Յասմիկ Շահինեանի «Նշանս» Գիրքի Գինեձօն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 8 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նշանս» մանկական գիրքին գինեձօն: Գիրքին հեղինակն է Յասմիկ Շահինեան, իսկ նկարազարդումը կատարողը Ալիք Արզումանեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Աղաւնի Առաքելեան, որ ներկայացնելով գիրքը նշեց, թէ առաջին անգամն է, որ գինեձօն կը կազմակերպուի մանկական գրականութեան ծիրին մէջ: Ան անդրադարձաւ մանկական գիրքերուն կարեւորութեան եւ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը աշակերտներուն միտքի զարգացման վրայ: Ան նշեց, որ գիրքին չափը, ձեւը, որակը, տառատեսակը, հասկնալի նախադասութիւնները եւ բարձրորակ տպագրութիւնը առաջին իսկ վայրկեանէն կը գրաւեն փոքրիկ ընթերցողն ու ունկնդիրը:

Ա. Առաքելեան դիտել տուաւ, որ ծնողները պարտաւոր են իրենց զաւակներուն ընթերցել նման գիրքեր եւ ընթերցանութիւնը սիրցնել զաւակներուն անոնց մանուկ տարիքին:

Իր աշակերտներուն հետ ունեցած փորձառութիւնը փոխանցելով ներկաներուն` ան գիրքը որակեց հաճելի, հետաքրքրական եւ շինիչ, մանաւանդ եթէ գրական-գեղարուեստական բոլոր պահանջները կը լրացնէ:

Ապա Նորա Թաշճեան կատարեց գիրքին վերլուծումը` նշելով, որ գիրքը կը յատկանշուի բծախնդրութեամբ, անկեղծութեամբ ու երեւակայութեամբ: Ան ունի մատչելի ու պարզ լեզու, պատկերաւոր ոճ ու մանուկներու ներաշխարհը հարստացնող, հարցասիրութիւնը գրգռող ու հնարամտութիւնը խթանող բովանդակութիւն մը:

Այս բոլորը ամբողջացնող ու լրացնող մասը կը պարտի Ալիք Արզումանեանի պատկերազարդումին, նշեց ան:

Ն. Թաշճեան յայտնեց, որ մանկական գրադարանը հարստացնող «Նշանս» գիրքով Յասմիկ Շահինեան կը յաջողի բացայայտել, թէ պատանիի մը ֆիզիքական թերութիւնը որքանով կ՛ազդէ անոր ինքնարժեւորման վրայ, որքան կարեւոր է անկէ ձերբազատիլը` ներքին խաղաղութիւն մը հաստատելու ու ազատօրէն յարաբերելու շրջապատին հետ:

Նորա Թաշճեանի խօսքէն ետք Սիլվա Քիւրքճեան կատարեց գիրքէն ընթերցում` մանկական հարազատ ոճով:

Ապա գիրքին հեղինակը` Յասմիկ Շահինեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Շնորհակալութիւն յայտնելով առաջին հերթին Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութեան համար` ան անդրադարձաւ գիրքի զարգացման հանգրուաններուն, թէ ինչպէս միտքը վերածուեցաւ երեւակայութեան թռիչքի եւ մանկական յուզմունք մը վերածուեցաւ պատմութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիք Արզումանեանին` իր պատկերացումները ճիշդ նկարելու եւ ներկայացնելուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին եղան եւ քաջալերեցին զինք այս գործին համար: Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց «Շիրակ» հրատարակչատան, որ կրցաւ շատ դիւրաւ ընկալել եւ իր գործը դիւրացնել բարձրորակ տպագրութիւն ապահովելով իր գիրքին:

Հեղինակին խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Թորոս Թորանեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց նոր սերունդին վստահելու հրամայականը` նշելով որ այս գիրքը իր հեղինակով, նկարիչով, հրատարակիչով բոլորը նոր սերունդի յուսալի ներկայացուցիչներ են: Ան աւելցուց` ըսելով, որ պէտք չէ վախնանք նոր սերունդէն, այլ պէտք է վստահինք անոնց: «Այս նոր սերունդն էր, որ ողողեց հրապարակները հազարներով Ապրիլեան յիշատակումի քայլարշաւին…»:

Խօսք առաւ նաեւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ ըսաւ, թէ հակառակ մանկական գրականութեան հանդէպ իմ նրբաճաշակութեան, այս գիրքին մէջ կը գտնեմ բանաստեղծական ոճ եւ այժմէականութիւն:

Ապա տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօն` ձեռամբ հեղինակ Յասմիկ Շահինեանի, Թորոս Թորանեանի եւ Սարգիս Կիրակոսեանի:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES