Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 8 մայիսին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան ՀՄԸՄ Պէյրութը եւ Թատամոն Զուքը:

Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեան:

Այս մէկը նկատի ունենալով եւ հինգ մրցումէն երեքը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ կատարելու առաւելութենէն օգտուելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ արձանագրել:

Նշենք, որ մնացեալ երկու մրցումները, տեղի պիտի ունենան Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ համալիրին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 19:30-էն սկսեալ, Ֆանարի ակումբէն եւ Շաղզոյեան կեդրոնէն համակիրները պիտի փոխադրեն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր:

Ստորեւ կու տանք աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը (անիկա ենթակայ կրնայ ըլլալ փոփոխութիւններու` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ).

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 8 ՄԱՅԻՍ               ԺԱՄ        ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք   20:30 Աղբալեան

ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ
Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ   20:00 Ֆուատ Շեհապ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 13 ՄԱՅԻՍ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք   20:30 Աղբալեան

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՄԱՅԻՍ
Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ   19:00 Ֆուատ Շեհապ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 16 ՄԱՅԻՍ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք   20:30

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )