Կիրակի, 12 Մայիսին Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ
Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը վերոնշեալ ակումբին մէջ, կիրակի, 12 մայիսին` առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ:
Մրցաշարքը պիտի ըլլայ ընդամէնը 6 հանգրուան: Իւրաքանչիւր հանգրուանի տեւողութիւնն է 30 վայրկեան (իւրաքանչիւր խաղացողի համար` 15 վայրկեան), որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Նշենք, որ ակումբին նախագահ եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտէն տեղեկացանք, որ այս մրցաշարքին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ անվճար: Մրցանակակիրները պիտի ստանան` բաժակներ, մետալներ եւ այլ յիշատակի նուէրներ:
Սակայն հակառակ ասոր, մասնակցողները պարտին իրենց անունները արձանագրել կապ հաստատելով Հիւսէյն Համմուտի (03-771795) եւ կամ Նետիմ Համմուտի հետ (71-107597):

