Լրտեսներ, Մատնիչներ Եւ Կրկնակի Գործակալներ Պոսթընի Մարաթոնի Պայթիւններուն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Պոսթընի մարաթոնի պայթումներու տարօրինակ հանգամանքներն ու կասկածելի անունները յառաջացուցած են բազմաթիւ հարցեր, որոնք տակաւին պատասխանի կը սպասեն կառավարութեան պաշտօնեաներէն եւ լրագրողներէն:
Առաւել առեղծուածային անձնաւորութիւնը «Միշա»-ն է, զոր Պոսթընի պայթումներու հեղինակներուն հօրեղբայր Ռուսլան Ցարնին ներկայացուցած է իբրեւ իսլամացած հայ մը, որ իբր թէ «լուացած» է կասկածեալ Ցարնայեւ եղբայրներէն աւագին` Թամերլանի ուղեղը եւ զիրենք դարձուցած` արմատական: Ռուսլան «Միշա»-ն բնութագրած է իբրեւ հսկայ կազմուածքով, ճաղատ եւ երկար ու շէկ մօրուքով դիւահալած մը:
Նախ` ոչ ոք չէր կրնար գտնել «Միշա»-ն: Մինչ Թամերլանի հետ անոր ենթադրեալ կապն ու հայկական ծագումը բազմիցս յայտնուեցան ու յիշատակուեցան լրատուամիջոցներով, իշխանութիւններէն տասը օր պահանջուեցաւ յայտարարելու համար, որ իրենք գիտեն, թէ ով է «Միշա»-ն, եւ թէ ան կապ չունի ահաբեկչական գործողութիւններուն հետ:
Անցեալ կիրակի «Նիւ Եորք Ռիվիու oֆ Պուքս» երկշաբաթաթերթի լրագրող Քրիստիան Քերիլին վերջապէս յաջողեցաւ գտնել եւ հարցազրոյց ունենալ աներեւութացած «Միշա»-ին հետ, Ռոտ Այլընտի մէջ գտնուող անոր տան մէջ: Նոյնիսկ երբ Քերիլը բացայայտեց, որ «Միշա»-ն Պաքուէն է, հայ հօր եւ ուքրանացի մօր զաւակ, եւ անոր ազգանունը Ալախուերտով է, լրատուամիջոցները կը շարունակեն զինք ներկայացնել միայն իբրեւ «հայ»: Յատկանշական է, որ ո՛չ Քերիլը, ո՛չ ալ ուրիշ մը նշած են, որ քրիստոնէական «Միշա»-ն կամ «Միքայէլ» անունը չի կրնար մահմետականի անուն ըլլալ: Նաեւ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, բազմաթիւ մահմետական ազրպէյճանցիներ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ դիմած են ապաստանի հայցով` իրենք զիրենք ներկայացնելով իբրեւ հալածուած հայ քրիստոնեաներ: Շատ տարօրինակ է, որ ենթադրեալ քրիստոնեայ «Միշա»-ն փախչելով Պաքուի իսլամական հետապնդումներէն` Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնափոխ եղած է:
Հետաքրքրական է, որ Քերիլ կը հաղորդէ, թէ «Միշա»-ն ոչ մէկ կապ ունի Պոսթընի պայթումներու հետ, այսինքն` նոյն բանը, զոր աւելի վաղ յայտարարած էին պետական քննիչները: Կրնայ ըլլալ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները Քերիլի համար կապ ստեղծած էին «Միշա»-ի հետ, որպէսզի հաստատեն անոր անմեղութեան վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւնը, ինչ որ որոշ վերլուծաբաններ մղեց ենթադրելու, թէ կրնայ ըլլալ, որ «Միշա»-ն եղած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյի (ՀԴՊ) իրազեկիչ, որուն քողարկումը այժմ եռանդուն կերպով կը պաշտպանուի:
Յաջորդ կասկածեալը հօրեղբայր Ռուսլանն է, որ կը մեղադրէ «հայ Միշա»-ն Թամերլանի վրայ ունեցած հզօր ազդեցութեան համար: Ռուսլան ունեցած է շատ խայտաբղէտ անցեալ. աշխատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման բաժնի եւ Կասպից ծովու ուժանիւթի կարգ մը ընկերութիւններու մէջ, այդ ընթացքին ամուսնացած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) բարձրաստիճան պաշտօնեայ Կրահամ Ֆուլըրի դստեր` Սամանթա Անգարա Ֆուլըրի հետ: Նկատի առնելով Ռուսլանի ազգակցական կապը պայթումներու հեղինակներուն ընտանիքին հետ, անոր աշխատանքը Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղի ընկերութիւններու մէջ, ներառեալ Halliburton-ի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ԿՀՎ բարձրաստիճան պաշտօնեայի դստեր հետ ամուսնացած ըլլալու հանգամանքը, որոշ վերլուծաբաններ կ՛ենթադրեն, որ առեղծուածային հօրեղբօրը պէտք է աւելի մօտէն հետաքննել:
Նշանաւոր ամերիկահայ փաստաբան Մարք Կիրակոս նախորդ շաբաթ «Սի. Էն. Էն» լրատու գործակալութեան կայանէն խստօրէն քննադատեց Ռուսլան Ցարնին` առաջարկելով, որ «մէկը ստուգման ենթարկէ այս հօրեղբօր սթափութիւնը, որովհետեւ ես կը կարծեմ, թէ այս մարդը բանի մը ազդեցութեան տակ է»: Կիրակոսը ցասման մէջ էր, որովհետեւ Ռուսլան Պոսթընի պայթումները կապած էր «հայ Միշա»-ի հետ այն ժամանակ, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ’ոգեկոչէր Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը: Այնուհետեւ Ռուսլան փորձած էր հեռաձայնով կապուիլ Կիրակոսի հետ` ուզելով «յստակացնել» աւելի կանուխ իր կատարած յայտարարութիւնը, սակայն Կիրակոսը մերժած էր ընդունիլ անոր զանգը:
Որոշ վերլուծաբաններ կ’ենթադրեն, թէ կարելի է, որ Թամերլան գործուղուած եղած ըլլայ ռուսական գաղտնի ծառայութիւններու կողմէ` չեչեն ծայրայեղականները լրտեսելու համար, նախորդ տարի Չեչենիոյ եւ Տաղստանի մէջ անոր անցուցած վեց ամիսներու ընթացքին: Կրնայ ըլլալ, որ ռուսական գաղտնի ծառայութիւնները, ՀԴՊ-ն եւ ԿՀՎ-ն տեղեկացուցած է իսլամական խումբերու հետ Թամերլանի ունեցած կապերուն մասին, սակայն բաւարար պատասխան չստանալով Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներէն, գործը ստանձնելով` զայն յանձնած է գործազուրկ ու կարիքաւոր չեչեն երիտասարդին, որպէսզի այս մէկը կատարէ Ռուսիոյ մէջ անոր երկարատեւ կեցութեան ընթացքին:
Այլ վերլուծաբաններ կ’ենթադրեն, թէ հաւանական է, որ Թամերլան եղած ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան իրազեկիչը: Նման ենթադրութիւն աւելի արժանահաւատ է, քան թէ այն, որ ՀԴՊ-ն եւ ԿՀՎ-ն ի զօրու չեն եղած կամ շատ զբաղած էին Թամերլանի անցեալի մանրակրկիտ հետաքննութիւնը կատարելով, երբ ռուսական գաղտնի ծառայութիւնները անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրած են Թամերլանի անուան վրայ: Կրնայ ըլլալ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները շատ լաւ կը ճանչնային Թամերլանը եւ հաւանական է նոյնիսկ խրախուսած են անոր այցելութիւնը Ռուսիա` ժիհատական շրջանակներուն մէջ իբրեւ իրենց լրտես :
Վերջապէս, կան նաեւ այնպիսի վերլուծաբաններ, որոնք կը կարծեն, թէ ամէն ինչ վերջ գտաւ այն ատեն, երբ Թամերլան դաւաճանեց թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւններուն, փոխարէնը որոշելով աջակցիլ արմատական իսլամական խմբաւորումներուն` «Իրաքի եւ Աֆղանիստանի` Միացեալ Նահանգներու պատերազմներու նկատմամբ զայրոյթէն մղուած», ըստ անոր կրտսեր եղբայր Ճոխարի բանտի մէջ կատարած խոստովանութեան:
Բնականաբար, տարբեր վերլուծաբաններու կողմէ արծարծուած այս ենթադրութիւնները` հիմնուած նախնական տեղեկատուութեան վրայ, կ’ակնկալեն համակողմանի հետաքննութիւն Քոնկրեսի մէջ` իրական փաստերը բացայայտելու համար: Պոսթընի պայթումներուն ընթացքին սպաննուած եւ վիրաւորուած ամերիկացիները արժանի են անկեղծ պատասխանի:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

