«Պքերքէ Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Կողմերէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ տակաւին կը գտնուի Պրազիլ, ողջունեց Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հանդիպումը:
Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց ընտրական համախոհական օրինագիծ մը գոյացնելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը` ընդգծելով, որ Պքերքէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այս հանգրուանին մարոնի համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի կատարելիք` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ հանդիպելու եւ Լիբանանի դերակատարութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք օրական դրութեամբ կը խորհրդակցի լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ եւ տեղեակ կը պահուի ընտրական օրէնք մը գոյացնելու առումով կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներէն:
Ան հաստատեց արդար ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց` կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարող է ճշդուած թուականին կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւել երկրին սպառնացող տնտեսական եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

