«Ուաշինկթընի Ու Մոսկուայի Շահերը Հասարակաց Են` Սուրիոյ Եւ Տարածաշրջանի Կայունութեան Պահպանման Հարցերուն Մէջ» Ըսաւ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն հաղորդեց, որ Քերրի հանդիպումին ընթացքին Փութինի հետ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ` Պոսթոնի ահաբեկչութեան հետաքննութեան ընթացքին ցուցաբերուած համագործակցութեան համար:
Քերրի նաեւ հաւաստած է, որ Ուաշինկթըն կը կիսէ Մոսկուայի մօտեցումները Սուրիոյ մէջ իրավիճակի լուծման ուղղութեամբ: Ան նշած է, թէ Օպամա «անհամբեր կը սպասէ» Փութինի հետ Իրլանտայի մէջ «Մեծ ութնեակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպելու հնարաւորութեան:
«Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Քերրի Փութինի յայտնած է, որ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի շահերը հասարակաց են` Սուրիոյ հարցով եւ տարածաշրջանի կայունութեան պահպանման առումով:
Քերրի հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր ռուս պաշտօնակիցին Սերկէյ Լաւրովի հետ, եւ երկու կողմերը համաձայնեցան Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողով գումարելու: Լաւրով հաստատեց, որ տագնապին երկու կողմերուն վրայ պէտք է ճնշում բանեցնենք, որպէսզի բանակցութեանց սեղան նստին: Ան ընդդիմութիւնը «ծայրայեղականներու խմբակ» կոչեց, իսկ Քերրի յայտնեց, որ գնդակը ներկայիս կը գտնուի Սուրիոյ վարչակարգին դաշտին մէջ, որ պէտք չէ քիմիական զէնք օգտագործէ: Ան զգուշացուց Սուրիոյ մէջ համատարած քաոսէ եւ ցեղային մաքրագործումէ, եթէ տագնապին լուծում գտնելու չշտապուի: Քերրի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման այլընտրանքը կրնայ երկրին քայքայումը ըլլալ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յորդանանցի իր պաշտօնակից Նասեր Ժաուտաթի հետ Ամմանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք «յորդանանցի եղբայրներուն հետ» պաղեստինի եւ Սուրիոյ հարցով անկեղծ կերպով խօսած է ու հաստատած, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ կերպով եւ սուրիացիներուն կողմէ` նշելով, որ «Իրան կը մերժէ դուրսէն եկող որեւէ լուծում եւ Սուրիոյ մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն»:
Ան զգուշացուց «Սուրիոյ մէջ որեւէ բացէ, որուն հետեւանքները ժխտական պիտի ըլլան բոլոր պետութեանց համար, եւ արաբ եղբայրները պէտք է այս տագնապին մէջ Սուրիոյ կողքին կանգնին` ընդդէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումին». ան մատնանշեց «Ժապհաթ Նուսրայի Սուրիոյ մէջ գործած ջարդերու եւ իսրայէլեան յարձակումներուն ժամանակագրական համընկնումը»:
Ժաուտաթ իր կարգին յայտնեց, որ «Յորդանան այլ պետութեան հարցերուն միջամտութեան դէմ է» եւ յոյս յայտնեց, որ` «Սուրիոյ տագնապին լուծման մաս կը կազմենք եւ Արաբական լիկային հետ կ՛աշխատինք ու մեր կեցուածքները Իրանի եւ այլ պետութեանց հետ կը համակարգենք»:
«Ալմայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սալեհի Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յանձնած է երեք կէտերէ բաղկացած նամակ մը` զգուշացնելով զինք ամերիկեան ծուղակը իյնալէ եւ Յորդանանը սուրիական տագնապի հետեւանքներուն թիրախ դարձնելէ:
Իրանեան նամակը կ՛ընդգծէ, որ Թեհրան Սուրիան պաշտպանելու եւ անոր տապալումը արգիլելու հարցին մէջ լուրջ է` շեշտելով, որ Իրան պատրաստ է ամերիկեան ճնշումներուն դիմաց տոկալու համար Յորդանանի որեւէ աջակցութիւն տրամադրելու:
Սալեհի աւելի ուշ անակնկալ այցելութեամբ Դամասկոս մեկնեցաւ` Սուրիոյ փոխանցելու Թեհրանի ամբողջական զօրակցութիւնը: Ան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ` «Իսրայէլ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին չմիջամտեց, սակայն ճշդեց կարմիր գիծեր` ահաբեկչական կազմակերպութեանց զէնք փոխադրելը կամ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ոտնահարելը»:
Եաալոն հաստատեց. «Ամէն պարագայի, իսրայէլեան բանակը պիտի պաշտպանէ Իսրայէլի ապահովութիւնը, եւ մարտական խումբերուն հրաման տրուած է քանդելու Իսրայէլի ուղղութեամբ կրակ բացող կէտերը` հազիւ յայտնաբերուին»:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ երէկ սուրիական հողամասերէն բռնագրաւեալ Կոլանի դէմ երկու հրթիռներ արձակուած են, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ անծանօթներ Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն 4 զինուորներ առեւանգած են: Աւելի ուշ Սուրիական ազատ բանակի «Եարմուքի նահատակներ» ջոկատը ստանձնեց առեւանգման պատասխանատուութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի յարձակումներուն գծով, որոնք կրնան շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայել` կոչ ուղղելով ինքնազսպումը եւ ընդգծելով Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ Իսրայէլեան յարձակումը անընդունելի է: Ան մէկ օր առաջ նշած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուղ գին պիտի վճարէ Պանիասի մէջ իր ուժերուն գործած ջարդերուն համար: «Այդ մանուկներու հեծեծանքը երկինք պիտի հասնի, եւ Աստուծոյ վրէժը պիտի թափեն վրադ»: «Մենք Դամասկոսի, Համայի, Հալէպի եւ Հոմսի պատասխանատուութիւնը կը կրենք մեր ուսերուն վրայ եւ ոչ թէ միայն Իգտիրի, Հաքիրարիի, Վանի, Սինոփի, Տիգրանակերտի կամ Պոլսոյ», նշած էր ան:


