«Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Միջդպրոցական Նկարչութեան Մրցումի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 4 մայիս 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական նկարչութեան մրցանքի աւարտական հանգրուանը, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններէն 45 աշակերտներու, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու: 6-8 տարեկան աշակերտները մաս կը կազմէին առաջին խումբին, 9-12 տարեկանները` բ. խումբին եւ 13-16 տարեկանները` գ. խումբին:

Տրուած նիւթերուն շուրջ աշակերտներուն աշխատանքէն ետք դատական կազմը, որուն մաս կը կազմեն Ռազմիկ Պերթիզլեան, Շահէ Տէր Յարութիւնեան եւ Հրաչ Այնթապեան, արժեւորեցին աշակերտական ստեղծագործութիւնները:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Հրաչ Այնթապեան շեշտեց, թէ այս մրցումը լաւագոյն առիթն է լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող թաքուն ձիրքերը բացայայտելու եւ քաջալերելու:

Ապա, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ ծնողներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւոր հաստատութեան` «Ֆէյպըրքէսըլ»-ին, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի «Թ. Ռոսլին»-ի գործունէութիւններուն: Գապասագալեան շեշտեց, որ գծագրութիւնը գոյներու ընդմէջէն հոգիները կ՛ազնուացնէ եւ մարդ արարածը կը կազմաւորէ:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի մէկ տարուան կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Բոլոր մասնակիցները «Ֆէյպըրքէսըլ» հաստատութենէն ստացան յատուկ նուէրներ:

Կը փոխանցենք մրցանքին արդիւնքները:

13-16 տարեկան աշակերտներու խումբ. ա. Քրիսթէլ Սանոսեան, Սահակեան-Լ. Մկրտչեան վարժարան, բ. Վարագ Տիւքէնճեան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ, գ. Մանուկ Ճենանեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարան:

9-12 տարեկան աշակերտներու խումբ. ա. Մարիա Փարթամեան, ՀԲԸՄ Կարմիրեան վարժարան, բ. Քրիսթէլ Պչաքճեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարան, գ. Ժոէլ Գասապեան, Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարան, գ. Լիսա Յովսէփեան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ:

6-8 տարեկան աշակերտներու խումբ. ա. Բալիկ Գալայճեան, Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարան, բ. Արա Կարապետեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարան, գ. Սէրլի Եթիմեան, Հայ Աւետ. Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, գ. Մեղրի Հաճեան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ:

Share this Article
CATEGORIES