Ռուսիա Սուրիական Կողմը Տեղեակ Կը Պահէ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութեան Մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատի հետ եւ զինք տեղեակ պահեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` Սուրիոյ հարցին շուրջ քննարկումներու արդիւնքէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց, որ սուրիական կողմը տեղեակ պահուած է ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան պարունակութեան մասին, որ կը վերաբերի 30 յունիս 2012-ին հրապարակուած Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպման:

Եւրոպական Միութիւնը «մեծ ուրախութիւն» յայտնեց սուրիական հարցին շուրջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան նկատմամբ: ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմի, իր կարգին, Սուրիոյ տագնապին շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը շատ կարեւոր նկատեց:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Յորդանանէն եւ Սուրիայէն Իրան վերադառնալէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ ապագային նկատմամբ մեծ յոյս ունի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ բոլոր հարցերը մօտիկ ապագային վերջ պիտի գտնեն»: Ան նշեց, որ` «յորդանանցիներուն հետ համաձայնութեան կէտերը աւելի էին, քան տարակարծութեանց կէտերը» եւ սուրիական «իսկական» ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` «ծայրայեղականներէն հեռանալու եւ բանակցելու վարչակարգին հետ, որ պատրաստ է բանակցելու»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի «Փրես Թի.Վի.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ քանի մը արաբական երկիրներ նախապէս տեղեակ եղած են Սուրիոյ օդային հարուած հասցնելու Իսրայէլի մտադրութենէն: «Մենք հաւաստի տեղեկութիւն ունինք, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ արաբական շարք մը երկիրներ նախապէս տեղեկացած են միջադէպերու մասին, որոնց ընթացքին Սուրիոյ շարք մը շրջաններ ռմբակոծումի ենթարկուեցան», ըսած է ան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մուհամետ Մուրսի Իրանի ուղղած է պատգամ մը, որուն մէջ կը հաստատէ, որ առանց Թեհրանի մասնակցութեան կարելի չէ սուրիական տագնապի եւ շրջանային հարցերու լուծում գտնել:

«Ալմայատին» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սալեհիի հետ Դամասկոսի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ մօտիկ ապագային Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի դէմ դիմադրութեան ճակատ պիտի դառնան` նշելով, որ «Իսրայէլի յարձակումը բացայայտեց այդ երկրի, Արեւմուտքի եւ տարածաշրջանի շարք մը այլ պետութիւններու ներգրաւուածութիւնը Սուրիոյ պատերազմին մէջ: Ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պայքարին ընթացքին բազմաթիւ յաղթանակներ տարած սուրիացի ժողովուրդը կրնայ դիմակայել հրէական արկածախնդրութիւնները, որոնց պատճառով Սուրիան ամէն օր կ՛ենթարկուի ահաբեկչութիւններու»:

Մինչ այդ, Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատ-գլխաւոր հրամանատարութիւն խմբաւորման բանբեր Անուար Ռաժա յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պաղեստինեան խմբաւորումները սուրիական իշխանութիւններէն «կանաչ լոյս» ստացած են` Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններու սկսելու համար: Ըստ անոր, իրենք մօտիկ ապագային գործողութիւններու պիտի դիմեն:

Նշենք, որ Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու 4 անդամներու սուրիական ընդդիմադիր «Եարմուքի նահատակներ» ջոկատի կողմէ առեւանգումէն ետք, ՄԱԿ երէկ յայտարարեց, որ որոշած է Ժումլա գիւղին մօտ գտնուող իր դիրքէն հեռանալ:

 

Share this Article
CATEGORIES