«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ. ԶՐՈՅՑ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱԼԱ ՀԱՏՏԱՏԻ ՀԵՏ

Հալա Հատտատ

1986-ին հիմնադրուած «Վանայ ձայն» հայկական ձայնասփիւռի կայանը տօնեց իր 25-ամեակը հանդիսաւոր կերպով, համաժողովրդային մասնակցութեամբ, մարտ 2011-ին: 31 մարտին տեղի ունեցաւ Ռատիոթոն-հանգանակութիւն, 68 հազար տոլարի արդիւնքով: Առիթը յարմար նկատեցինք զրուցել արաբերէն բաժնի լրագրող-խօսնակ, տեղացի անձնաւորութիւններու հետ հարցազրոյցներ կատարող շնորհալի զրուցավար Հալա Հատտատի հետ:

 

Լիբանանցի այս լրագրողը ծանօթ է մամուլի եւ ձայնասփիւռի յայտագիրներուն հետեւողներուն, հայ թէ ոչ հայ: Շնորհիւ «Վանայ ձայն»ի արաբերէն յայտագիրներուն (յետմիջօրէներու ժամը 3:00-4:00), ծանօթացանք Հալա Հատտատի եւ անոր վարած հարցազրոյցներուն, որոնց ճամբով կը ներկայացուին լիբանանցի հանրածանօթ քաղաքական դէմքեր, արուեստագէտներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մշակոյթի գործիչներ:

«Վանայ ձայն»ի ունկնդիրներուն մօտ յատուկ հետաքրքրութեան արժանացած է ան, որովհետեւ նախ հարցազրոյցի հրաւիրուած անձնաւորութիւններուն հետ կը խօսի փափկանկատութեամբ: Ան ունի ձայնային քաղցրահունչ առոգանութիւն, մեղմ շեշտաւորումով, ինչ որ գրաւիչ կը դարձնէ զրոյցը` խօսակիցը ստիպելով իր կարգին լուրջ վերաբերումի:

Յաճախ ունկնդրած եմ Հալա Հատտատի հարցազրոյցները եւ կը զարմանամ, իր պրպտումներուն, հետազօտութեան, լիբանանեան քաղաքական խնդիրներուն մասին ունեցած գիտակցութեան, անոնց մասին իր կատարած հարցադրումներուն համար: Հիացումի արժանացած այս լրագրողին հետ զրոյց մը ունենալու փափաքս երբ յայտնեցի իրեն, ան սիրով ընդառաջեց` անգամ մը եւս փաստելով ազնուաբարոյ լրագրողի իր շնորհը:

Մեր հանդիպման օրը զուգադիպեցաւ 13 ապրիլ 2011-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 36-րդ տարեդարձին, որ առիթ ստեղծեց հարցումներ ուղղելու այս մասին:

– 36 տարիներ ետք ի՞նչ կը մտածէք Լիբանանը բզկտած եղբայրասպան պատերազմին մասին,

– Կրնամ ըսել մէկ բան, որ նոր սերունդը ոչինչ իմացաւ, որովհետեւ անոր չփոխանցեցին պատմութիւնը այս աղէտալի ժամանակաշրջանին: Այսօր 36 տարեկան եղած երիտասարդը եւ մանաւանդ 20-24 տարեկան երիտասարդները գրեթէ չեն հասկցած, թէ ինչո՞ւ կռուած են իր հայրերը կամ հարազատները, կամ ինչո՞ւ պատմագիրները դպրոցներու մէջ չեն հիւրընկալուած` նորագոյն սերունդին փոխանցելու անցեալի ողբերգութիւնը, դասեր քաղելու համար գործադրուած չարիքէն:

Հալա Հատտատ 12 տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ «Վանայ ձայն» կայանին մէջ, կը վարէ արաբերէնով հաղորդաշարերը: Ինք կը կատարէ «Օրը օրին» նշանաբանով հարցազրոյցներ, «Եոմ պի եովմու», իր մօտ հրաւիրելով քաղաքական թէ մշակոյթի անձնաւորութիւններ: Յիշեցինք այս լիբանանցի օրիորդին հաղորդականութիւնը, քաջաբար հարցումներ ուղղելու իր առաքինութիւնը, նոյն ատեն` առանց յարձակունակ տրամադրութեան: Օրինակի համար, երբ խօսակիցը չպատասխանէ իր հարցումին եւ կը գոհանայ ժպիտով մը, ան կը փոխադարձէ մեղմ կատակով մը.

– Բայց պարո՛ն, կը ներէք, ձեր ժպիտը չի տեսներ ունկնդիրը…

Հալա Հատտատ անտարբեր չէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ապրիլ 24-ին ան ժամադրուեցաւ Լիբանանի նորընտիր պատրիարք մար Պշարա Պութրոս Ռայիին հետ, որ անդրադարձաւ օսմանեան պետութեան սարքած չարիքին եւ անշուշտ Լիբանանի կրած վնասներուն` օսմանեան պետութեան իշխանութեան օրերուն:

Առիթը յարմար նկատելով` Հալա Հատտատ ըսաւ.

– Գիտէ՞ք, թէ ինչ պատահած է վերջին ժամանակներուն, դիտելով թրքական պատկերասփիւռային հաղորդաշարերը (մուսալսալ թուրքի), տղեկ մը եւ Լիբանանի մէջ աղջնակ մը, Այն Ռըմմանի թաղամասէն, անձնասպան եղած են` իրենք զիրենք կախելով, հետեւողութեամբ թրքական պատկերասփիւռէն ցուցադրուած դիպաշար-ներկայացումներուն:

– «Վանայ ձայն»ի ներքին մթնոլորտին համար ի՞նչ կրնաք ըսել:

– Պարզապէս ընտանեկան մթնոլորտ կը տիրէ հոն,  շատ սիրելի: Եթէ մէկը չսիրէ իր աշխատած վայրը, չի կրնար հոն շարունակել դրական իմաստով: «Վանայ ձայն»ի մէջ ինքզինքս շատ հանգիստ կը զգամ պաշտօնակիցներուս հետ:

– Ի՞նչ կը մտածէք հայ երաժշտութեան մասին:

– Ընտելացած եմ` առանց երգերուն բառերը հասկնալու: Եղանակներէն կը զգամ, թէ ո՛ր մէկն է ժողովրդականը, ազգայինը կամ յուզական-սիրայինը:

– Ի՞նչ կը մտածէք լիբանանեան քաղաքական թէ ընկերային կեանքին մասին:

– Ուրբաթ օրուան իմ յատուկ յայտագրովս «Կեցուածք կայարանին մէջ» յայտագրիս առիթով, որ քիչ մը կատակախառն երգիծական բնոյթ ունի, անգամ մը արտայայտեցի մտածումս խօսակիցիս, որ եթէ Ալատինի մոգական լապտերէն փափաք մը խնդրէիք, ի՞նչ պէտք է փափաքէիք: «Չորս բան», եղաւ պատասխանը.

Նախ` Լիբանանէն հեռացած լիբանանցիները վերադառնային հայրենիք, երկրորդ` Լիբանանի բանտերը փակուէին, երրորդ` մարդիկ կուրնային, որպէսզի չտեսնէին մեր երկրին մէջ կատարուած գողութիւնները, անարդարութիւնները, ոճիրները եւ միւս չարաշահութիւնները: Իսկ չորրորդ, արտաքին միջամտութիւնները` մեծապատիւ տէրութիւններու, շարունակուէին, որպէսզի մեր իշխանապետները պահէին իրենց աթոռները:

Հաճելի է զրուցելը համակրելի այս լրագրողին հետ, որ ունի նաեւ գրական գործունէութիւններ` տեղական մամուլին մէջ: Ներկայիս կը մասնակցի պատրաստութեան` պատկերասփիւռային բեմադրութեան մը, երգիծական բնոյթի:

Հալա Հատտատ կողմնակից է, որ ժողովուրդներ պահեն իրենց լեզուն, մշակոյթը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, որպէսզի պահուին արմատները իւրաքանչիւր ազգի: Այս շատ կարեւոր եւ հիմնական հարց մըն է, ըսաւ ան, ակնարկելով նոյն ատեն հայկական աւանդութիւններուն, հայ ժողովուրդին աւանդապահ ոգիին արժէքին: Մեր զրոյցը շարունակեցինք լիբանանեան եւ հայկական հարցերու մասին` փոխադարձ ծանօթացումներով, միշտ դրական տրամադրութիւններու վրայ հիմնաւորուած եղբայրական առաքինութիւններու շեշտաւորումով:

«Վանայ ձայն»ի 25 տարիներու կեանքին մէջ շնորհալի այս լրագրողին հետ մեր ծանօթացումը կատարեցինք մտերմիկ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ` իբրեւ արտայայտութիւն լիբանանեան ու հայկական սերտ գործակցութեան:

ՇԱՀԱՆԴՈԽՏ

Share this Article
CATEGORIES