Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Ապրիլ 24-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն: Քանատայի շարք մը քաղաքներէն մայրաքաղաք ժամանած հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ դրին «Անմահ Հայաստան» յուշարձանին, իսկ հոգեւոր հայրերը աղօթեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:
Հայաստանի դեսպանութենէն բազմութիւնը շարժեցաւ դէպի Քանատայի խորհրդարան, ուր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ելոյթներով հանդէս եկան ներկայացուցիչներ խորհրդարանական բոլոր կուսակցութիւններէն եւ Քանատայի հայ համայնքէն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեանը, որ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութեան մասին` ընդգծելով Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ժխտողական քաղաքականութեան անթոյլատրելիութիւնը:
* Ապրիլ 21-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավար Սոնա Լախոյեան, Հայ դատի յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարելէ ետք, բեմ հրաւիրեց «Ահունդսիք Քարթիէվիլ»-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յարութ Շիթիլեանը, որ փոխանցեց Մոնրէալի քաղաքապետ Մայքըլ Էփլպոմին պատգամը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ Լաւալի քաղաքապետ Ալեքսանտր Տիւփլեսիս` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ս. Լորան շրջանի Քեպեքի նահանգային երեսփոխան Ժան Մարք Ֆուռնիէ, խօսքը ուղղելով յատկապէս երիտասարդ սերունդին, յորդորեց շարունակել Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարը, որպէսզի նոյնանման ողբերգութիւններ երբեք չկրկնուին: Ապա Ս. Ռոզ շրջանի Քեպեքի երեսփոխան Սիւզան Փրուլքս փոխանցեց իր պատգամը:
Հերթաբար բեմ հրաւիրուեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ` Ստեփան Տիոն, Ալեքսանտր Պուլերիս եւ Ճոյս Պէյթման, որ նաեւ փոխանցեց Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըրին ուղարկած պատգամը: Մոնրէալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ Թուրքիան պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի իր կատարած անարգ ոճիրին համար, աւելցնելով, որ հայկական սփիւռքը արդարութիւն կը պահանջէ եւ պիտի շարունակէ ոգեկոչել մեր նահատակներուն յիշատակը ու շարունակել մեր պայքարը աշխարհի չորս ծագերուն, մինչեւ մեր Դատին արդար լուծումը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն Լաւալի մէջ պիտի զետեղուի յուշարձան մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ռուանտացի թղթակից, գրագէտ եւ փաստաթղթագէտ Ֆրանսուա Պուճինկօ խօսք առնելով` կոչ ուղղեց շարունակել պայքարը, նկատի ունենալով, որ մարդկային պատմութեան մէջ առաջին անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
* Ապրիլ 21-ին Քեմպրիճի մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: ՀՅԴ ԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Սարմազեան ներկայացուց երիտասարդութեան խօսքը: Օրուան պատգամաբեր Հայդուկ Շամլեան հակիրճ եւ տպաւորիչ ձեւով փոխանցեց օրուան պատգամը: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Խօսք առին կարգ մը անձնաւորութիւններ: Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութիւնը այսօր» խորագրով:
* Ապրիլ 21-ին համահայկական 3 կուսակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Օրուան հանդիսավար Վարագ Պապեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ 2004 ապրիլին` Քանատայի Դաշնակցային խորհրդարանի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, 2006-ի Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըրի յայտարարութեան, որ պաշտօնապէս կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան նշեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը անընդունելի է համայն հայութեան համար: Ապա խօսք առաւ Քանատայի Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ` խորհրդարանական Չանկսըն Լիանկ, որ մանրամասնեց Հայաստան իր այցելութիւնը ու աւարտեց իր խօսքը` կարդալով վարչապետ Սթեֆըն Հարփըրին ուղերձը: Քաղաքացիութեան ու ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քենիի ուղերձը կարդաց խորհրդարանական Քոսթաս Մենեկաքիսը: Օնթարիոյի համալսարաններու եւ քոլեճներու նախարար, ազատական Պրետ Տուկըտ կարդաց Օնթարիոյի նահանգապետ Քաթլին Ուինի ուղերձը, իսկ պահպանողական Ֆրենք Քլիսը կարդաց Օնթարիոյի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Թիմ Հուտաքի ուղերձը: Նաեւ խօսք առին նաեւ այլ անձնաւորութիւններ: Ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ, ծագումով թուրք պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամի հետ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի հարցազրոյցը:
Օրուան բանախօս, Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան խօսք առնելով` յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ ճիգերը` հակադարձելու Քանատայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, ամբողջովին անընդունելի եւ անհանդուրժելի են:
Ձեռնարկի աւարտին «Վերածնունդ» ապրիլեան յուշարձանին շուրջ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Ապրիլ 24-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն աւարտին եկեղեցւոյ բակի խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում: Ապա Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, որմէ ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան խօսք առնելով` ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ամբողջ հայութեան միացեալ ջանքերը` կարեւոր նկատելով պատմական արդարութեան հաստատման ուղղուած շարունակական պայքարին նշանակութիւնը: Աւարտին դեսպանութեան բակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Փարիզ
* Ֆրանսայի Նիս քաղաքի «Պաթէ Մասենա» շարժապատկերի ցուցասրահին մէջ 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Վանայ ծովի արշալոյսը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որմէ ետք հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ հարցումներ ուղղելու ժապաւէնի բեմադրիչ Արտակ Իգիթեանին եւ հեղինակ Արեն Վաթեանի: Ապա Նիսի կեդրոնական հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Ապրիլ 24-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց երթ` դէպի Հայկական պուրակ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը մարմնաւորող յուշակոթողին դիմաց:
Ապրիլ 24-ին Փարիզի յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Դէպի Յաղթանակի կամար կատարուած հանդիսաւոր քայլերթին յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ապրիլ 24-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Յայտնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագներ մատուցուեցան նաեւ` Մարսէյի, Լիոնի, Նիսի, Վալանսի, Սենթ-Էթիէնի, Կըրընոպլի, Տեսինի, Ալֆորվիլի հայկական եկեղեցիներուն մէջ:
Ապրիլ 24-ին Մարսէյի հրապարակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցաւ Վալանս քաղաքի «Ժան-Մանուկ Ստեփանեան» պուրակի բացում: Ապա Վալանսի քաղաքապետարանի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առին` քաղաքապետ Ալեն Մորիս, Վալանսի նախկին քաղաքապետ Ռոտոլֆ Պեշեն եւ Վալանսի Սուրբ Սահակ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անրի Սիրանեան:
Ղազախստան
Ապրիլ 22-24 տեղի ունեցան ձեռնարկներ: Ալմաթիի մէջ գտնուող հայկական «Լոյս» կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, իսկ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ:
Քարականտա քաղաքին մօտ գտնուող Սփասքի յուշահամալիրին մէջ գտնուող հայկական խաչքարի կոթողին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ձեռնարկներ կազմակերպուեցան նաեւ Ասթանայի, Աքթոպէի, Քոսթանայի, Օզքեմենի եւ Ղազախստանի այլ քաղաքներու մէջ:
Հոլանտա
Ապրիլ 24-ին Հոլանտայի Ասեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ: Ասենի «Տէ Պոսքամփ» գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած խաչքարին մօտ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան խօսք առնելով` շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ պայքարին անհրաժեշտութիւնը եւ անոր հասնելու համար միասնական ջանքերու կարեւորութիւնը: Ելոյթ ունեցան նաեւ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու «Ապրիլ 24» կոմիտէի նախագահ Նուպար Սիփան, քիւրտ լրագրող եւ «Հայ համազգային շարժումն ու 1915թ.-ի ցեղասպանութիւնը» գիրքի հեղինակ դոկտ. Ռեճեփ Մարաշլի:
Նոյն օրը Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ, որ սկսաւ Ս. պատարագով, որուն յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին մօտ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ելոյթներով հանդէս եկան կարգ մը անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան:
Սպանիա
Ապրիլ 21-ին Մատրիտի Սան Խուան տէ Լա Քրուս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց սգոյ հանդէս, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Աղէտ» վաւերագրական ժապաւէնը` սպաներէն թարգմանութեամբ: Նոյն օրը Սպանիոյ մէջ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Սասուն վրդ. Զմրուխտեան Պարսելոնայի Մար տէ Տէու տէ Լոս Անխելես եկեղեցւոյ մէջ կատարեց սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն յաջորդեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղում:
Նոյն օրը Պարսելոնայի Օրֆէօ Կրասիենս սրահին մէջ, նաեւ Վալենսիա եւ Ալիքանթէ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ:
Վիեննա
Ապրիլ 24-ին Ֆրիտրիխ Շիլլերի հրապարակին մէջ տեղադրուած աւստրիացի գրող եւ մեծ հայասէր Ֆրանց Վերֆելի յուշարձանին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Երեկոյեան Վիեննայի Հայ առաքելական Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող յուշակոթողին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ: Աւստրիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եկեղեցական վարչութեան նախագահ Հայկ Ազենպաուէր ելոյթ ունենալով` ներկայացուց վարչութեան այս տարուան նախաձեռնութիւնը` գերմանացի բեմադրիչ Էրիք Ֆրիտլերի 2010-ին նկարահանած «ԱՂԷՏ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի 300 օրինակ:
Այնուհետեւ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային արձագանգներուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման, արդարութեան վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ` հայկական սփիւռքի կառոյցներու հզօրացման, Հայաստանի եւ սփիւռքի Հայաստանի դեսպանութիւններուն հետ այդ կառոյցներուն համագործակցութեան հզօրացման հարցերուն:
Սլովաքիա
Ապրիլ 19-ին Պրաթիսլաւայի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն:
Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ Չեխիոյ Եիկլաւա եւ Պռնօ քաղաքներուն մէջ:
Եիկլաւայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում` Եիկլաւայի հայկական խաչքարի մօտ:
Այնուհետեւ Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Դեսպան Տիգրան Սէյրանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մինչեւ օրս Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտման եւ ուրացման քաղաքականութեան:
Նոյն օրը Պռնօ քաղաքի եկեղեցւոյ մէջ Հայր Բարսեղ Փիլաւճեան մատուցեց հոգեհանգստեան կարգ եւ հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած քարոզով:
Ապրիլ 24-ին դեսպանը եւ խումբ մը չեխահայեր ծաղիկներ զետեղեցին «Մուսա լերան քառասուն օրը» պատմավէպի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի կիսանդրիին առջեւ: Սէյրանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս տարի պիտի նշուի պատմավէպի առաջին հրատարակութեան ութսունամեակը եւ կարեւոր նկատեց այս գեղարուեստական ստեղծագործութեան վաւերագրական մեծ նշանակութիւնը:
Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր եւ Հայկական հարցի արդարացի լուծման ջատագով Թոմաս Վուտրօ Ուիլսընի յուշարձանին դիմաց, որուն յաջորդեց Փրակայի կեդրոնին մէջ հանրահաւաք-երթ:
Այնուհետեւ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան մատուցեց պատարագ, կատարեց հոգեհանգստեան կարգ, ինչպէս նաեւ հանդէս եկաւ քարոզով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպանը եւ Չեխիոյ խորհրդարանի ծերակուտական, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Եարոմիր Շթեթինա: Վերջինս նշեց, որ պէտք է աշխատանք տարուի, որպէսզի Չեխիան եւս խորհրդարանի մակարդակով միանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու թիւին:
Ապա «Ինթըրարթ Կալերի Կոր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ չեխահայ նկարիչ Կոռ Աւետիսեանի «Վերածնուած Հայաստան» խորագրով Չեխիոյ 16 հայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսին բացումը:
Երուսաղէմ
Ապրիլ 24-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց թրքական դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց: Այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա Հայ օգնութեան միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Լիզա Սեւան, ցեղասպանութիւններու հետազօտման բաժանմունքի անդամ Ուրիէլ Լեւին, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հենրի Մորկենթաուիի եւ Ահարոն Ահարոնսոնի գործադրած ջանքերուն` հայերու կոտորածները դադրեցնելու եւ օսմանեան Թուրքիոյ` հայերը բնաջնջելու մտադրութենէն ետ կեցնելու ուղղութեամբ:
Վրաստան
Ապրիլ 24-ին վիրահայ համայնքի թափօրը Թիֆլիսի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիէն ուղուեցաւ դէպի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն: Խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Նոյն օրը Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, արժեւորեց Հայ դատի արդարացիութիւնը` յիշատակի ձեռնարկները անուանելով մխիթարութիւն եւ միասնականութեան պահանջ յանուն յաղթանակի:
Արարողութեան ընթացքին վիրահայոց թեմի առաջնորդը հրապարակեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի յայտարարութիւնը:
Այնուհետեւ ժողովուրդը ուղղուեցաւ թրքական դեսպանատուն, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի հանրահաւաք:
Վրաստանի հայ համայնքի հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտչեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ 24 ապրիլը
հայերու միասնութեան օրն է, հայ ազգի արդարութեան համար պայքարի, հատուցման պահանջի օրը, որ անպայման պէտք է ունենայ իր արդարացի աւարտը: Ելոյթ ունեցան նաեւ այլ անձնաւորութիւններ:

