Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Մօտ Կրակոց
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ անծանօթ մը կիրակի օր Ս. պատարագի ընթացքին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ արտաքին դրան առջեւ իր ատրճանակով օդը կրակած է եօթը փամփուշտ: Ոստիկանները անմիջապէս փութացած են դէպքին վայրը ու սկսած հետաքննութիւն կատարել, նաեւ քննել ապահովութեան տեսախցիկները: Օրաթերթը կը նշէ, որ կիրակի կէսօրուընէ ի վեր թրքական լրատուամիջոցներ դէպքին վայրին մասին սխալ տեղեկութիւն կը հաղորդեն. անոնք կը նշեն, որ դէպքը պատահած է պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ դրան առջեւ:
«Հիւրրիյէթ» երկուշաբթի օր հաղորդած է, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան յիշեցուցած է, որ կրակողը փամփուշտները արձակելու ընթացքին պոռացած է. «Դուք այլեւս շատ եղաք»: Ան ըսած է, որ Սամաթիոյ եկեղեցիին դրան առջեւ կանգնած պաշտօնեայի մը վրայ եւս անցորդ մը յարձակած է: «Պատրիարքարանը մտահոգ է այսպիսի պատահարներէն եւ տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ տեսակցութիւններ պիտի ունենանք, պիտի ուզենք, որ ապահովութեան յաւելեալ միջոցներ որդեգրուին», ըսած է սրբազանը:
Թրքական «Սանաեոլուհապեր»-ը երէկ հաղորդեց, որ այս հարցով ձերբակալուած են երեք անձեր, որոնցմէ մէկը հայ է: Անոնք եկեղեցւոյ մօտ 7 անգամ օդը կրակած եւ փախուստի դիմած են: Կասկածեալները եկեղեցւոյ պատերուն` «Շղթաները թող կոտրուին, Այա Սոֆիան թող բացուի» գրութեամբ թղթիկներ փակցուցած են:
Ձերբակալուած կասկածեալները, ներառեալ հայը, խոստովանած են իրենց արարքը: Անոնք նշած են, որ սադրանք իրականացնելու կամ խուճապ յառաջացնելու նպատակ չեն ունեցած:
Ըստ «Սամանեոլուհապեր»-ի, ոստիկանութիւնը դէպքէն անմիջապէս ետք ուսումնասիրած է ապահովական տեսախցիկներու տեսագրութիւնները` յարձակողին ինքնութիւնն ու դէպքին մանրամասնութիւնները յստակացնելու համար:

