ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններ. «Փիւնիկի Սլացք»
«Տեմիրճեան» կեդրոնի երկրորդ յարկի սրահը բարձր տրամադրութիւն կը ներշնչէր:
Մթնոլորտը յագեցած էր կոմիտասեան երաժշտութեամբ: Ներկաները մեծ մասամբ երիտասարդ զոյգեր եւ կամ միջին տարիքի մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր էին, որոնք իրենց մանկահասակ զաւակներուն կամ թոռներուն ելոյթին կը սպասէին:
Նախորդ տարիներէն ի վեր քանիցս հաստատուած եւ արդէն աւանդութիւն դարձած է ձեռնարկը ժամանակին սկսելու գովելի սկզբունքը:
ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ վարժարաններու սաները «Փիւնիկի սլացք» համերգով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչէին:
Եւ ուրեմն, երեկոյեան ժամը ուղիղ 6:30-ին բեմը լուսաւորուեցաւ Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտներով, անոնց մանկական զիլ ու զրնգուն ձայնով հնչեցին Գեղունի Չթճեանի մանկական երգերէն սիրուն ու պայծառ` «Մեր երգն առաջին» եւ «Մեր հայրենիք սիրելի» երգերը:
Յաջորդ բեմ բարձրացողները «Նազարեան» վարժարանի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու փոքրիկները եղան. անոնք մթնոլորտը լեցուցին «Մեսրոպ Մաշտոց» բանաստեղծութեան տողերով: Քիչ ետք բեմին վրայ կրտսերներուն փոխարինելու եկան Ծաղիկ դասարանի աղջնակները: Անոնք իրենց ճերմակ, եթերային ու սիրուն հագուստներով, նազուկ ու սիրուն, «Կռունկ»-ը ներկայացուցին պարով:
Կարգը մանչերունն էր: Անոնք իրենց կշռութաւոր ու խրոխտ քայլերով «Գովք ֆիտայու» պարը ներկայացուցին: Ժառանգականութեան անբեկանելի օրէնքով ազգային հպարտութեան ծինի այս փոքրիկ ժառանգորդները, իրենք ալ չհասկնալով` թէ ինչպէ՛ս, բայց պարեցին հայօրէ՛ն: Իր հերթին հանդիսատեսը ծափահարեց իր արեան, իր ցեղին ու տեսակին շարունակելիութեան ու յարատեւումին բերկրանքով:
Բեմի վրայ «Նազարեան» մանկապարտէզի փոքրիկներուն յաջորդելու եկան կարմիրեանցի մանուկները: Հայկական դրօշի երեք գոյները պսակի պէս իրենց գլուխներուն շուրջ ու ձեռքերուն վրայ` անոնք երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին, հաւասարապէս յուզելով իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները:
Յատկանշական էր խմբովին մատուցուած «Մենք ժառանգներն ենք Արցախի» երգը:
Մակար Եկմալեան: «Սուրբ, սուրբ…»: Այս երգը միշտ պիտի ուղեկցի Ե. եւ Զ. դասարաններու միացեալ երգչախումբի անդամներուն: Որքա՜ն մաքուր ու անթերի հնչեցուց մեներգի բաժինը Անիա Պօղոսեանը… Գառնի Մարտիրոսեանը եւս ճիշդ զգացողութեամբ կատարեց իր բաժինը:
«Փիւնիկի սլացք»-ը յատկանշուեցաւ նաեւ սեւակեան տողերու աշակերտական հնչեցմամբ: «Ղօղանջ եղեռնական»-էն հատուածներ արտասանեցին` Հրակ Փարթամեանը, Վանայ Ճորճեանը, Կարօ Կիրիթլեանն ու Կարօ Նաճարեանը: Խօսքին ընկերացաւ «Գարուն ա»-ն` սրինգով, Զոհրապ Աբրահամեան, այնուհետեւ «Հով արէք»-ը` ջութակով, Սերենա Ղազարեան եւ «Լէ լէ եաման»-ը` սրինգով, որ կատարեց Մեղրի Տաքէսեանը:
Հոս յիշենք, որ դաշնամուրային ընկերակցութիւն կատարեցին Թամարա Շիր Յակոբեանը եւ շնորհալի երաժիշտ Նանոր Մաճարեանը:
Ձեռնարկի երաժշտական ղեկավար Նորա Եղիայեանը հրաշալի ընտրութիւն կատարած էր` իր սաներուն ու հանրութեան ներկայացնելով հայ երգի բազմերանգ այն փունջը, որ հաւասարաչափ հաճոյք ու ոգեւորութիւն փոխանցեց կատարողին եւ ունկնդրին:
Քիչ անց սրահը լեցուեցաւ մեծն Թումանեանի ու Տիգրանեանի խօսք ու երաժշտութեամբ: Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները հնչեցուցին «Համբարձում եայլա» եւ «Ամպի տակից» երգերը` այդպիսով անգամ մը եւս հաստատելով, որ սփիւռքեան այս սերունդը ե՛ւս հաւատարիմ կը մնայ ազգային իր արժէքներուն:
Աշակերտական կատարման համար բարդ ընտրութիւն էր Ռ. Մելիքեանի «Վարդը» ռոմանսը, սակայն Վաչէ Չըլտրեանին պատանեկան սոփրանոն շատ սիրուն ներկայացուց գողտրիկ այդ երգը:
Այնուհետեւ արաբական «Անո՛ւնդ, երկիր իմ» երգը հնչեց երգչախումբի եւ երկու մեներգողներու` Աննա-Մարիա Պարսումեանի եւ Գարին Հաճեանի անթերի կատարողութեամբ եւ համերգը իր աւարտին հասաւ «Եռագոյն» երգով:
Աւարտին, հպարտ` իր սաներով, բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանը: Ան խօսեցաւ հայկական ինքնութեան եւ անոր բաղադրիչներուն մասին, խօսեցաւ Կոմիտասի կեանքի ուղիին ու անոր ընդմէջէն մեր ժողովուրդի պատմական ելեւէջներուն, ազգային գիտակցութեան ու անկոտրում պայքարին մասին:
«Փիւնիկի սլացք» համերգով մենք կ՛ուզենք շեշտել, որ հայ նորագոյն սերունդը եւս աւագներու օրինակով կը խոնարհի մեր միլիոնուկէս նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ կը զօրակցի հայրենիք Հայաստանին:
ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ