Պըրրի Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Զարգացումները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքն ու այդ գծով տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ իր ունեցած հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են իսկական հաւասարութիւն ապահովելու` քրիստոնեայ ներկայացուցչութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան առումով:

Ֆըրզլի շեշտեց, որ Պըրրի յանձնառու կը մնայ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ ուժերուն կողմէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ որոշ կառչածութիւն մը կայ:

Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Պըրրի ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Պըրրիի հետ շարունակած է քննարկել ընտրական օրէնքին եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս շրջագիծին մէջ ան ըսաւ, որ, ըստ երեւոյթին, կառավարութեան կազմութեան ջանքերը սկսած են զարգացումներ արձանագրել:

Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ արձակուրդի օրերուն վարչապետ Թամմամ Սալամ շարունակած է կառավարութեան կազմութեան առումով իր ճիգերը` յանգելու համար համախոհական եւ ազգային կառավարական կազմի մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES