ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ
ՆՈՐ ԼՈՅՍ` ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՐՋԱՆԻՆ ՎՐԱՅ.
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՍԻԱԿԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ».
ՓԱՐԻԶ, 2007
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐ. ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ (ՖՐԱՆՍԱ),
ՍՈՒՇԻԼ ՇՈՏՀՈՒՐԻԻ ԵՒ ԳԵՂԱՄ ԳԵՒՈՆԵԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Վերջին տասնամեակի հայագիտական ընդհանրական ոլորտին պատկանող տարբեր ճիւղերու գործօնութիւնը, հոս` խօսելով արեւմտեան ակադեմական աշխարհի մասին, կը շարունակէ պահել զգալի թափ:
Այս սիւնակի սահմաններէն դուրս կը մնայ ընդհանրական գնահատում մը, նոյնիսկ` ելոյթներու/խորհրդաժողովներու կամ անոնց յաճախ ընկերացող-հետեւող հրատարակութիւններու պարզ յիշատակման իմաստով: Փոխարէնը, կ՛արժէ կեդրոնանալ հրատարակութիւններէն մէկուն վրայ, որ կը միաբերէ հին ու նոր Ջուղաներու եւ անոնցմէ ծնած հեռաւորագոյն ճիւղաւորումներու` գաղութ թէ կայան` առեւտրա-տնտեսական երկդարեայ գործունէութիւնը, «Հայերը` ասիական առեւտուրի ոլորտին մէջ նոր ժամանակներու սեմին» ընդհանուր խորագրին տակ: Անոր օտարալեզու բնոյթը, նաեւ ակադեմական սեղմ շրջանակներու սահմանուած ըլլալու փաստը, կը հաւատամ, աւելի եւս անհրաժեշտ, պիտի ըսէի` նպատակայարմար, կը դարձնեն անոր նիւթերու գոնէ ամփոփ մէկ ներկայացումը հայերէնով:
Հրատարակութիւնը կը բխի տասնամեակ մը աւելի կանուխ Փարիզ տեղի ունեցած Մարդկային գիտութիւններու հիմնարկի մէկ գիտաժողովէն, եւ նախաձեռնութիւնն է նոյն հիմնարկի թանգարանին. մինչ իրագործուած է զոյգ ակադեմական-գիտաշխատողներու` Sushil Chaudhury-ի եւ Գեղամ Գեւոնեանի անմիջական հսկողութեան տակ:
Գիտաժողովի նիւթերը միաբերող եւ փաստօրէն անոր մնայուն արգասիքը կազմող հատորը պատկառելի է` ծաւալով ե՛ւ անշուշտ բովանդակութեամբ, ներկայացուած փոխնիփոխ անգլերէն կամ ֆրանսերէն, առանց մոռնալու պատկերազարդում, ծանօթագրումներ, ընդհանուր մատենագիտութիւն եւ ցուցակ (յատուկ անուններու` անձնանուններ թէ տեղանուններ) – այս բոլորը` աւելի քան 400 մեծադիր էջերու վրայ (քովը տե՛ս` հատորի շապիկին տպուած` նիւթի ամփոփ ներկայացումը):
Հատորը բաղկացնող հինգ ուրոյն մասերը կը նախորդէ խմբագիր S. Chaudhury-ի «Ներածութիւն»ը, որ թեմաներու առարկայական ուրուագծումէ մը ետք` կը բանաձեւէ աշխատասիրութիւններու այս գումարին հիմնական ձգտումը-ներկայացնել եւ համապատասխան վերարժեւորումով գնահատել հայկական դերակատարութիւնը` ասիական եւ միջազգային առուտուրի պատմութեան մէջ, յատկապէս 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն, բայց նաեւ աւելի կանուխէն: Այսպէս սրբագրելով` առհասարակ ճանաչում գտած «եւրոպակեդրոն» տեսութիւնները, որոնք կ՛անտեսեն «ոչ-եւրոպական» տարրի մը այս էական դերակատարութիւը: Միւս կողմէ` նշելով, որ ներկայ աշխատանքներու այս գումարը տակաւի՛ն չի յաւակնիր սպառիչ չափերով ներկայացնել այդ կարեւորագոյն դերակատարութիւնը:
Առաջին մաս մը, «Հայերը միջազգային եւ միջ-ցամաքամասային առուտուրի մէջ» նիւթով, նախ` հարցադրումներ կ՛ընէ Michel Morineau-ի (Փարիզի համալսարան) բերնով, առաւելաբար շեշտելու համար նիւթի ներկայացուցած խնդիրներն ու դժուարութիւնները, նաեւ տրամադրելի աղբիւրներու անբաւարարութիւնները: Ան իր կարգին կը կրկնէ տնտեսագիտութեան պատմութեան մէջ ժխտական դերակատարութիւն կատարած «մաքս-վեպերեան» եւրոպակեդրոն մօտեցումներու վերոնշեալ քննադատութիւնը: Գալով այս մասի երկրորդ նիւթին, ստորագրուած Վահան Բայբուրդեանի կողմէ (Երեւանի համալսարան), կը կազմէ համադրական պատկեր մը, համեմատաբար ամփոփ, Նոր Ջուղայի դերակատարութեան:
Երկրորդ մասը, առաւել էական սեւեռումներով հարուստ, կը սկսի Վազգէն Ղուկասեանի ուսումնասիրութեամբ, որ իր բազմակի շահեկանութիւնը կը պարտի նախ` հայալեզու աղբիւրներու օգտագործման, ապա Նոր Ջուղայի առնչումին` իր նախորդին եւ նախատիպարին` Ջուլֆայի հետ, յանդուգն ու միանգամայն հիմնաւոր վարկածներու շարքով մը: Յատկապէս կեդրոնանալով զոյգ` հին ու նոր Ջուղաներու ընկերային կառոյցն ու վարչա-կազմակերպական ոճը բացայայտող ոչ-ճոխ տուեալներու ծրարին վրայ – խորապէս շահեկան: Լրացուցիչ փաստերով կը ներկայանայ Edmund Herzig-ի (Օքսֆորտի համալսարան, Անգլիա) հետեւող աշխատանքը, աւելի շեշտօրէն մասնագիտական, ծանրանալով առեւտրական օրէնքի երեւոյթներու վրայ` Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներուն մօտ: Ապա, այլ ուղղութեամբ կողմնակի, բայց այլապէս շահեկան լոյս կը սփռէ առեւտուրի հայկական այս համբաւաւոր ոստանի ճարտարապետութեան վրայ` Արմէն Հախնազարեանի (Հռենոսեան թեքնիք հիմնարկ, Աախէն) ուսումնասիրութիւնը, որ կը փակէ բաժինը:
Կը հետեւի քննարկումը հայկական դերակատարութեան` շրջանային եւ միջ -շրջանային առեւտուրի մէջ, ինչպէս կը բնորոշէ արդէն` Ina Baghdiantz McCabe-ի (Թաֆց համալսարան, Միացեալ Նահանգներ) այս երրորդ մասը բացող ուսումնասիրութիւնը: Հետեւող չորս աշխատասիրողները, յաջորդաբար Ալիկարի (Հնդկաստան), Լէյտի (Հոլանտա) եւ Ատիս-Ապապայի (Եթովպիա) համալսարաններէն, կ՛ընդլայնեն այս երեսը, զայն տանելով մինչեւ Կովկաս, ապա Հնդկաչին ու Եթովպիա…: Բաժինը կը փակէ նոյնինքն Sushil Chaudhury (Կալկաթայի համալսարան), որ կը սեւեռէ յատկապէս հայկական ներկայութեան երեւոյթը` Հնդկաստանի կենսական մէկ գօտիին` Պենկալի մէջ:
Վերջընթեր մաս մը առաւել խորացումով կը քննէ Հնդկաց ովկիանոսի ողջ տարածքի հայկական առեւտրական գործունէութիւնը` համեմատած այլ գործօններու-յատկապէս փորթուկալեան գործօնին, նաեւ յարաբերութիւնները անոր հետ: Չորս գիտա-հետազօտողներ, յաջորդաբար Փարիզի, Լիզպոնի, Սալեմի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Երեւանի (այս վերջինը` Վահան Փափազեան) համալսարաններէ կամ հիմնարկներէ, կը քննեն ըլլա՛յ հայ-փորթուկալեան յարաբերութիւնները, գործակցութիւն կամ մրցակցութիւն, ըլլա՛յ տեղափոխումներու եւ փոխադրութիւններու պայմաններ ու պարագաներ (այս վերջիններու մէջ, հետաքրքրական անդրադարձ մը.- յայտնաբերումը հայկական տապանաքարի մը… հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ ընկղմած նաւի մը խորը…):
Շեշտօրէն մասնագիտական մաս մը` վերջինը – նուիրուած հայ առեւտրականներու ելեւմուտքի (finances) պատկերացումներուն եւ կիրարկումներուն: Կը բացուի փոխանակումներու կամ վարկային փոխ-վճարումներու ձեւերու նուիրուած ամփոփ այլ իրազեկեալ աշխատանքով մը (Շուշանիկ Խաչիկեան, Երեւանի մատենադարան), եւ կը լրացուի շահեկան, մանրակրկիտ ու միանգամայն լայնահուն ուսումնասիրութեամբը Գ. Գեւոնեանի (Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն ուսումնարան, Փարիզ), խորագրուած` «Թիւ, հաշիւ, հաշուապահութիւն եւ առեւտուր», ինքնին` անջատ մենագրութեան բնոյթի գործ, եւ որ հետեւող «Վերջաբան»ին հետ կը կազմէ հատորի փաստօրէն աւելի քան քառորդը: Ֆրանսահայ գիտա-հետազօտիչ հեղինակը հոն, զանցելով հատորի ժամանակա-վայրային ծիրը, համապատկերային բացուածքով կ՛ընդգրկէ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ թուաբանական գիտութեան ամբողջ հոլովոյթը` սկսած մեծն Շիրակացիի դարէն, հայկական տառաթուային 36անիշ համակարգի (ա, բ, … ժ, … ժա, ժբ… – ու մինչեւ ք, եւ աւելի անդին` մինչեւ… միլիոններ արտայայտող յատուկ նշումներով) խոր եւ սպառիչ ուսումնասիրութեամբ: Ապա կը քննէ ասոր հոլովոյթը Միջնադարն ի վար` դէպի մեզ, ներկայացնելով Կիլիկեան դարերէն հասած ձեռագիր փաստաթուղթ-նշխարներ, ապա աւելի նորեր` գաղթավայրերէ մնացած – Խրիմ, կեդր. եւ արեւմտ. Եւրոպա, Կովկաս, Իրան-Միջագետք ու աւելի հեռու Արեւելք…: Կը տեսնենք աստիճանական անցումը տառաթուայինէն դէպի տասնորդական թուային համակարգը (ժամանակ մը` երկուքի զուգահեռ գործածումով հանդերձ). անցում` որ միանգամայն փաստ է եւ հետեւանք` հայկական առեւտրա-տնտեսական ոլորտի մնայուն համարկեալ վիճակին` շրջանային եւ միջ-ցամաքամասային ընդհանրական ոլորտներուն հետ:
Գ. Գեւոնեանի երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնը իր վերջին մասով կը կեդրոնանայ հաշուա-տոմարակալական ճիւղին վրայ, ներկայացնելով ուշ Միջնադարու եւ ԺԶ-ԺԸ դարերու տպաւորիչ քանակութեամբ փաստաթուղթեր` հայերէն բնագրով եւ զուգահեռ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ: Ամբողջութիւնը փաստօրէն կը կազմէ ծաւալուն մենագրութիւն մը, որ կրնար` անջատաբար հայերէնով հրատարակուած` իր յիշատակած եւ մասամբ օգտագործած ընդարձակ մատենագիտութեան զանազան գործերէն անդին ու աւելի` ունենալ յաւելեալ կնիքը արեւմտա-եւրոպական վերլուծական-գիտաբանական մտքի կուռ ոճին եւ համադրականութեան…
Հատորի «Վերջաբան»ը, կրկին` Գ. Գեւոնեանի ստորագրութեամբ, կը բերէ կենսական յաւելում մը` գործը տեղադրելով պատմա-քաղաքակրթական իր համագրութեան մէջ. կը մեկնի հին Ջուլֆայի գերեզմանատուներու հնագիտական փաստէն եւ անոնց հազարաւոր խաչքարերու` ազրպէյճանական վանտալներու կողմէ բնաջնջման նորագոյն իրողութենէն, որ հատորին մէջ արդէն յիշատակուած էր եւ վերլուծական նշումներով օգտագործուած` բազմիցս (յատկապէս Վ. Ղուկասեանի կողմէ): Միաբերելով նորոգ նահատակեալ այդ նշխարներու շուրջ անցեալ դարուն կատարուած զանազան ուսումնասիրութիւններ, վերլուծելով զանոնք, Գեւոնեան կը կապէ հին այդ ոստանի կառոյցն ու գոյութեան պայմանները` անմիջապէս նախորդող դարերու Բագրատունեաց թագաւորութեան եւ շրջանային այլ «յետ-նախարարական» իշխանութիւններու հետ, կ՛ընդգծէ անոր աշխարհագրա-քաղաքական դիրքին կարեւորութիւնը` «մետաքսի ճանապարհ»ին վրայ, ապա կը խորացնէ անոր կապը` 1604-ի բիրտ տեղահանութեան ծնունդ նոր Ջուղայի հետ, տրամադրելի սակաւաթիւ փաստերէն ընելով կարելի եզրայանգումներ, վարկածային տարազումներ` աւանդութիւններու, ձեռնհասութիւններու, ընկերային եւ գործարարար-վարչական կառոյցներու ամբողջ ժառանգութեան մը փոխանցումին իմաստով…: Նաեւ ուրուագծելով առեւտրականի այդ կերպարին մէջ` մշակոյթի ատակ եւ հետաքրքիր հայ մարդու, երբեմն եւ նուիրուա՛ծ մշակոյթի գործիչի դէմքը – Ամսթերտամէն` Վենետիկ եւ Մատրաս ու Կալկաթա, Յակոբ Մեղապարտներէ եւ Վանանդեցիներէ մինչեւ Շահամիրեաններ…:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
————————————————————————————————————
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՍԻԱԿԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ»
(ՀԱՏՈՐԻ ԻՆՔՆԱ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ` ԿՈՂՔԻՆ ՎՐԱՅ)
Արեւմտեան նաւարկութեան կողմէ` Բարեյուսոյ Հրուանդանի շրջանցումը, նաեւ զանազան «Հնդկաց ընկերութիւն»ներու ծանօթ գործունէութիւնը` այն յղումներն են, որոնք սովորաբար կը տրամադրուին 16-րդ-18-րդ դարերու ասիական առտուտուրի ուսումնասիրութեան համար: Բայց եւ այնպէս, եւրոպացիք Ասիոյ ցամաքային թէ ծովային ճամբաներուն վրայ հանդիպեր են լաւ հաստատուած առեւտրական համայնքներու, որոնք պարագաներու բերմամբ պիտի դառնային` իրենց գործակից կամ մրցակից: Հայերը, արդէն ներկայ` նաեւ Եւրոպայի մէջ, կը կայացնէին մէկը այդ համայքներէն. զիրենք ներկայացնող գլխաւոր առեւտրական ցանցը, 17-րդ դարէն, Նոր Ջուղան է, Իսպահանի այդ հայկական արուարձան-ոստանը, հիմնուած կեդրոնական-արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան տարագրումէն ետք` Շահ-Աբբասի կողմէ, 1604-1605-ին:
Տարածուելով Ամսթերտամէն մինչեւ Պենկալ ու Թիպեթ եւ մինչեւ Փիլիպեան կղզիներ, յենուելով ամբողջ շարք մը նաւահանգիստներու եւ կայաններու վրայ` Պալթիկի ու Միջերկրականի ափերէն մինչեւ Հնդկաց ովկիանոս ու Չինաստանի ծով, Նոր-Ջուղայի հայերու կազմած առեւտրական ցանցը ամէն պատճառ ունի գրգռելու պատմաբանի հետաքրքրութենէն անդին` անոր խանդավառութիւնը եւս: Անիկա արդէն զարմացուցած է իր ժամանակակիցները. Նոր-Ջուղայի մասին, անոր պերճանքը յայտնաբերելով, Chardin ասպետը պիտի ըսէ, որ թերեւս «աշխարհի մեծագոյն աւանն է» անիկա: Gabriel de Chinon անոր մէջ պիտի տեսնէ «փոքր հանրապետութիւն մը»: Հայ վաճառականները, համեմներու, կերպասներու, մետաքսի, հնդկական թէ եւրոպական ամէնէն այլազան արտադրութիւններու հայթայթիչ, միանգամայն կ՛ըլլան Պարսկաստանի Շահի ելեւմտական գործակալները, կամ Եթովպիոյ կայսեր դեսպանները…: Կը դառնան նաւատէրեր` Հնդկաց ովկիանոսին մէջ, կը նուաճեն Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ կիրարկուող առեւտրա-տոմարակալական թեքնիքները, կը բանակցին իշխաններու եւ ընկերութիւններու հետ: Նաեւ կը ջանան, մինչ կը կառուցուի նոր աշխարհը, անոր ծոցին տեղ մը ընել իրենց ազգին համար, մասամբ ցրուած, բայց մասամբ ալ կառչած` բաժան-բաժան եղած հայրենիքի մը հողին վրայ:
Հետեւելով քանի մը ուրիշ ռահվիրա աշխատանքներու, այս գիրքը պատմութեան ոլորտին կը վերադարձնէ միջ-ցամաքամասային առուտուրի մէկ երկար պահը, որ նշանակալի է ոչ միայն դրամատիրութեան զարգացման ուղեծիրին համար, այլեւ շատ ուշագրաւ ձգտումի մը` ազգութիւնները բարձրացնելու պետութիւններու մակարդակին:
Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
————————————————————————————————————–