Միքաթի – Սալամ` Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միքաթի Սալամէն տեղեկացաւ կառավարութեան կազմութեան նպատակով կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` դիւրացնելու վարչապետ Սալամի ստանձնած պարտականութիւնը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին, երբ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութեան կարիքը կը զգացուի:

Նշենք, որ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Ազեզի մէջ գտնուող ինը լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու համար:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներուն դեսպաններուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ, որ իր հողերը օգտագործուին Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին մէջ ներքաշելու նպատակով:

Միքաթի խստիւ դատապարտեց նաեւ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները, որոնք կը միտին շրջանին կացութիւնը վատթարացնել:

Միքաթի ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ճիգ չեն խնայեր պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Ան Միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` օժանդակելու լիբանանեան պետութեան, որպէսզի ան կարենայ հոգալ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )