկառելի 2.47 տոկոսին` ցարդ ֆինանսաւորելով աւելի քան 750 գիտական ծրագիրներ:

Նման ծրագիրներու իրականացման ընթացքին Չաւեզ յաճախ հանդիպեցաւ քննադատութեան ակադեմական շրջանակներուն, որոնք զինք կ՛ամբաստանէին համալսարաններու քաղաքականացմամբ ու տրամադրուող նիւթական յատկացումներուն մէջ խտրականութեամբ` համաձայն նպաստառուին քաղաքական հայեացքներուն: Ակադեմական շրջանակներ յատկապէս կ՛ընդդիմանային Չաւեզի յառաջացուցած Շրջանային հանրային խորհուրդներուն շնորհուած դերին`մասնակցելու տուեալ շրջանին մէջ գործող համալսարաններու կառավարման: Այս քայլին մէջ որոշ ակադեմականներ կը տեսնէին գիտական մարզի քաղաքականացում, նիւթական աղբիւրներու հակակշիռի միջոցով գիտական գործունէութեան կաշկանդում, համալսարաններու կշիռի նուազում: Չաւեզի այս եւ բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններ բնականաբար խորթ, հակաժողովրդավարական ու մենատիրական պիտի նկատուին ու ընդհանրապէս պիտի չընկալուին բոլոր այն շրջանակներուն կողմէ, որոնք կեանքի իրաւունք կու տան կենսակերպի, հասարակարգի ու քաղաքացի-պետութիւն յարաբերութեան միայն ամերիկեան-արեւմտեան տարբերակին: Տուեալ համալսարանի կամ ընդհանրապէս հիմնարկի մը ղեկավարման նաեւ տեղւոյն «հասարակ» քաղաքացիին մասնակցութիւնը վառ օրինակ մըն է «21-րդ դարու ընկերվարութեան» Չաւեզի հասկացողութեան: Չաւեզ ոչ միայն ազգայնացուց ու պետականացուց ռազմավարական նշանակութեան շատ մը ոլորտներ ու կառոյցներ, ինչպէս ընդունուած է կատարել ձախի հակող իշխանութիւններու կողմէ, այլեւ ընկերվարականացուց շատ մը ազգայնացուած կառոյցներու ղեկավարումը, ու այդ` տեղական ընկերութեան կողմէ ղեկավարման տարբերակը տարածեց իր իսկ ստեղծած հանրօգուտ կառոյցներու թէ այլապէս առկայ միաւորներու, օրինակ` համալսարաններու վրայ:

Ընդհանուր առմամբ, գիտութեան մարզի զարգացման ուղղութեամբ Չաւեզի ճիգերը յանգեցան գիտաշխատողներու թիւի եւ ֆինանսաւորման ծաւալի կտրուկ բարձրացման: Չաւեզի ընտրութենէն առաջ (1998) Վենեզուելայի մէջ կը գործէին մօտ 1500 գիտաշխատողներ: Փետրուար 2013-ին անոնց թիւը կ՛անցնէր 10 հազարը:

Գիտական մարզի զարգացման ուղղած Չաւեզի բարեփոխումները հեռու էին կատարեալ ըլլալէ: Բացթողումներ նկատելի էին, օրինակ, գիտական նորութիւններու եւ գիւտերու վկայագրերու(patent) համակարգին մէջ: Որոշ գիտնականներ կը լքէին համալսարանները, իսկ ոմանք նոյնիսկ երկիրը` մասնագիտական աշխատանքի «աւելի բարւոք» պայմաններու փնտռտուքի եւ կամ Չաւեզի հաստատած նոր կարգերուն չհամակերպելու պատճառով: Միւս կողմէ, յստակ է, որ թէ՛ կրթական-գիտական եւ թէ՛ այլ ոլորտներէ ներս Չաւեզի քաղաքականութիւններուն քննադատները անոր կը զլանան փորձարկումով սորվելու, նոյնիսկ սխալելո՛ւ իրաւունքը, ինչ որ կը գողազերծէ այդ քննադատներուն իսկական նպատակները:

Ի վերջոյ, կրթական ու գիտական մարզերուն մէջ Չաւեզի բարեփոխումները պէտք չէ արժեւորել միայն այդ ոլորտներուն ներկայացուցած այլապէս կարեւոր հանգամանքներով: Ինչպէս իր բոլոր նախաձեռնութիւնները, Չաւեզ կրթական ու գիտական ոլորտներուն նոր, արդիական ու հանրօգուտ հուն տալով կը նպատակադրէր ամրագրել Վենեզուելայի ինքնաբաւութիւնն ու գերիշխանութիւնը, սակայն` ո՛չ շրջանային ու միջազգային բարեկամ ուժերու հետ գործակցութեան հաշուոյն: Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու հեռահաս ճիրաններէն զերծ մնալու վառ օրինակ է Չինաստանի հետ գիտական համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ  այսօր տիեզերքին մէջ կը թաւալին վենեզուելացի պատմական դէմքեր` յեղափոխականներ Ֆրանսիսքօ տը Միրանտայի եւ Սիմոն Պոլիվարի անունները կրող  երկու արբանեակներ:

* * *

Վենեզուելա ունի աշխարհի քարիւղի մեծագոյն պահեստներէն մէկը եւ կը նկատուի քարիւղ արտադրող հսկայ մը: Հետեւաբար Չաւեզի կիրարկած բարեկարգչական շատ մը ծրագիրներու կարելիութիւնը մօտէն առնչուած է եւ կը յենի քարիւղի արտադրութենէն ստացուող եկամուտներու վրայ: Այս հանգամանգը կը կրճատէ Չաւեզի ծրագիրներու  կիրարկման յաջողութեան հաւանականութիւնը այլ` նուազ հարուստ երկիրներու մէջ: Բայց եւ այնպէս, եթէ ոչ մասնայատուկ ծրագիրներու մասով, ապա գէթ սկզբունքներու, աշխարհահայեացքի ու աշխատանքի եղանակի առումներով Չաւեզի պոլիվարեան փորձը կրնայ իբրեւ ուսումնարան ու կենդանի օրինակ ծառայել փնտռտուքի մէջ գտնուող, արտաքին եւ ներքին ազդակներու տակ տնտեսապէս ու ընկերային առումով խարխափող երկիրներու, ներառեալ` Հայաստանի համար, պայմանաւ որ որդեգրուի Չաւեզի մօտեցումը` քաղաքականութիւնը ընկալել իբրեւ «կարեւորի արուեստ», եւ ոչ միայն «կարելիի արուեստ»:

Հայաստանի այսօրուան վիճակը նման է Վենեզուելայի նախաչաւեզեան վիճակին: Հայաստանի տնտեսական միջավայրը կը յատկանշուի իշխանութեան մօտիկ կամ ղեկին կանգնած սակաւապետներուն պատկանող  մենաշնորհային շուկաներով, երկրի հումքային արդէն իսկ փոքրաթիւ պաշարներու` ի շահ արտաքին պատուիրատուներու գործարկումով, թուղթի վրայ «պիզնեսի համար գրաւիչ», բայց իրականութեան մէջ միայն ի շահ մեծ դրամագլուխի տէրերուն բարենպաստ տնտեսական ու ֆինանսական համակարգով. պատկերը կ՛ամբողջացնեն պետական վարչամեքենայի տեղական` գետնի վրայ ժողովուրդը կեղեքող վոհմակները, եւ այս ընդհանուր համակարգը կանգուն պահող ապահովական մարմիններն ու փտածութեան մէջ թաւալող դատական իշխանութիւնները: Աւելի՛ն. այս կացութեան հեղինակները, իրենց իսկ ստեղծած կացութենէն երկիրը դուրս բերելու  պատճառաբանութեամբ ձեռնամուխ կ՛ըլլան պետականութեան գերիշխանութեան մեծ հարուած հասցնող արեւմտեան (Միջազգային դրամական ֆոնտ, Համաշխարհային դրամատուն,  Հազարամեակի մարտահրաւէրներ, ԵԱՀԿ, ՕԹԱՆ եւ այլն) եւ հիւսիսային (Գոյք պարտքի դիմաց) գործարքներու: Հետեւաբար Չաւեզի պոլիվարեան գործունէութենէն առաջին եւ հիմնական ուսանելի դասը ընդհանրապէս երկրի արեւելումին ու գերիշխանութեան վերահաստատման է, որ կ՛առնչուի, որ իր կարգին կրնայ գալ քաղաքական կամք դրսեւորելու ունակ ղեկավարութենէ մը միայն:

Հայաստանի կրթական ու գիտական մարզերը կը դիմագրաւեն բազմաթիւ հիմնահարցեր: Մինչ Չաւեզ իր հաստատած վարժարաններուն մէջ պետական լեզուին կողքին կը քաջալերէր տեղական`բնիկ բարբառներու ուսուցանումը իբրեւ միջոց ազգային դիմագիծի ամրապնդման, հայրենի կրթական համակարգը տակաւին կը հետապնդէ արտաքին ազդակներու ինթեկրման (համարկումի) քաղաքականութիւն (բարձրագոյն կրթութեան բարեփոխման եւրոպական` Պոլոնիայի գործընթաց, օտարալեզու վարժարաններու հաստատում, «Ռուսական վարժարան» հիմնադրամի ստեղծում եւ այլն): Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ գիտաշխատողի մը աշխատավարձը երկրի ամէնէն ցած աշխատավարձերու շարքին է, իսկ գիտնականներու միջին տարիքը` մօտաւորապէս 60: Փաստօրէն, Հայաստանը գիտական ու յատկապէս արհեստագիտական շրջանային կեդրոնի վերածելու ընդմիշտ տրուած խոստումները կը մնան խոստումի սահմաններուն մէջ: Չաւեզի ներդրած` հսկայ եկամուտներու տէր սեփական ընկերութիւններու կողմէ գիտութեան պարտադիր ֆինանսաւորումին նման քաղաքականութեան մը որդեգրումը ենթադրաբար կրնայ օժանդակել լուծելու Հայաստանի գիտական մարզին դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ գէթ մասամբ զսպելու ուղեղներու անվերադարձ արտահոսքը:

Վերջապէս, Չաւեզի գործունէութիւնը ուսանելի բազմաթիւ դասեր ունի նաեւ որեւէ հասարակութեան մէջ գործող առողջ ուժերուն համար: ժողովուրդին իսկապէ՛ս մօտիկ ու հետեւողականօրէն մօտիկ ըլլալու, լսելու, հասկնալի ու այժմէական եզրերով հաղորդակցելու, եւ մանաւանդ իր (թէկուզ բեմական) հռետորութիւնը միշտ գործով զուգորդելու ոճին շնորհիւ` Չաւեզ ունէր միլիոններ հաշուող ոչ միայն ունկնդիր, այլեւ` մասնակից հետեւորդներ: Չաւեզ խնդիրներու լուծումներ կ՛որոնէր ոչ անպայման գաղափարաբանական յղացքներու ու տեսական խորհրդածութուններու մէջ, այլ նոյնինքն` խնդրոյ առարկայ ժողովուրդին գործնական մօտեցումներու մէջ, ու ապա այդ լուծումները կը բարձրացնէր պետական ու համաժողովրդային մակարդակին:

Այսպէս, Հիւկօ Չաւեզ, Վենեզուելայի իր 14-ամեայ իշխանութիւնը ու իր պոլիվարեան շարունակուող շարժումը կը պարփակեն ուսանելի բազմաթիւ երեւոյթներ` դրուագներ աւելի արդար, աւելի համայնական ու համերաշխ հաւաքականութիւն մը ստեղծելու միտող փորձի մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES