Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վերադարձաւ Լիբանան, աւարտելէ ետք Հռոմ կատարած իր այցելութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կէսօրին ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ գործուղուած էր մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ օրէնքին առումով կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու միջեւ արձանագրուած խորհրդակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման տեսակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիին հետ. անոնք քննարկեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` Լիբանանի վերեւ իսրայէլեան օդուժին գործած թռիչքներուն լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Նահատակաց տօնին առիթով իր պատգամին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նահատակներուն զոհողութիւնները կարելի է ճանչնալ ժողովրդավարութիւնն ու բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ աշխատանքին մէջ թափանցիկութիւնը պահպանելով:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ հարկ է պայքարիլ փտածութեան եւ փտածներուն դէմ, ինչպէս նաեւ վերաբանալ շարք մը դատական հարցեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կերտել օրէնքի, արդարութեան եւ քաղաքացիութեան պետութիւն մը, որ ըլլայ անկախ եւ գերիշխան:

