Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքներու Հրապարակում

6 մայիսին` ժամը 10:00-ին Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:

Ըստ անոնց, կուսակցութիւններու եւ կուսակցութեանց դաշինքներու ստացած թեր քուէաթերթիկներուն թիւը հետեւեալն է.

Առաքելութիւն կուսակցութիւն 2692 (0.64 տոկոս)

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն 97,189 (23.05 տոկոս)

Բարեւ Երեւան կուսակցութիւններու դաշինք 35,732 (8.47 տոկոս)

Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւն  18,499 (4,39 տոկոս)

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւն 15,999 (3.79 տոկոս)

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն 235,512 (55.86 տոկոս)

Օրինաց երկիր կուսակցութիւն 15,733 (3.73 տոկոս)

Քուէատուփին մէջ առկայ սահմանուած նմոյշի ծրարներուն թիւը` 436,590.

Անճշդութիւններու ընդհանուր թիւը` 288:

Ընտրողներու հիմնական ցանկերու ընտրողներու թիւը` 816,475:

Քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասերուն մէջ կազմուած ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակներու ընտրողներու թիւը` 3:

Ընտրողներու ընդհանուր թիւը` 816,478:

Քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը` 437,212 կամ 53,55 տոկոս:

Ընտրական կեդրոններու ընտրական յանձնաժողովներուն յատկացուած քուէաթերթիկներուն թիւը` 829 հազար:

Տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ օգտագործուած քուէաթերթիկներու ընդհանուր թիւը` 391,039:

Անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը 15,250:

Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կուսակցութիւններուն համար անցման շեմը 6 տոկոսն է, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքներուն համար` 8 տոկոսը: Այսպիսով, Երեւանի աւագանիին մէջ միայն երեք ուժ պիտի ըլլայ` ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքը: ՀԱԿ-ը, ՀՅԴ-ն, ՕԵԿ-ն ու «Առաքելութիւնը» ձախողեցան աւագանիի ընտրութիւններուն:

Ընտրութեանց արդիւնքներու լոյսին տակ Տարօն Մարգարեանը պիտի նկատուի Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ:

Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին քուէարկութեան օրէն ետք 7-րդ օրը, այսինքն` մայիս 12-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )