ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ` ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՓՈՔՐԻԿ ԱՍՏՂԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՀՐԱՊՈՅՐԸ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայրենի հողէն, մթնոլորտէն եւ միջավայրէն հեռու, ազգային ի˜նչ արուեստի մասին է խօսքը, հաւանաբար ըսեն թերահաւատներ:
Իսկ շատերու համար ալ մշակութային կեանքի ամէն նուաճում անպայման կ՛ենթադրէ արմատներուն կառչածութիւն, արուեստի հմայք, սկզբունքային մօտեցում եւ արհեստավարժ ըլլալու նախանձախնդիր կեցուածք:
Ասոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ գաղութահայ մեր կեանքին բնորոշ, շատ անգամ եզակի երեւոյթներ, որոնք մերթ կ՛ուրախացնեն մեզ, տարբեր առիթներու կը շոյեն մեր ներաշխարհը եւ երբեմն ալ տխրութեամբ կը պատեն մեր հոգիները:
Ի հարկէ, նման իրողութիւններ անմասն չեն հայ իրականութենէն եւ անոնց նկատմամբ ուղղուած են դրականի առընթեր աւելի լաւին ձգտելու կոչեր եւ հրաւէրներ:
Իրօք, հաւաքական մեր կեանքին մէջ քիչ չէ թիւը այն միաւորներուն, միութիւններուն թէ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնց ուսերուն բեռցուած է նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւնն ու հայապահպանման առաքելութիւնը:
Այս առումով, կարիքը կա՞յ վերյիշեցնելու հայ կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի աւելի քան իննսունամեայ մարդասէր եւ հայակերտ գաղափարականը, որով յատկանշուած է այս միութիւնը աշխատանքային իր բազմակողմանի ներկայութեամբ եւ կարողականութեամբ:
Այլապէս ալ` սկաուտութեամբ, ՀՄԸՄ-ի գործադաշտը ունի իւրայատուկ հնչեղութիւն եւ իմաստ:
Արդարեւ,
Իր յղացքով եւ մտածումի առաջադրութեամբ յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր «Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, Ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ: (Մանրամասնութիւններ` «Ազդակ»ի 10 մայիս , 2011-ի թիւին մէջ):
Յիրաւի, առանց չափազանցութեան պէտք է արձանագրել որ սկաուտական կեանքի մէջ ամէնէն խանդավառ եւ շէնշող առիթներէն մէկն էր ասիկա ուր փոքրիկ տարազաւորներ այս անգամ եկած էին ցոյց տալու իրենց անհատական կարողութիւնները` նուագելու, երգելու, արտասանելու թէ պարելու սկաուտական գիտակցութեամբ եւ նուիրումով:
Խորքին մէջ, կազմակերպուածը մշակութային կեանքի մէկ այլ արտայայտութիւն մըն էր` իր դաստիարակչական հանգամանքով եւ տարողութեամբ:
Անկեղծ ըլլալու համար տեղի է արձանագրել, թէ հետագայ նկատողութիւններու հիմքը պարզապէս ինքնասրբագրումի հրաւէր մըն է, առանց բաղդատական մօտեցումներու եւ արուեստագիտական շեշտադրումներու:
Անկասկած որ անաչառութիւնը պիտի յուշէ, թէ ազգային կեանքի որեւէ բնագաւառի մէջ արձանագրուած դիպաշար հարկ է, որ արժանանայ համապատասխան արձագանգի եւ դատողութեան, որպէսզի գնահատանքի ու առարկայական ընդգծումներու ընդմէջէն, քննադատութեան ու ինքնաքննարկումի ճամբով կարելի ըլլայ պահպանել հաւաքական կեանքի գիտակցութիւնն ու որակի չափանիշը, այլապէս գործունէութիւններու եւ մտածումներու կայտառութիւնը վառ պահելու մտադրութեամբ:
Անցնելով «Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրին, անհրաժեշտ է արձանագրել կարգ մը կէտեր, որոնք պիտի նպաստեն հետագայ աշխատանքներու աւելի յաջող ձեւաւորման:
Ըսինք, թէ բեմին վրայ փոքրիկ տարազաւորներուն ներկայութիւնը միայն հպարտութիւն կը ներշնչէ բոլորիս, իրենց անմեղ, թէկուզ սկսնակ, շատ անգամ ամօթխած արտայայտութեամբ, նաեւ` կարգ մը բաժիններուն մէջ հմայիչ դրսեւորումով` յատկապէս պարերու թէ արտասանութեան առումով (հոգեգրաւ էր մոկլի Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանի արտասանութիւնը):
Արդ, նման ձեռնարկներու ընթացքին պէտք չէ ուշադրութենէ վրիպին երեք հիմնական արժեւորումներ:
Առաջին հերթին` երբ նախաձեռնութեան հիմքը արուեստն է, ապա պարտաւոր ենք աւելի լուրջ եւ բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերել ընդհանրապէս յայտագիրի պատրաստութեան, մասնակիցներու ընտրանքին, վայրի թէ յարմարութիւններու ապահովման, ու մանաւանդ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան աչալուրջ հսկողութեան:
Ապա ինչ կը վերաբերի կազմակերպչական աշխատանքին, այստեղ եւս բացթողումներ զգալի էին: Փաստօրէն, յայտագիրը գրաւոր պէտք էր հանդիսատեսին սեփականութիւնը դառնար, հոն նշուած ըլլային իւրաքանչիւր մասնակիցի բնագաւառն ու մատուցած կտորը եւ այլն, իսկ էականը` յայտագիրի գործադրութեան կանոնաւորութիւնը պէտք է ըլլար պատշաճութեան կարգով:
Ճիշդ է, որ խանդավառութիւնը առկայ էր, սակայն աղմուկը` տիրապետող. ունկնդրելու եւ վայելելու առիթը ձեւով մը զլացուեցաւ հանդիսատեսին:
Հաւանաբար ամէնէն ընդգծելին պիտի ըլլայ այն, թէ արուեստի պահն ու մթնոլորտը պէտք չէ շփոթել մանկապատանեկան հանդէսի հետ:
Որովհետեւ արուեստի բնագաւառը ունի տիրական եւ մասնագիտական բնոյթ, ապա նման նախաձեռնութիւններու ընթացքին անհրաժեշտութիւն էր մասնագիտական վերաբերում` իբրեւ յաջողութեան երաշխիք:
Միւս կողմէ, գնահատելի էր ձեռնարկին ներկայ դատական կազմի մասնակցութիւնը, արդարեւ, անոնց մասնագիտական կրթութիւնը իր նպաստը ունեցաւ` նախաձեռնութեան որակն ու շունչը բարձրացնելու հասկացողութեամբ:
Հակառակ մատնանշուածներուն, նման ձեռնարկներ` յատկապէս անհատական ձիրքեր ու կարողութիւններ բացայայտելու հասկացողութեամբ, անհրաժեշտութիւն են եւ արժանի ամէն աջակցութեան:
Փափաքելին կը մնայ արհեստավարժ մօտեցում ցուցաբերել բոլոր նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, որոնց նպատակը ազգային մեր շտեմարանին որակն ու շունչը, ոգին ու գեղեցկութիւը պահպանելն է, միութենական կեանքի կորովն ու խանդաղատանքը ջրդեղելով հանդերձ:
Յայտնապէս արժեւորումներու շեշտադրում կը կատարուի, որովհետեւ անոնց էութիւնը համահունչ է ՀՄԸՄ-ի գաղափարականին եւ առաքելութեան:
Կառչած մնանք անոնց:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ