Փորձ – Հարցարան Ինչպիսի՞ Բնաւորութեան Տէր Անձ Էք
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնատիպ բնաւորութիւնը: Ճանչնալու համար ձերը, անկեղծօրէն պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն` «այո՛», «ո՛չ» կամ «չեմ գիտեր» բառերով, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
1
Երբ մէկուն նամակ կը ղրկէք, վերջաւորութեան կը գրէ՞ք ձեր հասցէն կամ որեւէ տուեալ, որպէսզի ձեզի հետ կապի մէջ մնան:
………………………………..
2
Հաւատարի՞մ էք արդեօք ձեր սովորութիւններուն եւ միշտ նոյն անուշահոտը, դէմքի սերը կամ ակռայի դեղը կը գործածէ՞ք:
………………………………..
3
Երբ այցելութեան կ՛երթաք ձեր մտերիմներուն, արդեօք ուշադի՞ր էք մանրամասնութիւններու առնչութեամբ, ինչպէս` փոշոտ սեղան, ծուռ կախուած նկար եւ այլն…
……………………………….
4
Ձեր անձնական գրադարանին մէջ այնպէս մը դասաւորա՞ծ էք գիրքերը, որպէսզի ձեր փնտռածը անմիջապէս գտնէք:
…………………………………
5
Սովորութիւն ունի՞ք պահելու զանազան մանր-մունր իրեր, որոնք յիշատակներ կ՛արթնցնեն ձեր մէջ, ինչպէս օրինակ լուսանկարներ, բացիկներ եւ այլն…
…………………………………
6
Երեկոյեան կը պատրաստէ՞ք յաջորդ օրը հագուելիք ձեր հագուստները:
…………………………………
7
Տունէն դուրս ելլելէ ետք, կը մտահոգուի՞ք, որ արդեօք ամէն ինչ կարգին է, թէ ոչ:
…………………………………
8
Երբ հագուստ մը կամ շապիկ մը պիտի հագնիք, չհագած կը ստուգէ՞ք անոր կոճակները:
…………………………………
9
Յաճախ կը ստուգէ՞ք ձեր ձեռքի ժամացոյցին ժամը, պատկերասփիւռէն սփռուող ժամացոյցի ժամին հետ բաղդատութիւն ընելով:
…………………………………
10
Նկատողութիւններ կ՛ընէ՞ք ձեր մօտիկներուն` իրենց ճաշակին առնչութեամբ:
…………………………………
Նախքան արդիւնքը կարդալը, իւրաքանչիւր «այո՛»-ի համար հաշուեցէք 2 միաւոր, «ոչ»-ի` 0 միաւոր, «չեմ գիտեր»-ի` 1 միաւոր:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ 0-6 միաւոր հաւաքեցիք, դուք կը պատկանիք այն մարդոց, որոնց համար ամէն բան միեւնոյնն է: Որեւէ անյաջողութեան պարագայի դուք համոզուած էք, որ կը գտնուի ոեւէ մէկը, որ անպայման կ՛օգնէ ձեզի դուրս գալու տհաճ իրավիճակներէն: Բայց ընդհանրապէս ձեր յոյսերը չեն արդարանար, քանի որ ձեր ընկերները թերահաւատ դարձած են եւ յոյս չեն դներ ձեր վրայ:
* * *
Եթէ 7-10 միաւոր հաւաքեցիք, առաջին տպաւորութիւնը այն կ՛ըլլայ, որ դուք կարգուկանոնի եւ ներդաշնակութեան կողմնակից մարդ էք: Սակայն ատիկա խաբկանք է: Դուք սովորաբար թեթեւի կ՛առնէք եւ թեթեւօրէն կը վերաբերի կեանքին եւ ձեզ շրջապատող ամէն ինչի հետ: Դուք փոփոխական եւ տկար կամքով անձ էք:
* * *
Եթէ 11-16 միաւոր հաւաքեցիք, դուք խաղաղ մարդ էք, հաւասարակշռուած եւ օժտուած լաւ բնաւորութեամբ: Դուք բարձր կը գնահատէք ձեր տան յարմարաւէտութիւնն ու կարգուկանոնը: Շատ կոկիկ էք եւ միշտ տէրն էք ձեր խոստումներուն:
* * *
Եթէ 17 միաւոր եւ աւելի հաւաքեցիք, դուք շատ զգայուն եւ տպաւորող անձ էք: Նուազագոյն մանրամասնութիւնն իսկ ձեզ կրնայ յուզել եւ ձեր տրամադրութիւնը փճացնել: Նման բնաւորութիւն ունենալով` դժուար է մարդոց հետ կապ հաստատելը: Ջանացէք շրջանցել մանրուքները, ըլլալ աւելի համբերատար` մարդոց տկարութիւններուն նկատմամբ եւ աւելի ուշադիր ու մեղմ ձեր շրջապատին հանդէպ:
Առողջապահական
Խաղողը Վնասակար Չէ…
Սննդականոնի ընթացքին խաղող ուտելը վնասակար չէ, նոյնիսկ անիկա օգտակար է, քանի որ կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու շաքարախտի հաւանականութիւնները: Այս կարծիքին են Միշիկըն համալսարանի փորձագէտները:
Նոյն փորձագէտներուն կարծիքով խաղողին օգտակար ազդեցութիւնը կապուած է անոր բնական բաղադրամասին` փոլիֆենոլին հետ:
Փորձաքննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ 3 ամիս խաղողի սննդականոնի հետեւելու պարագային զգալիօրէն կը նուազին մարմնին բորբոքային անհանգստութիւնները, բայց մանաւանդ փոփոխութիւններ կը կատարուին լեարդի եւ որովայնի ճարպային հիւսուածքներուն մէջ: Խաղողի օգտագործումը նաեւ կը նուազեցնէ լեարդի, երիկամներու եւ որովայնի ճարպը:
Իսրայէլացի Բժիշկներու Կարծիքով…
Իսրայէլացի բժիշկները կը նախզգուշացնեն, որ յաճախակի լոգնալը եւ գլուխը լուալը կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ առողջութեան վրայ, կը գրէ «Մէտ Տէյլի»-ն:
Բժիշկներուն կարծիքով օրական մարմինը օճառով լուալը կը վնասէ մորթին, կը խանգարէ անոր հաւասարակշռութիւնը եւ կ՛ոչնչացնէ այն բնական նիւթը, որ մորթը կը պաշտպանէ սունկերէն եւ մանրէներէն:
Մորթին համար աւելի աւերիչ ազդեցութիւն կը գործէ հեղուկ օճառը, որուն բաղադրիչները կը պարունակեն քայքայիչ նիւթեր, կ՛ըսեն բժիշկները` աւելցնելով, որ մորթին վերին շերտը անընդհատ լուալով կը վնասուի Տէ. կենսանիւթը ներծծող գօտին:
Այս իսկ պատճառով իսրայէլացի բժիշկները խորհուրդ կու տան լոգնալ շաբաթը միայն երկու անգամ…
Ինչպէս Չդառնալ Նորաձեւութեան Զոհ
Ռուս ձեւագէտ, նորաձեւութեան պատմութեան մասնագէտ, ներքին յարդարանքի վարպետ եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Ալեքսանտր Վասիլիէվ մեզի կը փոխանցէ կարգ մը խորհուրդներ` նորաձեւութեան զոհ չդառնալու համար:
Վասիլիէվի կարծիքով` «նորաձեւութիւնը բոլորին համար չէ. անիկա հարուստներուն, անգործներուն եւ երիտասարդ, գեղեցիկ կազմուածքի տէր անձերուն համար է»: Մնացեալներուն հարկաւոր է ունենալ սեփական ոճ:
Մէկ կողմէն` նորաձեւութիւնը խմբական խենթութիւն է, միւս կողմէն` անհնար է անկէ զերծ մնալ: Նորաձեւութեան հետեւիլը ծիծաղելի է, չհետեւիլը` յիմարութիւն: Այդ նուրբ բաժանարար գիծը գտնելը կը կոչուի ոճի զգացում:
Հանրածանօթ պիտակները` գովազդ է յաճախորդի չկայացած ճաշակին համար: Եւ եթէ դուք ոտքէ գլուխ պիտակներով զգեստներ հագած էք, կը նշանակէ, որ դուք դարձած էք ձեր ամուսնին կամ սիրեկանին ցուցափեղկի նմուշ եւ կը նմանիք նորաձեւութեան տուներու գովազդներուն:
Լուրջի մի առնէք եղանակէ-եղանակ փոխուող նորաձեւութեան հոսանքները, անոնք ժամանակաւոր են եւ փոփոխական, մինչդեռ ոճը յաւերժական է:
Միշտ նկատի առէք ձեր արտաքին տուեալները եւ ընտրեցէք այնպիսի հագուստներ, որոնք կը յարմարին ձեր կազմուածքին: Միաժամանակ մի՛ ցուցադրէք թէ՛ կուրծքը եւ թէ՛ սրունքը: Ուշադիր եղէք մազերու գոյնին, խուսափեցէք վառ երանգներէն, ուշադիր ընտրեցէք անուշահոտն ու դիմայարդարումը: Ունեցէք չափի զգացում, մի՛ խառնէք երեք գոյնէ աւելին, 4-րդը` աւելորդ է:
Կինը պէտք է կողմնորոշուի իր ընկերային դիրքով, տարիքով, հնարաւորութիւններով: Փորձեցէք ծիծաղելի չդառնալ:
Եթէ ինծի հարցնէք, թէ հիմա ի՞նչը նորաձեւ է, կը պատասխանեմ. մերկ փորով քալելը, եղունգներ դնելը, բարձրակրունկ հագնիլը, շիկահեր ներկուիլը եւ գռեհիկ երեւալը: Աւելի քիչ գռեհկութիւն, մերկ փորեր, սիլիքոն… Պահպանեցէք առեղծուածային հոգին…:
Խոհագիր
Լոլիկով Եւ Ռեհանով Պրուսքէթթա
– 5 կամ 6 միջակ չափի հասուն լոլիկ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
– 1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 6 – 8 տերեւ մանրուած ռեհան
– 1 ֆրանսական պակէթ հաց
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Քառորդ գաւաթ ձիթաիւղ
Պատրաստութիւն
Նախ եւ առաջ լոլիկները քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել, ապա կեղուել: Միջուկները պարպել, իսկ մնացեալ բաժինը խորանարդաձեւ կտրտել:
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճան տաքութեամբ: Պակէթ հացը շեղակի կտրտել փափաքած թանձրութեամբ: Վրձինով մը անոնց երեսը ձէթով ծեփել եւ փուռին մէջ կարմրցնել:
Ամանի մը մէջ խառնել մանրուած լոլիկը, ռեհանը, ճզմուած սխտորը, պալսամիք քացախը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ տարածել կարմրած հացի շերտերուն վրայ:
Հացերը շարել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ անմիջապէս հրամցնել:
Պրուսքէթթան պատրաստել վերջին վայրկեանին, որպէսզի կարմրած հացերը չկակուղնան եւ ուտելու ժամանակ ակռաներուն տակ խշրտան…
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եռագոյնը Շուշուայ Բերդին
…Եւ թափօրն էր ընթանում փշրած շղթայ ու կապանք
Ու դրօշի պէս տանում մի ալեկոծ տառապանք…
Ծաւալւում էր, ալիքւում մի սգաւոր շամանդաղ,
Երբ հնչեց երգը ըմբոստ, եւ ԵՌԱԳՈՅՆը ծփաց…
Եւ ԵՌԱԳՈՅՆը ծփաց եւ ԵՌԱԳՈՅՆը յառնեց,
Եւ ԵՌԱԳՈՅՆը վառուեց այդ սեւի մէջ ու սգի
Ու կայծակին փաթաթուած դէպի երկինք սաւառնեց,
Որպէս երազ ու պատգամ, որպէս հաւատ ու ոգի…Օր հիասքանչ ու վսեմ, առեղծուածի բանալի,
Գլխապտոյտ լուսեղէն, եւ իններորդ դու ալիք,
Օ՛ր, դու ոգու յարութիւն, օր երբ բառերն են լռում,
Օր միակամ հայութիւն, ոչ թէ մի բուռ այլ բռունցք,
Եւ զարմանք էր, աշխարհի ովկիանոսները ասես
Ելել կանգնել են թաթերին ու մեզ էին լուռ դիտում,
Հողն այս փոքրիկ, որ երէկ այսքան խոնարհ էր ու հեզ,
Ազատութեան կայծակով ինքն իրեն էր մկրտում,
Օր չէր դա, ո՛չ, ի՞նչ էր դա, իմ սիրտն անգամ չգիտի,
Բառեր չունեմ ես բնաւ, պատկերը չեմ նշմարում,
Լոյսի տօն էր դա գուցէ, մի ոգեղէն մեղեդի,
Որի բառերը, սակայն, դեռ չեն ծնուել աշխարհում:Հայաստա՛ն իմ, քո առաջ, իջնում էի ես ծունկի,
Եւ աղերսում, որ միայն այդպէս ապրես աշխարհում:ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ


