ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ` ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ ՈՒ ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծնողներուն դերը` զաւակներուն անհատականութիւնը զօրացնելու եւ թմրամոլութիւնը կանխարգիլելու» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակի քարոզչական յանձնախումբի կամաւոր անդամ եւ աշակերտի խորհրդական Մանուկ Իպիթեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ներկայացնելէ ետք օրուան նիւթը եւ դասախօսը, ան նշեց ծնողներուն դերը զաւակներու դաստիարակութեան մէջ, ու լաւապէս հասկնալով զանոնք, մղել զիրենք տարբեր զբաղումներու, ծառայութիւններու, որոնք կը զարգացնեն մանուկին, պատանիին մօտ անհատականութիւնը:
Մանուկ Իպիթեան իր դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով ընտանիք հասկացողութիւնը եւ լուսարձակի տակ առնելով ընտանիքը` իբրեւ այն միջավայրը, ուր մանուկը, պատանին կ՛ունենան այն ապահովութիւնը, որ անհրաժեշտ է անհատականութեան կազմաւորման համար: Այս տուեալը պիտի օգնէ ապագայ երիտասարդին` իբրեւ պաշտպանութիւն արտաքին տարբեր ազդեցութիւններէ:
Իպիթեան յաջորդ բաժինով թուեց այն տարբեր ազդակները, որոնցմով կը յատկանշուի առողջ ընտանիքը` հեռու պահելով զաւակները տարբեր մոլութիւններէ:
ա.- Նեցուկ կանգնիլ:
բ.- Արժէքներ ունենալ ու պահպանել զանոնք:
գ.- Ընտանիքը` իբրեւ առողջ վարմունքներու նախատիպ:
դ.- Հոգեւոր դաստիարակութիւն:
ե.- Պահել մշակոյթ եւ սովորութիւններ:
զ.- Նորութիւններ սորվելու պատրաստակամութիւն:
է.- Անհատական եւ խմբային ինքնութիւն:
ը.- Ճաշ, ապաստարան, հագուստ, եւ ֆիզիքական պէտքեր:
թ.- Ընտանիքը` իբրեւ ապահով վայր:
ժ.- Հանգստավայր:
Ի՞նչ են հիմնական ազդակները, որոնք կը մղեն պատանիները թմրամոլութեան:
Ա.- Միջավայր եւ ընկերութիւն
1.- Անկազմակերպ ընկերութիւն – Ընկերութիւն մը, որ անկազմակերպ է. օրինակ, եթէ լիբանանեան ընկերութիւնը նկատի ունենանք:2.- Մետիայի ազդեցութիւնը, տարբեր տեսակի ժամանակակից երաժշտութիւն, որ կ՛ընդգրկէ թմրամոլութեան առաջնորդող պարագաներ:
Տարբեր թերթեր, ամսաթերթեր, որոնք անուղղակիօրէն կը քաջալերեն մոլութիւնները եւ յատկապէս թմրամոլութիւնը:
3.- Երբ տարբեր ձեւի թմրեցուցիչներ մատչելի ու դիւրահաս են, եւ կարելի է աճեցնել տուներու մէջ:
4.- Մանուկներու չարաշահում – Յաճախ մանուկներու շարժուն ու ոչ հանդարտ երեւոյթը ծնողները կ՛անհանգստացնէ, եւ տարբեր միջոցներու դիմելով կը փորձեն դադրեցնել: Ասիկա իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ ապագայ երիտասարդին վրայ` այս բոլորը դրսեւորելու տարբեր ձեւերով ու վիճակներով:
Հետեւաբար, շարունակական երկխօսութիւնը ծնողներու ու մանուկներու, պատանիներու միջեւ անհրաժեշտ է անմիջապէս լուծելու հարցերը, եւ պատրաստելու ապագայ երիտասարդը:
5.- Հարցերով լեցուն ընտանիք – Երբ ընտանիք մը լեցուն կ՛ըլլայ հարցերով, մանուկը եւ պատանին յաճախ լքուած ու մոռցուած կ՛ըլլան: Այր ու կնոջ միջեւ անհասկացողութիւնները կ՛ազդեն մանուկի կազմաւորման, պատանի եւ երիտասարդ տարիքի ընտրութիւններուն վրայ, երբ մանուկը լքուած ու մեկուսացած կ՛ըլլայ:
6.- Հսկողութեան պակաս – Յաճախ ծնողներ բազմազբաղութեան պատճառով նուազ հսկելով ու հետեւելով իրենց զաւակներուն, եւ իբրեւ զբաղում առաջնորդելով զանոնք «էնթըրնեթ քաֆէ»ի խանութներ, կը ստեղծեն յարմարագոյն պայմանները պատանիին համար մօտէն հանդիպելու եւ փորձելու թմրեցուցիչներ, բարոյական տարբեր շեղումներ:
7.- Ընկերներու ճնշում – Պատանիին մօտ կը զարգանայ այն հակումը` նմանելու իր ընկերներուն, փորձել կապկելու զանոնք, իրենց լաւ ու յոռի երեւոյթները, ներառեալ թմրամոլութիւնը: Յաճախ այս համոզումը կը զարգանայ` պարզապէս իրենք զիրենք ընդունուած զգալու ընկերութեան կողմէ:
8.- Ընկերային ըմբոստութիւն – Ըմբոստութիւնը պատանի շրջանին յաճախ պատահող երեւոյթ է, պէտք է մօտենալ պատանիին, յատկապէս այս հանգրուանին երկխօսութեամբ օգտակար դառնալ` լուծելու համար տարբեր հարցեր:
9.- Ուսումնական ձախողութիւն – Դպրոցական յաճախակի ձախողութիւններ եւ դպրոցէն դուրս մնալը, եւ կանուխ տարիքէն աշխատանքի սկսիլը ազդակներ են, որոնց ծիրին մէջ պատանին կը հանդիպի տարբեր ուղղութիւններու, ազդակներու եւ երեւոյթներու, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պիտի ունենան իրենց ժխտական անդրադարձը:
Բ.- Հոգեբանական ազդակներ
1.- Ինքնավստահութեան պակաս – Ծնողներու պարտականութիւնն է զարգացնել ինքնավստահութիւնը մանուկին եւ պատանիին մօտ:
2.- Առանձնութիւն – Իբրեւ հոգեբանական ազդակ, յաճախ դուռ կը բանայ պատանիին դիմելու այլ միջոցներու, որոնց կարգին` թմրամոլութեան, լեցնելու այդ պակասը:
3.- Ընկճուածութիւն:
4.- Անձկութիւն:
5.- Ճնշումներու անբաւարար տնօրինում:
6.- Անձնաւորութիւն:
7.- Հետաքրքրութիւն եւ փորձ:
Գ.- Կենսաբանական ազդակներ
1.- Սերնդաբանական եւ ժառանգական:
2.- Կենսաքիմիական անդրադարձ:
Աւարտին օրուան դասախօս Մանուկ Իպիթեան յիշեցուց «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակի հեռաձայնի թիւը` 01-242434, եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` գործնական օրինակներով եւ դաստիարակչական տարբեր ուղղութիւններ ներկայացնելով: