Զօր. Աուն. «Սուրիոյ Վրայ Ռմբակոծումները Դատապարտելի Են Եւ Անոնք Պատերազմի Յայտարարութիւն Կը Նկատուին»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները` զանոնք նկատելով պատերազմի յայտարարութիւն 40 տարուան զինադադարէ ետք:

Զօր. Աուն դատապարտեց նաեւ իսրայէլեան ռմբակոծումները ողջունող յայտարարութիւնները: Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ Լիբանանի վերեւ Իսրայէլի գործած թռիչքները:

Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ միակ սահմանադրական օրէնքը, որ իրաւունքը կու տայ իրաւատիրոջ, Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծն է` «եթէ դուք կը փորձէք մերժել զայն իրականացնելու համար ձեր փափաքները, ապա հարուածած կ՛ըլլաք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն նամակ մը յղեց Սուրիոյ զինեալ կազմակերպութիւններուն զօրակցող պետութիւններուն եւ խնդրեց անոնցմէ միջամտել, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատ արձակել Հալէպի մէջ առեւանգուած յոյն ուղղափառ համայնքի Հալէպի  առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսն ու ասորի ուղղափառ համայնքի Հալէպի առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսը:

Իր նամակին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հասած է իր յոռեգոյն իրավիճակին` ընդգծելով, որ զինեալները ազատութեան անունով ոճիրներ կը գործեն եւ այս անգամ անոնք թիրախ դարձուցած են երկու հոգեւորականներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Սուրիոյ տագնապին հետ, ընդհակառակն` անոնք մնայուն կերպով նպաստած են Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ վերոնշեալ առաջնորդները առեւանգուեցան երբ անոնք ստանձնեցին առեւանգուած երկու այլ հոգեւորականներու` հայ կաթողիկէ համայնքի հայր Միշել Քայեալի եւ յոյն ուղղափառ համայնքի  հայր Մահեր Պուլոս Մահֆուզի ազատ արձակման բանակցութիւնները կատարելու պարտականութիւնը:

Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ զինեալ խմբաւորումները անցեալ հոկտեմբերին Սուրիոյ մէջ սպաննած են նաեւ երկու քահանաներ` հայր Ֆատի Հատտատ եւ հայր Պասիլիոս Նասսար:

«Այս արարքները զուտ ահաբեկչութիւններ են եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունին ազատութեան ի խնդիր տարուած պայքարին հետ: Ժամանակն է արդէն, որ զինեալ խմբաւորումներուն օժանդակող երկիրները ներդրում ունենան առեւանգուած հոգեւորականներուն ազատ արձակումին մէջ», հաստատեց զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES