Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածի Դպրոցական Շրջուն Ցուցահանդէսը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

Ազգ. Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան

 

 

 

 

 

 

 

 

Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարան

Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան

 

 

 

 

 

 

 

 

Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան

Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարան

 

 

 

 

 

 

 

 

Համազգայինի Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան

 

 

 

 

 

 

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած եւ 5 մարտին ընթացք առած շրջուն ցուցահանդէսը անցնող ամսուան ընթացքին շարունակուեցաւ: Առաջին հանգրուանին մասին նախապէս անդրադարձած էինք մեր մամուլի էջերով, իսկ 15 մարտ – 12 ապրիլ ժամանակամիջոցին, Համազգայինի գրատարածի անձնակազմը շարունակելով իր շրջագայութիւնը, յաջորդաբար այցելեց` Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան, Ազգ. Գալուստ Կիւլպէնկեան, Այնճարի Հայ աւետարանական, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան, Ազգ. Աքսոր Գասարճեան, Ազգ. Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանները եւ Համազգայինի Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, ուր աշակերտութեան ներկայացուեցաւ Համազգայինի եւ այլ հրատարակչատուներու մանկապատանեկան հրատարակութիւններէն եւ դաստիարակչական խաղերէն փունջ մը: Կարգ մը վարժարաններու  բարձրագոյն կարգերու աշակերտները այս առիթով դիտեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 82-ամեայ երթը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը:

Տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու ամբողջական գործակցութեամբ, այս նախաձեռնութեամբ, մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն 16 հայկական վարժարաններու մէջ հայ գիրքի հանդէպ ստեղծուեցաւ յաւելեալ հետաքրքրութիւն, եւ աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ծանօթացաւ հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ գնեց կարեւոր քանակութեամբ գիրքեր:

Այս ծիրին մէջ հարկ է արձանագրել նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին կողմէ 2013 տարին հայ մօր տարի հռչակման առիթով Համազգայինի հրատարակչատան կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան 7-րդ, 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ կարգերու աշակերտութեանց աշխատանքները յանձնուած են Համազգայինի հրատարակչատուն եւ մրցանքի դատական  կազմը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին ի մօտոյ պիտի յայտարարէ արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES