Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ԵՐԷԿ ՆՇԵՑԻՆՔ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒ ԷՋԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

24 Ապրիլ, 1915:

«Ապրիլ ամիսը ամէնէն անգութ ամիսն է» քերթուածին մուրազը այս չէր անշուշտ: Սակայն մեր պատմութեան մէջ ահռելի մութ բիծ մը ձգած է այս թուականը:

24 ապրիլ 1915-ին Իթթիհատ եւ Թերաքքըի կառավարութեան կողմէ տրուած հրահանգով պոլսահայ բնակչութեան կարկառուն դէմքերը մէկ առ մէկ հաւաքուեցան իրենց տուներէն: Անոնց մեծամասնութիւնը քաղաքագէտ, գիտնական կամ արուեստագէտ էր:

Հարիւր տարիներէ ի վեր մեր գլխուն վրայէն անպակաս եղած Իթթիհատ եւ Թերաքքըին շուքը այդ օր սկսած «լուծումով» ամբողջովին թանձրացաւ:

Նպատակադրուած էր ոչնչացնել հայ հաւաքականութեան մտաւոր առաջնորդները:

Եւ սկսած այս «Գործողութիւնը» պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուէր իբրեւ «թրքական կեղտոտ ուրացում» եւ  «դարուս առաջին կոտորածը»: Անմիջապէս պիտի յաջորդէր Անատոլուի թիզ առ թիզ մաքրագործումը. հայ բնակչութիւնը իր նախնիներու երկրէն եւ հայրենիքէն քշուելով` դուրս պիտի դրուէր, ջարդուելով եւ անօթի մնալով` պիտի փճանար անվերջանալի ճամբաներու երկայնքին: Անշուշտ որ իթթիհատական մտածելակերպը  այժմու մտածելակերպէն տարբերութիւն չունէր: Գործածուած միջոցները մեզի ծանօթ նոյն միջոցներն էին: Որպէսզի ջարդերը անաղմուկ ձեւով գործադրուէին, հարկ էր որ նախ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայ մտաւորականութիւնը չէզոքացուէր. այնուհետեւ չքաւոր խեղճ ժողովուրդը ոչնչացնելն ու անհետացնելը դժուար պիտի չըլլար:

Այսպէս, ուրեմն, ապրիլ 24-ը առաջին քայլն է հայ մտաւորականութեան բնաջնջումով սկսած ցեղասպանութեան: Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը ապրիլ 24-ի առիթով հրատարակած իր յայտարարութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կ՛ամփոփէ այդ սեւ օրուան մէջ ապրուածները. «… ապրիլ 24-ը միմիայն հայոց եւ սուրիանիներուն ցեղասպանութիւնը չի խորհրդանշեր. ան կը խորհրդանշէ երկրի մը պատմութեան բոլորովին նոր եւ սուտերու վրայ հիմնուած կառուցումը, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդի մը գոյութեան եւ անոր ունեցած պատմական հարուստ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը: Թուրքիոյ մէջ քաղաքներ, մեծ գաղտնիք մը պահելու նման, պատմութիւնը կը պահեն: Մարդիկ, անգիտակցաբար, անհամար «յանցագործութեան թատերաբեմերու» առջեւէն կ՛անցնին: Ահաւասիկ անոնցմէ մէկն է, փրկուածներուն յուշերուն մէջ պատմուած, Մեհտերհանէն Իպրահիմ փաշային պալատը, այսինքն` այսօրուան սուլթանահմեթ հրապարակին վրայ գտնուող «Իսլամական արժէքներու թանգարան»ը: Այստեղը, ապրիլ 24-ի գիշերը, իրենց տուներէն հաւաքուած հայ մտաւորականներուն` բանաստեղծ, գրող, լրագրող, բժիշկ, դեղագործ եւ իրաւաբանի համար ծառայած էր իբրեւ կեդրոնական արգելարան, որպէսզի հետագային Հայտարփաշայի կայարանէն ճամբայ հանուէին դէպի Անատոլու»:

ՀԱՐԿ Է, ՈՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑՈՒԻ

Հայերու դէմ թշնամանքը տակաւին նախակրթարանէն տեղաւորած եւ ամէն առիթով հրահրած պետութեան պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր բազմիցս: Հարցուելիք ամէնէն կենսական հարցումը որոշ է: Մենք չկրցանք «կարեկցանք»ի գաղափարին հետ հաշտուիլ, քիչ մըն ալ կասկածախտի մասին ի՞նչ կ՛ըսէք:

Երբեւիցէ մտածած է՞ք, որ թերեւս իսկապէս բոլորս ալ հայ ենք: Հաւանական է, որ մեր բոլորին ծագումնական ծառին մէկ օղակին մէջ պահուըտելով, կարելի է գտնել մէկը, որ ստիպողութեան տակ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ իսլամ եւ կամ թուրք: Գտնուելու հաւանականութիւնը մեր կարծածէն շատ աւելին է:

Այս օրերուս, «լուսանցքային» համարուող ընտանիքէ մը սերած ըլլալուս համար, բնաւ չէի հետաքրքրուած գերդաստանիս արմատներով եւ շատ ուշ տեղեկացած էի, որ անոնց մէջ, ալպանացիներու նման, կային նաեւ ալեւիներ: Հիմա, երբ կը մտածեմ, մեծ մօրս ալ հայ ըլլալուն կասկածը կ՛ունենամ: Նոյնպիսի կասկած մը ունեցած էր զաւակիս մայրը` իր մեծ մօրը մասին: Այսպիսով, իմ տղաս քանի՞ տոկոսով հայ կը համարուի:

Արդեօք, առանց գիտակցելու, շարունակ հայ երեխանե՞ր կը ծնինք աշխարհին:

Ինչպէ՞ս ազատիլ ասկէ. մենք զմեզ ոչնչացնելո՞վ:

Առանց հրաժարելու թշնամական մեր տրամադրութենէն, առանց ամչնալու ուրացումի մեր քաղաքականութենէն եւ իրականութիւնը տեւաբար խծբծելով ու հրմշտկելով` մենք զմեզ փճացուցած չե՞նք ըլլար:

Եթէ գործուած ջարդերը ծածկես եւ կեանքդ կառուցես կոտորածներու ուրացումին վրայ, օր մըն ալ կ՛անդրադառնաս, որ դուն քեզ ոչնչացուցեր ես: Ուրացումը շա՛տ սուղ արժող մարդկային տկարութիւն մըն է. փոխարժէքը, շատ սուղ է, եւ օր մը անպայման կը ճաթռտի: Ո՛վ որ իր յանցանքը կ՛ուրանայ, ժամանակի ընթացքին կը նոյնանայ այդ յանցանքին հետ: Իր կեանքի ամբողջ քերականութիւնը կը հիմնուի այդ յանցանքէն փախուստ տալու վրայ:

Ահաւասիկ, ճիշդ ալ այս է ներողամտութիւն հայցելու նպատակը, ուրացումով եւ լռութիւն պահելով մինչեւ ինծի հասած այս յանցանքի շղթան փշրելու համար է: Յանցանքէն չփախչելու, այլ անոր դէմ յանդիման գալու պատրաստ ըլլալս յայտարարելու համար է:

Որպէսզի Ճանան Արըթմաններու (ակնարկութիւն` ազգայնամոլ երեսփոխանին, որ նախագահ Կիւլը նուաստացնելու համար անոր հայկական արմատներ ունենալու վարկածը յառաջ քշած էր. Գ. Կ.) նման անձեր դիւրաւ ատելութեան յանցանքներ չկարենալ գործելու համար է:

Եւ, վերջապէս, սուտերու շրջանակէն դուրս գալու համար է:

* * *

Այսպէս, վրան ծածկուած մեր պատմութիւնը կ՛ապականէ մեր ապրած կեանքը: Թապու եղածը ընդունելի կը դառնայ եւ իբրեւ փարաւան կը ծառայէ ապրուած խտրականութիւններու եւ վայրագութիւններու:

Անձնապէս, «Քանի թուրք ես, փոքր ու մեծին սարսափն ես» բառախաղով չեմ փափաքիր խաղէն դուրս մնալ, աշխարհ բաւականին ընդարձակ է` փառաւոր եւ անմեղ թուրքեր ալ իր մէջ պարփակելու, եւ այնքան գեղեցիկ եւ տեսակաւոր` իր խաղընկերները:

ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԹԻՒՐՔԵՐ

«Ռատիքալ»
25 – 4 – 11

ՀԱՅԱՑՈՒՑ
Գ. Կ.

Share this Article
CATEGORIES