Լիբանան Բողոքի Նամակ Մը Կը Փոխանցէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ շրջանին մէջ որեւէ ցնցում իր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանան ձեռնածալ չէր կրնար մնալ Իսրայէլի կողմէ իր գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին խախտումներուն առումով:

Մանսուր նշեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք մը ներկայացուց այս առումով:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի կառավարութեան անունով Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յանձնեց բողոքի նամակ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ իսրայէլեան օդուժը վերջին քանի մը օրուան ընթացքին սաստկացուցած է Լիբանանի վերեւ իր գործած թռիչքները եւ խախտած Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ խզած Միջազգային օրէնքի բոլոր կանոնները:

Սալամ Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց խստիւ դատապարտել իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերջ տայ իր գործած ոտնձգութիւններուն եւ յարգէ թիւ 1701 բանաձեւը:

Սալամ պահանջեց բողոքի այս նամակը իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ յանձնել Ապահովութեան խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ նոյն նամակէն օրինակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )