ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ԱՐԱՄ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ԵՒ ՀՐԱՅՐ ՏԻՇՉԵՔԵՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 22 մայիսին կ՛աւարտի ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2010-2011 տարեշրջանը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլի աւարտական մրցումները, որոնց պիտի յաջորդէ մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ատենապետ Արամ Աւետիսեանի եւ թեքնիք պատասխանատու Հրայր Տիշչեքենեանի հետ` աւելի մօտէն տեղեակ ըլլալու համար յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն:
Ստորեւ այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն որոշ լուսաբանութիւն տալ, թէ այս տարեշրջանին ի՞նչ ձեւով ընթացան» մրցումները եւ թէ անիկա տարբեր եղա՞ւ նախորդ տարեշրջաններէն:
ԱՐԱՄ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելը, կու գամ շնորհակալութիւն յայտնելու «Ազդակ»ին` այս հարցազրոյցին համար: Շնորհակալութեան այլ խօսք մըն ալ կ՛ուղղենք անոր համար, որ ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին «Ազդակ» միշտ ալ իր մարզական էջին մէջ իր իւրայատուկ տեղը տրամադրեց արձանագրուած արդիւնքներուն եւ տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրին:
Պատասխանելով հարցումին` կրնանք ըսել, որ այս տարեշրջանը բաւական տարբեր եղաւ նախորդներէն` բազմաթիւ պատճառներով:
«Ա.».- Տարբեր ըսելով ի՞նչ կրնանք հասկնալ: Կրնա՞ք աւելի լուսաբանել:
ՀՐԱՅՐ ՏԻՇՉԵՔԵՆԵԱՆ.- Նախ կու գամ ըսելու, որ այս տարի ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 42-ամեակն էր:
Այո՛, տարբեր եղաւ նախորդներէն` նկատի ունենալով, որ մասնակցող հայկական վարժարաններուն թիւը 19-էն բարձրացաւ 24-ի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց մօտ անոր մասնակցելու գծով հետաքրքրութիւնը աւելցաւ:
Բացի ատկէ, եթէ փինկ փոնկի եւ ճատրակի մրցումները տեղի ունեցան միօրեայ դրութեամբ, անդին ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան ամբողջութեամբ տարբեր ձեւով, որովհետեւ կիրարկուեցաւ կէտերու եւ դասաւորման ձեւը, բան մը, որ նախորդ տարիներուն տեղի չէր ունենար, այլ կ՛ըլլար նաք-աութի դրութեամբ:
«Ա».- Դասաւորման այդ նոր ձեւը որոշ դժուարութիւններ տուա՞ւ ձեզի կամ մասնակցողներուն:
Հ. Տ.- Նախորդ տարիներուն, երբ նաք-աութի դրութիւնը կը կիրարկուէր, պարտուող խումբերուն համար մրցաշարքը աւարտած կը նկատուէր: Սակայն, երբ այս տարի այդ կէտերու դրութիւնը սկսաւ կիրարկուիլ, վարժարաններուն մօտ պայքարի ոգին աւելի մեծ թափ ստացաւ, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարելին ըրաւ, որպէսզի ընդհանուր դասաւորման մէջ լաւ դիրք մը կարենայ ապահովել:
«Ա.».- Ինչո՞ւ աթլեթիզմի մրցումները զանց կ՛առնուին ԼԵՎԱՄ-ի յայտագիրէն:
Ա. Ա.- Աթլեթիզմի մրցումները վերջին տարիներուն դժբախտաբար դուրս կը մնան ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յայտագիրէն: Պատճառները շատ են բնականաբար:
Այս տարեշրջանին այդ գծով փորձաքարի ենթարկելով մեր կարողութիւնը, որոշեցինք կազմակերպել վազքի մրցումները: Թէեւ ատոր մէջ յաջողեցանք, սակայն զգացինք, որ մարդուժի կը կարօտինք` աթլեթիզմի մրցումները յաջողցնելու համար:
Մինչեւ նոր տարեշրջանին սկսիլը, ամէն գնով աշխատանք պիտի տանինք աթլեթիզմի մարդուժը զօրացնելու համար, որպէսզի կարենանք 2012-2013 տարեշրջանին կիրարկել աթլեթիզմի բոլոր մրցումները:
«Ա.».- Ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն գծով կրնա՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն:
Հ. Տ.- Ինչպէս շատերը գիտեն, ֆութպոլի մրցումները տեղի ունեցան նորակառոյց «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, իսկ պասքեթպոլի մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Վերոնշեալ վայրերուն մէջ մրցումներուն կայացումը կը նշանակէ, որ անիկա յառաջդիմութեան մէջ է, եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք նախորդ տարիներուն վրայ:
Ֆութպոլի մրցումներուն իրաւարարները հանդիսացան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին մարզիկներ, իսկ պասքեթպոլի մրցումներուն իրաւարարները Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ տրամադրուած իրաւարարներն էին:
Այս երկուքին մէջ յաջողեցանք ոչ մէկ դժգոհութիւն յառաջացնել բոլորին մօտ ալ անխտիր:
Ինչ կը վերաբերի փինկ փոնկի եւ ճատրակի մրցաշարքերուն կազմակերպման, անոնց մէջ արդէն իսկ ունինք առաւելագոյն փորձառութիւնը:
«Ա.».- Աթլեթիզմի մրցումները բարելաւելէ բացի, յառաջիկայ տարեշրջանին այլ աշխատանքներ եւս ունի՞ք կատարելիք:
Ա. Ա.- Բնականաբար, աշխատանքները կ՛ըլլան անպակաս եւ որքան ալ անոնց մէջ խորանանք, միշտ նորութիւններ եւ փոփոխութիւններ կրնան աւելնալ:
Յառաջիկայ տարեշրջանին մտադիր ենք պասքեթպոլի մրցումներ կատարել նաեւ փոքրերու դասակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել հեծելարշաւի մրցում մըն ալ` գործակցաբար Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին: Արդէն իսկ այժմէն կապ հաստատած ենք ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի հետ, որ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օժանդակելու ԼԵՎԱՄ-ին:
Որոշած ենք նաեւ նոր տարեշրջանը սկսիլ նոյեմբերի վերջը, որպէսզի մրցումները հեզասահ ձեւով ընթանան եւ չխճողուի մեր յայտագիրը:
Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք իւրաքանչիւր տարի նորութիւն մը մտցնելու մեր յայտագիրին մէջ` փորձելով գոհ ձգել բոլոր վարժարանները:
«Ա.».- Կիրակի օր, փակման հանդիսութեան ընթացքին, ի՞նչ ձեւով տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
Հ. Տ.- Հոս կու գամ աւելցնելու, որ նախորդ տարիներուն նման, մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պարգեւատրուողներուն կարգին պիտի ըլլան լաւագոյն մարզիչի, լաւագոյն մարզիկի, եւ այլ տիտղոսներուն տիրացողները: Անոնց անունները պիտի յայտարարուին այդ օրը, բոլորին ներկայութեան: Հետեւաբար, բոլորն ալ պարտին կիրակի օր հոն ներկայ գտնուելով այդ մրցանակաբաշխութեան ականատես ըլլալ:
Բացի ատկէ, յատուկ վկայագիրներ պիտի ստանան բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն:
Կը յուսանք, որ փառաւոր հանդիսութեամբ մը կը փակենք այս տարեշրջանը` միշտ փորձելով ըլլալ վերելքի մէջ:
«Ա.».- ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը հովանաւորող ընկերութիւններ կամ անհատներ գոյութիւն ունի՞ն արդեօք, մանաւանդ նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ անիկա որեւէ եկամուտ չունի:
Հ. Տ.- Վերջին երկու տարիներուն, ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի խումբին տարազաւորումը կը կատարէ Ժան Մալաք:
«Ժիրօ» ընկերութիւնը կը տրամադրէ մետալները, իսկ Երուանդ Պալեան` բաժակները: Անոնք ասիկա կը կատարեն չորս տարիէ ի վեր:
Հայկազեան համալսարանը եւ Կի Մանուկեան ԼԵՎԱՄ-ին կ՛օժանդակեն նիւթապէս, առաջինը` չորս տարիէ ի վեր, իսկ երկրորդը` առաջին տարին ըլլալով:
Անոնց շնորհակալութիւն յայտնելէ բացի, մեր մաղթանքն ու փափաքն է, որ հովանաւորող ընկերութիւններուն թիւը աւելնայ, որպէսզի մեր առաքելութիւնը շատ աւելի պտղաբեր ըլլայ:
«Ա.».- Աւելցնելիք ունի՞ք…
Հ. Տ.- Շնորհակալութիւն «Ազդակ»ին` այս հարցազրոյցին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեան այլ խօսք մը` ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները կատարելու համար դաշտերը մեր տրամադրութեան տակ դրած պատասխանատու անձերուն:
Բոլորիս ալ փափաքն է, որ կիրակի օր մասնակցող բոլոր վարժարանները, աշակերտները, ծնողները, պատասխանատուները եւ բոլոր հրաւիրեալները, անխտիր ներկայ ըլլան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ միասնաբար փակեն այս տարեշրջանը` ապագային նայելով նոր հեռանկարներով:
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ`
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ