Իսրայէլի` Սուրիա Ռմբակոծումը Դատապարտող Կեցուածքներ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Սուրիան ռմբակոծելը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւնները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ միացեալ թշնամիի մը կողմէ ցուցաբերուած այս վարուելակերպը անակնկալ մը չի նկատուիր` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կ՛օգտագործէ Սուրիոյ մէջ տիրող այս պայմանները` յարձակումները գործելու Սուրիոյ վրայ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Միջազգային ընտանիքին եւ Ապահովութեան խորհուրդին` Իսրայէլի դէմ խիստ պատժամիջոցներ որդեգրելու ու վերջ տալու համար այլ պետութիւններու դէմ անոր գործած բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւններուն եւ ենթարկուելու միջազգային օրէնքներուն ու համոզուելու, որ հարկ է մասնակցիլ շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւններուն` իրականացնելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները` ընդգծելով, որ բռնարարքներ գործելու Իսրայէլի ախորժակները մնայուն կերպով առկայ են եւ կը հասնին նաեւ Լիբանանի` երկրին օդային սահմանները խզելու եւ անոր դէմ մնայուն սպառնալիքներ կատարելու առումով:

Միքաթի շեշտեց, որ Իսրայէլ այս դրութեամբ կը խախտէ միջազգային օրէնքները եւ կը սպառնայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս ընդգծեց, որ սիոնական գոյացութեան թշնամական ինքնութիւնը կարելի է դատել անոր կողմէ Սուրիան ռմբակոծելու արարքէն:

Հըս խստիւ դատապարտեց Իսրայէլն ու անոր զօրակցող կողմերը եւ աշխարհին ուշադրութեան յանձնեց Իսրայէլի գործած այս խախտումներն ու ոտնձգութիւնները:

Հըս ցաւ յայտնեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն գծով արաբական լռութեան հանդէպ:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ քննարկեց Սուրիոյ դէմ գործուած բռնարարքներուն վերաբերող հարցեր:

Մանսուր յայտնեց, որ իսրայէլեան ռմբակոծումը պիտի չկարենայ բարոյապէս յուսալքել սուրիական իշխանութիւններն ու Սուրիոյ ժողովուրդը: Ան ըսաւ, որ գետնի վրայ Սուրիոյ բանակին իրագործած նուաճումներն են, որոնք մղած են Իսրայէլը նման քայլի մը դիմելու:

Մանսուր կոչ ուղղեց Արաբական լիկային` Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումին առումով խիստ կեցուածք մը որդեգրելու:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումն ու ռմբակոծումը` շեշտելով, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ պատերազմի փողեր կը հնչեցնէ:

 

Share this Article
CATEGORIES