ՓԻՐԼՕ ՊԻՏԻ ԼՔԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԸ. ԻՆՑԱԿԻ ԵՒ ՆԵՍԹԱ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ

Իտալացի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը` Ա. Սէ. Միլանը, երբ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտի իր կազմին հետ:

Ըստ իտալական մամուլին, ան կը մտադրէ միանալ Եուվենթուսի:

Մինչ ան կը պատրաստուի հեռանալ իր կազմէն, անդին յառաջապահ Ֆիլիփօ Ինցակի եւ յետսապահ Ալեսանտրօ Նեսթա իրենց պայմանագրութիւնները մէկական տարիով երկարաձգեցին Իտալիոյ ախոյեանին հետ:

Ցարդ անորոշ է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան վեթերան միջնապահներ Քլարենս Սիտորֆի եւ Մասսիմօ Ամպրոսինիի ճակատագիրները:

Կը կարծուի, որ պրազիլական կարգ մը ակումբներ մօտէն հետաքրքրուած են հոլանտացի Սիտորֆով:

Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Ա. Սէ. Միլան ազատ փոխանցումով մը կը փափաքի իր կազմին միացնել Ֆիլիփ Մեքսեսը (Ա. Էս. Ռոմայէն) եւ Թայէ Թայվոն (Մարսէյէն):

Share this Article
CATEGORIES