Հրեայ Բնակեցուածներ Ներխուժեցին Երուսաղէմի Հին Քաղաքը
Երէկ կէսօրէ ետք աւելի քան 60 հազար հրեայ բնակեցուածներ ներխուժեցին Երուսաղէմի Հին քաղաքը, երբ պաղեստինցիներ փորձեցին նստացոյցով արգելք հանդիսանալ անոնց, իսրայէլեան ապահովական ուժերը բռնի ուժ կիրարկեցին չխնայելով նոյնիսկ լրագրողները եւ բազմաթիւ պաղեստինցիներ ձերբակալեցին:
Հրեայ բնակեցուածները իսրայէլեան ոստիկանութեան պաշտպանութեան տակ կը շարունակէին շրջիլ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ. (մինչեւ թերթիս տպարան յանձնուիլը):
CATEGORIES Միջազգային

