«ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔ»-Ը ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆԻ ՀԵՏ
Քեմալ Եալչըն ծնած է Տենիզլիի Հոնազ գաւառակը, 1952-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սփարթայի Կէօնեն վարժարանին, իսկ երկրորդականը Պոլսոյ Չափա կրթական հաստատութեան մէջ:
Վկայուած է Պոլսոյ պետական Համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան ճիւղէն:
1973-1978 տարիներուն Քըրշեհիրի Քաման եւ Պոլսոյ Քապաթաշ երկրորդական վարժարաններուն մէջ դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն:
1975-1976 տարեշրջանին զբաղեցուցած է տեղւոյն Թէօպ-Տեր ուսուցիչներու միութեան վարչական ընդհանուր պատասխանատուի եւ ներքին Անատոլուի շրջանի ներկայացուցիչի համապատասխան պաշտօնները:
1978-1980 տարիներուն տարած է լրագրական եւ հրատարակչական աշխատանքներ:
1982-ին հաստատուած է Արեւմտեան Գերմանիա:
1984-1986 Պրեմենի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքին մէջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է «Շէյխ Պատրէտտին եւ փիլիսոփայական մտքի զարգացումը Թուրքիոյ մէջ» նիւթը:
1996-1997 դասաւանդած է Էսսենի համալսարանի թրքագիտութեան բաժանմունքին մէջ:
1989-էն ի վեր Պոխումի մէջ իբրեւ մայրենի լեզու կը դասաւանդէ թրքերէն, միաժամանակ կը գրէ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վէպեր եւ մանուկներու յատուկ պատմութիւններ:
Ք. Եալչընի գործերը թարգմանուած են` անգլերէնի, իտալերէնի, սպաներէնի, յունարէնի, գերմաներէնի, հայերէնի, հոլանտերէնի, պարսկերէնի եւ ֆրանսերէնի:
Իր գործերը կ՛ընդգրկեն գրական զանազան սեռեր եւ ըստ իրենց հրատարակութեան թուականի` հերթականութեան կը ներկայանան հետեւեալ կարգով. «Վտարանդի վարդեր» (բանաստեղծութիւն), «Ուշացած գարուն» (բանաստեղծութիւն), «Պահ դրուած օժիտ» (վէպ), «Ապրելու ուժը» (վաւերագրական պատմութիւն), «Խաղաղութեան տենդը» (բանաստեղծութիւն), «Սիրտս քեզմով կը հրճուի» (վէպ), «Դասարանին մէջ ծաղիկը դժուար կը բացուի» (պատմուածք), «Սարը կելին – սարը կեալին» (վէպ), «Գերմանիոյ մէջ թրքերէնը իբրեւ մայրենի լեզուի ուսուցում եւ անոր երախտաւորները» (ուսումնասիրութիւն), «Վերապրողները» (վաւերագրական պատմութիւն), «Անատոլուի զաւակները – հարիւր տարուան վկաները» (վաւերագրական պատմութիւն), «Քոյրեր եւ եղբայրներ ունիմ հեռուները», «Հայմաթլոս – աշխարհը մեր հայրենիքն է» (մամուլի տակ):
Իբրեւ մանկագիրին, Ք. Եալչընի մշակած գրականութիւնը կ՛ընդգրկէ գերմաներէն եւ թրքերէն երկլեզու պատմութիւններ. «Երբ մեծ հայրիկս Գերմանիա եկաւ», «Թռուցիկս ամպերէն կախուեցաւ», «Իր ձագուկը փնտռող թռչունը», «Աշտարակին գագաթը թռչուն մը կայ», «Սպիտակ մօրուքով մեծ հայրիկը», «Երազներուս դպրոցը» եւ «Կատուս` անձրեւիկը»:
Քեմալ Եալչընի գրական-ստեղծագործական երկերը գնահատուած են հետեւեալ մրցանակներով.
1991-ին` Փեթրոլ Իշ, բանաստեղծութեան Ա. մրցանակ:
1996-ին` Քէօլնի «Մշակութասէր Համայնք»ի բանաստեղծութեան Ա. մրցանակ:
1998-ին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան «Վէպի յաղթանակ» մրցանակը:
1998-ին` Ապտի Իփեքչի բարեկամութեան եւ հաշտութեան յատուկ մրցանակ:
1999-ին` Թուրքիա-Յունաստան բարեկամութեան եւ հաշտութեան մրցանակ:
2000-ին` Տենիզլիի արուեստասէրներու ակումբի պատուոյ մրցանակ:
2008-ին` Եւրոպայի թուրք գրականութեան մրցոյթի մանուկներու գրականութեան առաջին մրցանակ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ հանգամանքներ ձեզ մղեցին 1915-ին, կատարուած հայերու ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուելու եւ, ընդհանրապէս, ի խնդիր արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան` Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան դէմ պայքարելու:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ըստ հօրմէս եւ մեծ մօրմէս լսածներուս, կը կարծէի, թէ տանջանքի եւ հալածանքի ենթարկուածները միայն յոյները եղած էին: Հոնազի մէջ «տէօնմէ» կոչուող անհատներ եւ փոքր գերդաստաններ կային, որոնք մեր կողմերու անտեսուած եւ վարկաբեկուած տարրերն էին, սակայն անոնց «դարձած»ներ ըլլալու մասին երբեք չէի հետաքրքրուած: Երեւակայեցէք` նոյնիսկ դեռ վերջերս իմացած եմ հօրս խանութին վարձակալը եղած դերձակ Օսմանին տղուն` Նուրի-Նորայրին «հայ» ըլլալը, որ նաեւ մանկութեանս ընկերն է:
Թուրքիոյ մէջ դպրոց յաճախող իւրաքանչիւր ուսանողի նման, ես ալ տրորուած եմ թուրք ազգայնական դաստիարակութեան յղկիչ գլանին տակ, ես ալ անցած եմ կրթութեան նախարարութեան պարտադրած ազգայնամոլական, սերտողական, կարծր եւ հարցաքննութեան ենթակայ չեղող անձեռնմխելի կրթութեան մը բովէն, հետեւաբար ամէն ուսանողի նման, ես ալ, առաւել կամ նուազ կաղապարուած էի: Մեր սորվածը Էմին Օքթայի հեղինակած, պատմութեան դասագիրքն էր: Այս գիրքին եւ հանրապետութեան պատմութեան գիրքին մէջ տեղ գտած հայերու եւ յոյներու մասին գրած հեղինակներու յերիւրանքները անգիր գիտէինք: Հուսկ, յեղափոխական շարժումներու մէջ ներգրաւուելով` գաղափարակից ընկերներուս հետ խանդավառութեամբ կ՛աշխատէի ի խնդիր բոլոր ճնշուածներու ազատութեան, սակայն երբեք տեղեակ չէի Թուրքիոյ մէջ ճնշումի ենթակայ բուն տարրերուն` յոյներուն, հայերուն եւ ասորիներուն մասին: Ուսանողութեան տարիներուս յաճախած Չափայի դպրոցը ֆաշականներու եւ իսլամական շերիյաթի սպասարկուներուն կողմէ գրաւուած էր, մենք դպրոցէն դուրս դրուած էինք: Այդ տարիներուն ես կը մնայի Գումգաբուի «Գատրկա» ուսանողատունը, սակայն հանրակացարանէն երկու քայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայոց պատրիարքարանի գոյութեան մասին երբեք տեղեակ չէի: Թերեւս այս բոլորը քեզ զարմացնեն, սակայն այս է իրականութիւնը:
1978-1980 տարիներուն «Հալքըն Եօլու» («Ժողովուրդին Ձայնը») շաբաթաթերթին սեփականատէրն էի: Թերթս 15-20 հազար տպաքանակ ունէր: Թերթիս մէջ կը հրատարակուէին ճնշուածներու, չքաւորներու եւ բանուորներու վերաբերեալ ամէն տեսակի նիւթեր, սակայն 1915-ի մասին տեղեակ չըլլալնուս համար ոչինչ գրած էինք այդ մասին:
1980-ի սեպտեմբեր 12-ի զինուորական յեղաշրջումէն տարի մը ետք, Գերմանիա ապաստանած էի, ուր Պոխումի Հենրիխ Պոլ դպրոցին մէջ իբրեւ թրքերէնի ուսուցիչ պաշտօնի կոչուած էի, միաժամանակ հետեւելով թրքերէնի դասատուներուն յատուկ` շրջանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած որակաւորման պարտադիր դասընթացքին (1992-1994), աշակերտելով Մելինէ Փոհլմանի, որուն հայուհի մը ըլլալը դասընթացքի աւարտէն ետք պիտի իմանայի, եւ` Թուրքիոյ տարածքին գոյութիւն ունեցած «հայ ինքնութեան» մասին հետաքրքրութիւնս բաւարարելու համար, անոր թելադրութեամբ, Անատոլուի լեռներուն վրայ մնացած, թուրքի մը կամ քիւրտի մը կինը դարձած հայ մամիկները փնտռելու պիտի երթայի:
1998-ի ամրան արձակուրդս հայ կիներու փնտռտուքով անցուցի, արկածախնդրութիւնս սկսաւ Ամասիայէն, որուն Ֆիլինկիրլեր գիւղին մէջ ալեւի թուրքի մը հետ ամուսնացած Զարուհիին արցունքները թրջեցին մինչ այդ կարդացած պատմութեան գիրքերուս սուտ ու սխալ էջերը: Ապա, հարցուփորձերս շարունակուեցան Էրպաայի, Երզնկայի Էրզրումի, Կարսի, Անիի, Պոլսոյ, Քէօլնի, Ռաթինկենի եւ այլ վայրերու մէջ ծուարած հայ մամիկներու հետ Հուսկ, Մելինէն պատմեց իր կեանքի տխուր պատմութիւնը, որուն հարազատ արձագանգը կը հանդիսանայ «Սիրտս քեզմով կը հրճուի» գիրքս: Այս հարցին կ՛անդրադառնան նաեւ «Սարը կելին», «Վերապրողները» եւ «Քոյրեր ու եղբայրներ ունիմ հեռուները» հատորներս:
Հայերուն կրած այս ահաւոր ցաւերու մասին տեղեկանալէ ետք, գրելու համար թուրք կամ հայ ըլլալու պէտք չկայ, խղճի տէր մարդ ըլլալը բաւարար է:
Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ ուշադրութեան յանձնել այն հանգամանքը, որ յոյներու, հայերու եւ ասորիներու պատահած ողբերգութիւններուն մասին ձեռք բերած տեղեկութիւններուս, ապա եւ կատարած համապատասխան ուսումնասիրութիւններուս եւ գրութիւններուս ընթացքը սկիզբ առաւ մօրս եւ հօրս բուռն փափաքին տեղի տալուս պատճառով: Ես այս գործին ձեռնարկեցի անկախ այս հարցերուն նկատմամբ Թուրքիոյ պետական պաշտօնական գաղափարախօսութեան եւ անոր թարգմանը հանդիսացող պաշտօնական վարքագիծին դէմ ըմբոստանալու մտայնութենէ մը, այլ` պարզապէս ծնողներուս տուած խոստումս յարգելու, անոնց կտակը իրականացնելու,
1920-ականներուն իրենց տուն ու տեղէն քշուած մեր յոյն դրացիին` Մինօղլուին աղջիկները Յունաստանի մէջ փնտռելով` անոնց մեր մօտ պահ դրուած օժիտները 74 տարի ետք վերադարձնելու համար:
Այս բոլորը կ՛ընեմ` անսալով խղճիս ձայնին, խղճիս թելադրութեամբ ինքնաճանաչում ունենալու եւ առանց խպնելու` աչքերուս կարենալ նայելու համար…
Հ.- Ըստ ձեզի, ի՞նչ է Թուրքիոյ պետութեան գերխնդիրը այսօր:
Պ.- Այսօր Թուրքիոյ դիմագրաւած մեծագոյն հարցը կը կայանայ հետեւեալ իրականութիւններուն մէջ. անգործութիւն, եկամուտի եւ գնողական արժէքներու անհամեմատելի տարբերութիւն, միլիոնաւոր մարդոց անօթութեան շեմին կամ անօթութեան սահմաններուն եզրին տարուող գոյատեւելու պայքարը, մարդոց կենցաղային առօրեայէն ժողովրդավարացման գործընթացի ակնյայտ բացակայութիւնը, երկրին 30 տարիներէ ի վեր զինուորական բռնապետութեան սահմանադրութեամբ ղեկավարուիլը, ժողովուրդին իր անցեալին հետ դէմ յանդիման գալէն խուսափումը, կրթութեան եւ դաստիարակութեան համակարգին պարտադրած ազգայնական, սերտողական ուղղուածութեամբ կիրարկուող ուսուցման շարունակութիւնը ե՛ւ ոչ միայն սիւննի մահմետականութեան մը քաղաքականացումը, այլ նաեւ` անոր կազմակերպուած ներթափանցումը պետութեան բաղկացուցիչ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ըստ իս, այս բոլորը Թուրքիոյ կարեւոր եւ մէկը միւսին վրայ ազդեցութիւն գործող հարցերու գլխաւորներէն են:
Հ.- Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ կարծիքի ազատութեան գործընթացը ներքին համայնապատկերի վրայ, իրապաշտ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ այսօր: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ զարգացումներ կ՛ակնկալէք:
Պ.- Վերջին տարիներուն ժողովրդավարացման եւ խօսքի ազատութեան բնագաւառներուն մէջ դրական յառաջընթաց մը կը տեսնեմ, սակայն այս քայլերը բաւարար չեն: 12 սեպտեմբերի սահմանադրութեամբ գործող սահմանափակումները դեռ կը շարունակուին, միւս կողմէ` 1980 սեպտեմբեր 12-ի զինուորական հարուածէն ետք տեղւոյն կրթական համակարգին բնորոշ ուղղուածութեամբ իրենց ուսումը ստացած մարդիկ, դաստիարակուելով 12 սեպտեմբերի սահմանած խաւարամտութեան, յետադիմականութեան, ազգայնամոլութեան եւ կրօնամոլութեան, այլ խօսքով` թրքութեան եւ իսլամութեան համընթաց մտայնութեամբ, այսօր կը գործեն պետական եւ հասարակական ոլորտներու բաղկացուցիչ բոլոր կառոյցներուն մէջ` զբաղեցնելով համապատասխան կարեւոր պաշտօններուն մեծամասնութիւնը, եւ ահա թէ ինչո՛ւ երկրին կառավարման լծակներու համակարգը մեծ մասամբ ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ մարդուժով համալրուած ըլլալու իրավիճակ կը պարզէ: Մարդուժի այսօրինակ բեւեռացումը կ՛արգելակէ երկրին հասարակական կառոյցին զարգացումը, անոր ազատութիւնը եւ հաշտութեան մշակոյթի յառաջընթացը:
Հ.- Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ անոր առնչակից դատավարութեան ընթացքը ի՞նչ դեր ունեցան եւ կ՛ունենան ձեր տարած արդարութեան պայքարին մէջ:
Պ.- Հրանդին սպանութենէն ետք, նախ Պոլսոյ, ապա կարգ մը նահանգներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի շարժումները դրական զարգացումներ են, սակայն Թուրքիոյ մէջ մարդասպանին ծափահարող հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ կան: Հրանդին սպանութենէն ետք յստակ ծրագիրով մը, խաւարի այդ նոյն ձեռքերով սպաննուած քրիստոնեայ կղերականներուն համար, Մարտինի եւ Միտիաթի շրջանի ասորիներուն դէմ ի գործ դրուած ճնշումներուն համար, 1600 տարուան Մոր Գաբրիէլ վանքի ինչքերուն տիրանալ ուզող շրջակայ քրտական գիւղերու սեփականատէր աշիրեթապետներուն դէմ ժողովուրդէն եւ նոյնիսկ ու մասնաւորաբար Հրանդին յուղարկաւորութեան մասնակցած բազմաթիւ մարդոցմէ բողոքի ոչ մէկ ձայն բարձրացաւ:
Նոր գիրքիս պատրաստութեան համար անցեալ տարի Մարտինի, Միտիաթի, Մծբինի, Իտիլի եւ Հասանքէյֆի շրջանները պտտեցայ եւ կրնամ ըսել, որ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն ու մանաւանդ ասորիներուն դէմ վերաբերմունքի գրեթէ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ, նոյնիսկ գիւղերու եկեղեցիներուն մէջ իրենց ծէսերը կատարել փորձող քահանաները իրենց յայտնուած վայրերուն մէջ անախորժ վերաբերմունքի կ՛արժանանան, անհանգստութեան կը մատնուին, անոնց ետեւէն կը թքեն, կը հայհոյեն, մինչ նախապաշարուած քիւրտ մանուկներն ալ զանոնք կը քարկոծեն: Միտիաթի կեդրոնը եւ ասորիներու ապրած գիւղերուն մէջ պահակապետի հանգամանք ստացած շաֆի քիւրտեր, շրջանի քիւրտ ցեղապետներուն նեցուկը վայելելով, ասորիները անհանգստացնելու համար ամէն տեսակ սադրանքներու կը դիմեն: Նման իրավիճակ առկայ է նաեւ Ատըեամանի մէջ ապրող «մերինները» կոչուող հայերու նկատմամբ, որուն ականատես վկան եմ: Չեմ գիտեր, թէ Անգարայի մէջ ժողովրդավարացման առաջնորդող իրաւական բարեկարգումներու քայլերը ե՞րբ Մարտին, Միտիաթ, Հասանքէյֆ, Քահթա եւ Ատըեաման կը հասնին: Մէկ բան յստակ է, որ ձեռք-ձեռքի տուած ազգայնապաշտութիւնը եւ կրօնական մոլեռանդութիւնը յղի են ահաւոր զարգացումներով:
Հարցազրոյցը վարեց
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
E-Mail: [email protected]
Յատուկ «Ազդակ»-ին
19 յունուար, 2011
(Շար. 1- մնացեալը՝
չորեքշաբթի օրուան թիւով)