«Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը Լրջօրէն Կը Վտանգէ Տարածաշրջանի Խաղաղութիւնն Ու Կայունութիւնը» Կ՛ըսէ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Հարաւկովկասեան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»:

Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան կը ձգտի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծել միջազգային իրաւական արժեչափերու ծիրին մէջ: «Մենք կ՛ուզենք մեր բռնագրաւուած տարածքները ազատագրել միջազգային իրաւունքի արժեչափերու ծիրին մէջ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «մենք կը շարունակենք տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումները: Այնպէս որ, որքան ուժեղ ըլլանք, այնքան շուտ պիտի կարողանանք լուծել հիմնախնդիրը»:

Խօսելով վրացական-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին` Ալիեւ նշած է, որ «ատոնք հարաւկովկակսեան տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան լաւագոյն օրինակ են»: «Ցաւօք սրտի, Հարաւային Կովկասի երրորդ երկրի` Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները լարուած են: Այդ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին, եթէ Հայաստանը վերջ տայ իր բռնագրաւիչ քաղաքականութեան», նշած է ան:

Նշենք, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին:

 

Share this Article
CATEGORIES