50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1963)

Խմբագրական

Նոր Վեհափառը

Կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը կիրակի, մայիսի 5-ին, պատմական բացառիկ թուական մը արձանագրեց` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին վրայ բարձրացնելով կաթողիկոսական տեղապահ եւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանը:

Միաձայնութիւնը, որ հոգեյոյզ ինքնաբուխութեամբ մը գոյացաւ մեր սիրելի առաջնորդին անձին շուրջ, ոչ միայն տուաւ վկայութիւնը Կիլիկեան կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու ազգային իշխանութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները ներշնչող միասնականութեան, այլ նաեւ արժանաւորապէս հաստատեց այն գնահատանքն ու համակրանքը, որ կիլիկեան թեմերու հաւատացեալները ունին հանդէպ Հայց. եկեղեցւոյ աննկուն ծառային եւ կորովամիտ առաջնորդին:

Արդարեւ, Խորէն սրբազան, իր կրօնական ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ` վերջին տասնամեակին, երբ կը վարէր Կիլիկեան Աթոռի կարեւորագոյն թեմերէն` Լիբանանի առաջնորդութիւնը, իր վարչագիտութեամբ, զոհաբերութեան ոգիով եւ անխոնջ աշխատողի ու ազգաշէն ծրագիրներու իրականացումով հանդիսացաւ այն բարձրարժէք եկեղեցականը, որուն համար մեր պապերը գտած են լաւագոյն արտայայտութիւնը` խտացնելով երկու բառի մէջ. ՀՈՎԻՒ ՔԱՋ:

Քաջ` հոգիով ու սրտով: Քաջ` մտածումներով եւ անոնց գործադրութեամբ: Քաջ` վերջապէս Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցիին եւ անոր նուիրապետական աթոռներէն` կիլիկեան դարաւոր կաթողիկոսութեան շահերու պաշտպանութեան նուիրական գործին մէջ:

Խորէն սրբազան ոչ միայն փառաւոր շրջան մը բացաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդութեան տարեգրութեանց մէջ` իր շինարարութեամբ, ազգային-վարչական մեքենայի բարւոք գործունէութեամբ եւ այլ ազգօգուտ ձեռնարկներու իրականացումով, այլ նաեւ հոգելոյս հայրապետ Զարեհ Ա.ի գահակալութեան փոթորկոտ տարիներուն, եօթը տարի շարունակ, հանդիսացաւ անոր աջ բազուկը, ուրախութեան եւ ցաւի անբաժան ընկերը, անմիջական եւ բոլորանուէր գործակիցը, որ շրջեցաւ գաղութէ գաղութ` նիւթական եւ բարոյական ամուր կռուաններ ապահովելով իր եղբօրը Աթոռին:

Գիտենք, թէ իրեն համար հոգեկան խոր տառապանք մը եղաւ բարձրանալ այն աթոռը, ուր եօթը տարիներ առաջ այնքան սիրով ու բերկրանքով, այնքան նուիրումով ու հաւատարմութեամբ բազմեցուցած էր իր աւագ եղբայրը, մեր բոլորի խանդաղատանքին ու սիրոյն արժանացած սքանչելի վեհափառ մը: Կը զգայինք  ու կը տեսնէինք այն անկեղծ յուզումը, արտասուքը նոյնիսկ, երբ կը մտածէր, թէ պիտի կոչուի յաջորդելու մէկու մը, որուն կապուած էր հոգեկան անքակտելի կապերով, եւ որ մեզմէ, մանաւանդ Իրմէ բաժնուած էր անժամանակ կերպով` կիսաւարտ գործ մը ձգելով իրեն:

Բայց այդ կիսաւարտ գործը անպայմանօրէն իր լրումին հասցնելու գիտակցութիւնը, պարտականութեան ըմբռնումը, Հայաստանեայց եկեղեցիին ծառայելու եւ կիլիկեան դարաւոր աթոռը անսասան պահելու նուիրական կոչումը ուժ ու կորով կու տային իրեն` զսպելու իր յուզումը, կուլ տալու իր արցունքները եւ հաստատ քայլերով բարձրանալու գահ մը, որուն արժանաւոր գահակալն է ինք` հայ եկեղեցականի եւ հայ մարդու իր բարձր արժանիքներով:

Վստահ ենք, որ իր գահակալութեան օրով Խորէն Ա. կաթողիկոս, իր փորձառութեամբ եւ կշռադատ իմաստութեամբ, պիտի յաջողի Լիբանանի թեմի առաջնորդութեան շրջանին իր կատարած ազգօգուտ գործերուն ծիրը ընդարձակել, զայն տարածել կիլիկեան բոլոր թեմերուն վրայ, ուր հաւատացեալներու բազմութիւններ, այս պահուս, իրենց շրթներուն վրայ միայն մէկ աղօթք ունին` Աստուած երկար կեանք պարգեւէ մեր սիրելի վեհափառին, որպէսզի ան կարողանայ կեանքի կոչել իր գեղեցիկ ծրագիրները, ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին:

Մեր ուրախութիւնը պիտի ըլլայ անսահման, հայ ժողովուրդը անհուն բերկրանքով մը պիտի լեցուի այն օրը, երբ վեհափառ հայրապետը կարողանայ յաջողիլ նաեւ իր վսեմագոյն առաքելութեան մէջ, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն է, ինչպէս այնքան սրտայոյզ ու հոգեբուխ արտայայտութեամբ մը կը մաղթէր նորընտիր կաթողիկոսը իր առաջին ճառին մէջ, երբ եղբայրական սիրոյ եւ քրիստոնէական ողջոյնի խօսքը կ՛ուղղէր Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, միանգամայն շեշտելով իր այն վստահութիւնն ու հաւատքը, թէ` «պիտի դադրին եօթը տարիներէ ի վեր ստեղծուած հակամարտութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ թափուած ու թափուելիք ջանքերը պիտի պտղաբերին»:

Ու այս պիտի ըլլայ իր հայրական ճիգերուն պսակումը` իր անունին կապուած եւ կապուելիք այլ շքեղ իրագործումներու հետ:

 

Տէր Եւ Տիկին Խորէն Թահան
Որոնց
Իշխանական Նուիրատուութեամբ,
Պիտի
Կառուցուի Պէյրութի Նոր Առաջնորդարանը

Ինչպէս գրած էինք, Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց կողմէ, պատիւ նորընտիր կաթողիկոսին, կիրակի գիշեր, «Օթել Ֆենիսիա»-ի մէջ սարքուած ճաշկերոյթին ընթացքին Խորէն Ա. ընդհանուր խանդավառութեան մէջ ծանուցեց տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններուն իշխանական նուիրատուութիւնը` առաջնորդարանի եռայարկ արդիական շէնքի մը կառուցման համար: Ազնիւ նուիրատուներուն այս մեծոգի ժեսթը գոհունակութիւն ստեղծեց ազգային շրջանակներու մէջ, որոնք պակասը կը զգային մեր համայնքին վայել առաջնորդարանի մը: Իրենց այս նուիրատուութեամբ, տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններ կը մտնեն փաղանգին մէջ այն հայորդիներու, որոնց հանդէպ ազգը կը լեցուի երախտագիտական զգացումներով, ամէն անգամ որ անոնք կու տան իրենց զոհաբերութեան շօշափելի փաստը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES