Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Շարունակեցին Իրենց Բողոքի Ցոյցերը` Հասնելով Մինչեւ Շաայթիէ

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին, ինչպէս նաեւ Ռիատ Սոլհի թրքական մշակութային կեդրոնին դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Թուրքիան ամբաստանող եւ թրքական շահերուն դէմ պայքարելու պաստառներ ու կարգախօսներ բարձրացուցին` հաստատելով, որ իրենց նստացոյցը պիտի շարունակուի մինչեւ իրենց հարազատներուն ազատ արձակումը:

Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանեան պետական մարմիններուն` գործակցելու ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատ արձակել իրենց հարազատները:

Միւս կողմէ, ընտանիքներուն մօտ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ իր կարգին կառավարութենէն պահանջեց գործակցիլ հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Միւս կողմէ, կիրակի օր առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները անցեալ կիրակի օր բողոքի ցոյց մը կատարեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատին կեդրոնին դիմաց, Շաայթիէի մէջ:

Ցոյցին ընթացքին առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները սպառնացին ըսելով. «Այս կեդրոնէն ոչ մէկ թուրք դուրսը կ՛ուզենք տեսնել, եթէ մինչեւ 22 մայիս մեր հարազատները ազատ չարձակուին եւ տուն չվերադառնան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )