«ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ԾԻԱԾԱՆԸ». ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐԴԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵՑ, ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ, ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԸ ԵՒ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆՆԵՐԸ ԳՐԵՑ` ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

.

2010-ին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի խմբագրութեամբ, ՀԳՄ հրատարակչատունը, Երեւանի «Զանգակ-97» հրատարակչութեան տպարանին մէջ լոյս ընծայեց «Մայրիներուն ծիածանը» խորագրեալ քերթողագիրքը, զոր կազմեց եւ արաբերէնէ հայերէնի վերածեց Սարգիս Կիրակոսեան: 300 էջերէ բաղկացած սոյն հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ «Ուրուանկար` լիբանանեան արդի բանաստեղծութեան» խորագրեալ յառաջաբանը, լիբանանցի եօթը արդի բանաստեղծներու համառօտ կենսագրութիւնները եւ հատուածներ` անոնց քերթողաշունչ գործերէն: Վերոյիշեալ լիբանանցի եօթը արդի բանաստեղծները կը կոչուին` Եուսեֆ Խալ, Ատոնիս (Ալի Ահմետ Սայիտ), Շաուքի Ապի Շաքրա, Ունսի Հաժ, Փոլ Շաւուլ, Ապպաս Պայտուն եւ Ուատիհ Սաատէ:

Սարգիս Կիրակոսեան կը ներկայացնէ լիբանանցի յիշեալ բանաստեղծները հետեւեալ շարքով` տալով անոնցմէ իւրաքանչիւրին կեանքին եւ գրական խառնուածքին բնորոշ յատկութիւնները:

Այսպէս, Եուսեֆ Խալ ծնած է 1917-ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Թրիփոլիի մէջ: Կը հետեւի իմաստասիրական ճիւղին` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ կ՛արժանանայ պսակաւոր արուեստից վկայականին: Հրատարակած է հինգ քերթողագիրքեր, երկու արձակ գործեր եւ կատարած` թարգմանութիւններ: Մեռած է 9 մարտ 1987-ին:

Անոր գլխաւոր երկերն են. «Ազատութիւնը», «Լքեալ հորերը», «Բանաստեղծութիւններ` քառասուն տարեկանին», «Երկրորդ ծնունդը», «Նամակներ` Տոն Քիշոթին» եւ «Դիւան ամերիկեան բանաստեղծութեան»:

Եուսեֆ Խալ հիմնադիրն ու խմբագրապետն է «Շը՛ըր» («Բանաստեղծութիւն» եռամսեայ հանդէսին, եւ ռահվիրան` արաբական արդի բանաստեղծութեան: Շնորհիւ իր ջանքերուն` արաբ ընթերցողները ծանօթացան համաշխարհային համբաւի տիրացած գրողներու, ինչպէս` Փաունտ, Իլեըթ, Օտըն, Փերս, Փրեւեր, Փազ, Շար եւ ուրիշներ: Համախմբեց իր շուրջ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի յառաջապահ գրողներն ու մտաւորականները, որոնց հերթական հանդիպումներով հիմը դրաւ նորարարական շարժումի: Այս պատճառով Եուսեֆ Խալ իր գործակիցներուն կողմէ կոչուեցաւ «Շը՛ըր» հանդէսի ոգեղէն հայրը», «արաբներուն Էզրա փաունտը» եւ «արաբական արդի բանաստեղծութեան պատրիարքը»: Իր լաւագոյն քերթուածները կարելի է նկատել «Լքեալ հորերը», «Վերջին համարը», «Վերջին ընթրիքը», «Ճանապարհը», «Ճամբորդութիւնը», «Երկար քերթուածը», «Աղօթք` մեհեանի մէջ» խորագրեալ կտորները:

Բանաստեղծ, գրականագէտ եւ քննադատ Ատոնիս, բուն անունով` Ալի Ահմետ Սաաիտ, ծնած է 1930-ին, Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի գիւղերէն մէկուն` Քասսապինի մէջ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Լաթաքիոյ մէջ: Ապա կը յաճախէ Դամասկոսի պետական համալսարանը, ուր կը հետեւի գրականութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացքներուն: 1956-ին կը հաստատուի Պէյրութ: 1957-ին Եուսեֆ Խալի հետ կը հրատարակէ «Շը՛ըր» բանաստեղծական հանդէսը: 1973-ին: Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ կ՛արժանանայ տոքթորայի տիտղոսին:

Հրատարակած է քսան քերթողագիրքեր: Իր գլխաւոր երկերն են` «Թուղթեր` հովուն մէջ», «Դամասկոսցի Միհիարին երգերը», «Մատեան այլակերպութեանց եւ գաղթի` ցերեկուան ու գիշերուան երկրամասերուն միջեւ», «Թատրոնն ու հայելիները», «Ժամանակ մը` մոխիրին ու վարդին միջեւ», «Այս է անունն իմ», «Եզակին` յոգնակիին տարազով», «Հինգ քերթուածներու մատեանը», «Գիրքը», «Մարգարէացի՛ր, ո՜վ կոյր», «Սկիզբը մարմինին վերջաւորութիւնն է ծովուն» եւ այլն:

Ատոնիս ազատախոհ եւ խիզախ նկարագրի տէր բանաստեղծն է, որ կը մերժէ ընդունիլ միջավայրի բոլոր պարտադիր օրէնքները: Անհանդարտ եւ ըմբոստ այն անձն է, որուն հիմնական առաջադրանքն է իրագործել «յեղափոխական ծրագիր մը», ժամանակի առասպելները քանդելու աստիճան:

Բանաստեղծ Շաուքի Ապի Շաքրա ծնած է 1935-ին: Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ռաշմայայի Մար Եուհաննա նախակրթարանին, իսկ երկրորդական ուսումը` Պէյրութի Հիքմէ վարժարանին մէջ: Կը սկսի գրել երիտասարդ տարիքին: Մաս կը կազմէ «Սուրայեայ» («Լուսաջահը») գրական խումբին եւ Եուսեֆ Խալի «Շը՛ըր» բանաստեղծական հանդէսի խմբագրական կազմին: Կը խմբագրէ «Նահար» օրաթերթի մշակութային էջը: Ներկայիս կ՛ապրի Պէյրութ:

Շաուքի Ապի Շաքրայի գլխաւոր քերթողագիրքերն են հետեւեալ հատորները. «Աղքատներուն տոպրակները», «Թագաւորին քայլերը», «Ջուր` ընտանիքին ձիուն», «Սկիւռը կ՛իյնայ աշտարակէն», «Կը հետեւի կախարդին եւ հասկերը կը կոտրտէ վազելով», «Շուարումս խնձոր նստած է սեղանին վրայ», «Մի՛ առներ մեհեանի տղուն թագը», «Կարօտի աղօթք` մենութեան մահճակալին վրայ», «Զարգացած սրունքներով նաւաստին», «Ովասիսին եւ խոտին գիշերային հագուստը» արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուները եւ «Երէկին վարորդը կ՛իջնէ կառքէն» խորագրեալ արձակ հատորը:

1962-ին, Շաուքի Ապա Շաքրա կը հրատարակէ «Ջուր` ընտանիքին ձիուն» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կ՛արժանանայ «Շը՛ըր» հանդէսի տարեկան մրցանակին: Սոյն գործը ջերմօրէն կը գնահատուի նորարարութեան կողմնակից քննադատներու կողմէ, որոնք Շաուքի Ապի Շաքրայի անձին մէջ կը տեսնեն իւրայատուկ հոգեբանութեամբ եւ աշխարհահայեացքով օժտուած բանաստեղծ մը:

Բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Ունսի Հաժ ծնած է 1937-ին, հարաւային Լիբանանի Ժեզզին քաղաքը: Վաղ տարիքին կ՛ընդգրկէ մամլոյ ասպարէզը: Կը դառնայ պատասխանատու խմբագիր «Հայաթ» եւ «Նահար» օրաթերթերու մշակութային բաժինին: Կ՛աշխատակցի Եուսեֆ Խալի հիմնադրած «Շը՛ըր» եռամսեայ պարբերաթերթին` ստորագրելով բանաստեղծութիւններ եւ թարգմանութիւններ: Ունսի Հաժ եղած է սակաւագիր գրող եւ հրատարակած է վեց քերթողագիրքեր միայն: Ներկայիս կ՛ապրի Պէյրութ:

Հրատարակած է հետեւեալ վեց քերթողագիրքերը. «Չպիտի», «Հատուած գլուխը», «Գալիք օրերուն անցեալը», «Ինչ շինեցիր ոսկիով, ինչ ըրիր վարդով», «Առաքելուհին` մինչեւ աղբիւրները երկարող իր վարսերով» եւ «Վեհաճաշը»: Լոյս ընծայած է նաեւ «Բառեր, բառեր, բառեր», «Աւարտներ-1» եւ «Աւարտներ-2» խորագրեալ արձակ գործերը:

Յիշեալ երկերով Ունսի Հաժ կը նկատուի արաբական ազատ բանաստեղծութեան հիմնադիրը: 1960-ին, երբ հրատարակեց «Չպիտի» խորագրեալ քերթողագիրքը, յեղաշրջեց արաբական ժամանակակից բանաստեղծութիւնը` ազատ խօսքի փոթորկաշունչ գաղափարներով:

Այս առումով, յատկանշական գործերու շարքին կը դասուին «Փոթորիկը», «Ինչ շինեցիր ոսկիով», ինչ ըրիր վարդով», «Առաքելուհին` մինչեւ աղբիւրները երկարող իր վարսերով» եւ «Բանաստեղծութեան լուսինը» խորագրեալ իր քերթուածները:

Բանաստեղծ, թատերագիր եւ թարգմանիչ Փոլ Շաւուլ ծնած է 1945-ին, Պէյրութի Սին Էլ-Ֆիլ արեւելեան արուարձանը: Նախնական ու երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, կ՛անցնի Լիբանանեան պետական համալսարան, ուր կը հետեւի մանկավարժութեան եւ արաբական գրականութան դասընթացքներուն: Կը դառնայ արաբերէնի ուսուցիչ, լրագրող, թարգմանիչ եւ կը ստանձնէ կարգ մը թերթերու գրական- մշակութային բաժիններու խմբագիրի պաշտօնը:

Փոլ Շաւուլ հրատարակած է ինը քերթողագիրք, հինգ թատերախաղ ու երկու արձակ գործեր: Իր գլխաւոր քերթողագիրքերն են` «Ով դաշունախրեալը մահուան մէջ, մահուան մէջ»,  «Արեան կողմնացոյցը», «Դէմք մը կ՛իյնայ եւ չի հասնիր», «Թափուր օդը», «Նարդիսին մահը», «Բացակային թուղթերը», «Սիկարեթի թղթատետր», «Օթելլոյին թաշկինակը», «Ըմբոստուհին» եւ «Ժամը հինգ» խորագրեալ հատորները:

Փոլ Շաւուլ, ստորագրելով քերթուածներ «Շը՛ըր» պարբերաթերթին մէջ եղաւ հաւատաւոր հետեւորդը նորարարական շարժումին: 1974-ին լոյս տեսած «Ով դաշունախրեալը մահուան մէջ, մահուան մէջ» խորագրեալ իր երախայրիք քերթողագիրքէն մինչեւ իր վերջին քերթողական գործը, անխառն ոգեւորութեամբ զարգացուց գեղապաշտ բանաստեղծի յախուռն ծրագիրներ եւ լեզուական իւրայատուկ արտայայտութիւններով դարձաւ արժանաւոր մէկ ներկայացուցիչը արաբական արդի բանաստեղծութեան:

Բանաստեղծ, վիպագիր եւ մտաւորական Ապպաս Պայտուն ծնած է 1945-ին, հարաւային Լիբանանի Շահրուր աւանը: Երկրորդական ուսումը կը ստանայ Սուր քաղաքին մէջ: Կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր Լիբանանեան պետական համալսարանին մէջ կը հետեւի արաբերէնի եւ գրականութեան դասընթացքներուն: Կը պաշտօնավարէ Սայտայի եւ Սուրի երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Կ՛աշխատակցի լիբանանեան եւ արաբական մամուլին:

Հրատարակած է 13 քերթողագիրքեր, որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի են` «Սուր», «Ցաւին քննադատութիւնը», «Սենեակներ», «Մեր զղջումին եղբայրները», «Դատարկութիւնն այս գաւաթին», «Հիւանդի մը, որ յոյսն է», «Արտասանուեցաւ ցուրտին մէջ», «Մարմինը առանց» վարպետի», «Պ. Պ. Պ.», «Մահը մեր չափերը կ՛առնէ», «Հրաւէր` երկու անձի» խորագրեալ հատորները, ինչպէս նաեւ` «Արեան տարրալուծում» վէպը:

Ապպաս Պայտուն ջերմ գնահատանքի արժանացաւ գրական շրջանակներու կողմէ, երբ ան 1985-ին լոյս ընծայեց «Ժամանակը` մեծ ումպերով» խորագրեալ իր երախայրիք քերթողագիրքը: Իր համբաւը տարածուեցաւ, երբ հրատարակեց «Սուր» խորագրեալ հատորը, որ քերթողական թարմ ու նորաշունչ լեզուամտածողութեամբ օժտուած դիւցազներգութիւն մըն է: Յիշեալ գործերէն ետք, «Ծովը» խորագրեալ քերթողագիրքը հաստատեց Ապպաս Պայտունի անձին մէջ գրական մնայուն արժանիք մը:

Բանաստեղծ եւ լրագրող Ուատիհ Սաատէ ծնած է 1947-ին, հիւսիսային Լիբանանի Պաթրուն քաղաքի Շապթին գիւղը: 1973-ին, հրատարակելէ ետք «Գիշերը եղբայրներ չունի» խորագրեալ քերթողագիրքը, կը գաղթէ Աւստրալիա, ուր կ՛աշխատի իբրեւ բանուոր: 1980-ական թուականներուն սկիզբը կը վերադառնայ Պէյրութ եւ մաս կը կազմէ «Նահար» թերթի խմբագրութեան: Տասնամեակ մը ետք կը մեկնի Աւստրալիա:

Ուատիհ Սաատէ հրատարակած է` «Գիշերը եղբայրներ չունի», «Ջուրերը, ջուրերը», «Մարդ մը գործածուած օդին մէջ, կը նստի եւ կը մտածէ կենդանիներու մասին», «Աթոռը ուղեւորի մը, որ հանրաշարժէն վար իջաւ», «Հաւանաբար ամպի մը պատճառով», «Փորձ` երկու ափեր ձայնով միացնելու», «Օդին կարկտնումը» եւ «Ուատիհ   Սաատէի կեանքին մէկ ուրիշ համադրումը» խորագրեալ քերթողագիրքերը: Գրած է նաեւ «Բացակայութեան գրութիւնը» եւ «Հովին ձերբակալումը» խորագրեալ արձակ գործերը:

Ուատիհ Սաատէի քերթուածները ծնունդն են իր հոգեկան տառապանքին: Ան կը բացայայտէ իր ցաւատանջ վիճակը զօրեղ պոռթկումով մը, որ կը ժայթքէ իր ներաշխարհի հրաբորբոք ակունքներէն: Իր անձին մէջ ան կ՛եղերերգէ համամարդկային վիշտը, որ յաւիտենապէս դառն է եւ անամոք, ինչպէս` կեանքի եւ մահուան միջեւ մղուող պայքարը: Իր քնարաշունչ լաւագոյն գործը կարելի է համարել այն քերթուածաշարը, որ կը կոչուի` «Գիշերը եղբայրներ չունի…»:

Արդարեւ, «Մայրիներուն ծիածանը» խորագրեալ հատորը իր յղացքով եւ բովանդակութեամբ գնահատելի իրագործում մըն է, որուն միջոցով լիբանանահայ ընթերցողները կը ծանօթանան լիբանանցի եօթը արդի բանաստեղծներու գրական գործերուն եւ անոնց համապատասխան լեզուամտածողութեան, գրելակերպին եւ գեղարուեստական ըմբռնումներուն:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Մայիս 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES