Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ որոշեցին այդ իմաստով խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները առկայ պահել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդանաւեր նախանցեալ գիշեր եւ երէկ առաւօտեան դարձեալ խզեցին Լիբանանի օդային սահմանները եւ ցած մակարդակի թռիչքներ կատարեցին հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի վերեւ, ապա ուղղուեցան հիւսիսային Լիբանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ վրայ գործուած ռմբակոծումները Սուրիոյ շահերուն կը ծառայեն եւ Սուրիոյ ներքին պատերազմը կը վերածեն շրջանային պատերազմի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած

ընտրական օրէնքը քուէարկութեան ենթարկելու առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միակ պահանջը քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միասնականութիւնն է: Կառավարութեան կազմութեան առումով ան շեշտեց, որ իրենց պահանջն է ունենալ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը:

«ՈՒԱԹԱՆ» սուրիական օրաթերթին համաձայն, Սուրիա պատրաստ է Լիբանանի Դիմադրութիւնը օժտելու ամէն տեսակի զէնքերով եւ հրթիռներով, որպէսզի ի հարկին ան եւս հակադարձէ իսրայէլեան բռնարարքներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա ինքզինք եւ Լիբանանը միջամուխ դարձուցած է Սուրիոյ դժոխային պատերազմին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երբեք չի փափաքիր Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին վերադառնալ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ տակաւին պատրաստ է քննարկելու շարք մը նախաձեռնութիւններ եւ միտքեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի շարունակէ ընտրական օրէնք մը մշակելու առումով իր բոլոր ջանքերը ի գործ դնել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ այս հանգրուանը քաղաքական խուսանաւումներու հանգրուան մը չէ` աւելցնելով, որ Սալամի պարտականութիւնն է աշխուժացնել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Մոհամետ Հութ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառչած կը մնայ ունենալու սեղմ կառավարութիւն մը, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու նախարարներ չի պարունակեր:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Իրան տապալումէ պիտի չկարենայ պաշտպանել Սուրիոյ վարչակարգը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Եազիժի պատրիարքը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Փարիզ:

 

Share this Article
CATEGORIES