ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
10-11 մայիսին Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ միջազգային խորհրդաժողով մը` «Մարմնակրթութիւն եւ խաղաղութիւն» նիւթով, կազմակերպութեամբ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ ՄԱԿ-ին:
Երկու օրերու վրայ երկարած սոյն խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկը, որ շեշտը դրաւ մարմնակրթութեան դերին վրայ` խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր, եւ կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներուն յարգելու հին Յունաստանի մէջ կիրարկուած այն սովորութիւնը, ըստ որուն, ողիմպիական խաղերուն ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ստորագրուի երկիրներուն միջեւ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հունգարիոյ նախագահ Փալ Շմեթ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ է եւ նախկին աթլեթ: Ապա խօսք առաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի խորհրդական Ուիլֆրիտ Լեմքէ, որ շնորհաւորեց բոլոր երկիրները սոյն խորհրդաժողովին կայացման համար:
Նշենք, որ այս խորհրդաժողովին Լիբանանի ներկայացուցիչն էր Վաչէ Ծատուրեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն: Ան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ յատկապէս զրոյցներուն ընթացքին:
Խորհրդաժողովին երկրորդ օրը խօսք առաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, որ յոյս յայտնեց, որ խաղաղութիւն տիրէ արաբական աշխարհին մէջ, սերտ գործակցութիւնը զարգանայ ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին միջեւ եւ մարմնակրթութիւնը միջոց ըլլայ` ՄԱԿ-ի հազարամեակի մարտահրաւէրներուն իրականացման:
Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ մարզանքը միջազգային լեզու մըն է, որուն ճամբով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան արժէքներուն:
Նշենք, որ սոյն խորհրդաժողովին խօսք առին նաեւ իշխանուհի Այա Հիւսէյն, իշխան Ֆայսալ Հիւսէյն, Անգլիոյ մարմնակրթութեան նախարար Հիւկ Ռոպերթսըն, ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պոմըն, Մարիօ Փեսքոնթէ, Լամին Տիաք եւ բազմաթիւ այլ ականաւոր դէմքեր եւ ակադեմականներ:
Խորհրդաժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ 10 կէտերէ բաղկացած բանաձեւ մը: